Ժահրը մեզմէ խլեց Պատրիկ Տեւեճիեանը

Երբ ամբողջ աշխարհի վրայ կը շա­­րու­­նա­­­կուի Քո­­րոնա ժահ­­րի պատ­­ճա­­­ռած մա­­հուան սար­­սա­­­փը, հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­յու­­թիւնն ալ այս շա­­բաթո­­ւայ ըն­­թացքին ու­­նե­­­ցաւ ծանր կո­­րուստ մը, յան­­ձին ֆրան­­սա­­­հայ իրա­­ւաբան Պատ­­րիկ Տե­­ւեճիեանի։ Տե­­ւեճիեան եւս վա­­րակուած էր ժահ­­րէն եւ կար­­ճա­­­տեւ բուժման շրջա­­նի մը աւար­­տին մա­­հացաւ Փա­­րիզի հի­­ւան­­դա­­­նոց­­նե­­­րէն մէ­­կուն մէջ։

Տե­­ւեճիեանի կո­­րուստի առ­­թիւ Հա­­յաս­­տա­­­նի աւա­­գանին ցա­­ւակ­­ցա­­­կան գրու­­թիւննե­­րով բաժ­­նեց սու­­գը հայ ժո­­ղովուրդի ար­­դա­­­րու­­թեան մար­­տիկ Տե­­ւեճիեանի ըն­­տա­­­նիքին։ Լու­­րը ար­­ձա­­­գանգ գտաւ նաեւ թրքա­­կան կարգ մը թեր­­թե­­­րուն մէջ, որոնք իրենց կար­­գին եւս ցա­­ւակ­­ցութիւն յայտնե­­ցին այս ան­­գամ «ԱՍԱ­­ԼԱ»ի ոճիր­­նե­­­րու հե­­տեւան­­քով մա­­հացած թուրք դի­­ւանա­­գէտ­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն։

Պատ­­րիկ Տե­­ւեճիեան ճար­­տար իրա­­ւաբա­­նի կո­­չու­­մի կող­­քին ու­­նե­­­ցաւ քա­­ղաքա­­կան կա­­րեւոր ներդրում ֆրան­­սա­­­յի ըն­­կե­­­րային կեան­­քի մէջ։ Այս իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ ֆրան­­սա­­­ցիներ եւս կը սգան Պատ­­րիկ Տե­­ւեճիեանի մա­­հը։

Հայ ժո­­ղովուրդի ար­­դա­­­րու­­թեան հա­­մար մղած պայ­­քա­­­րի ան­­խոնջ ռազ­­մի­­­կի կո­­րոս­­տը որ­­քան ալ ծանր ըլ­­լայ, նոյնքան պայ­­ծառ է իր թո­­ղած յի­­շատակը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ