Քաւալա եւ Տեմիրթաշ կը մնան ճաղերու ետեւ

Ինչպէս զանազան եր­­կիրներ, Թուրքիոյ մէջ ալ «Քո­­վիտ 19»ի հա­­մաճա­­րակը լուրջ մտա­­հոգու­­թիւն յա­­ռաջա­­ցու­­ցած է բան­­տարկեալ­­նե­­­րուն հա­­մար։ Գաղտնիք չէ, որ բան­­տի պայ­­մաննե­­րու մէջ բա­­ւակա­­նին խնդրա­­յարոյց է անհրա­­ժեշտ մաք­­րութեան մի­­ջոց­­նե­­­րու տի­­րանալ։ Այս ալ կա­­րեւոր սպառ­­նա­­­լիք մը ըլ­­լա­­­լով կը ներ­­կա­­­յանայ, որուն հե­­տեւանքնե­­րը կան­­խե­­­լու հա­­մար գլխա­­ւորու­­թեամբ Իրա­­նի, կարգ մը եր­­կիրներ որո­­շած են ժա­­մանա­­կաւոր կեր­­պով տուն ղրկել բան­­տարկեալ­­նե­­­րը։

Թուրքիոյ մէջ ար­­դէն մի­­ջոցէ մը ի վեր կը խօ­­սուէր ընդհա­­նուր նե­­րու­­մի հա­­մազօր կա­­նոնադ­­րութեան մը մա­­սին, որուն շնոր­­հիւ ըստ այդ նա­­խագ­­ծի հե­­ղինակ Տեւ­­լեթ Պահ­­չե­­­լիի, ազատ պի­­տի ար­­ձա­­­կուին մեծ թի­­ւով յան­­ցա­­­գործներ։

Միւս կող­­մէ այս անհրա­­ժեշ­­տութիւն մըն է նաեւ, քա­­նի որ Թուրքիոյ բան­­տե­­­րու ծան­­րա­­­բեռ­­նո­­­ւածու­­թիւնը հա­­սած է անըն­­դունե­­լի հա­­մեմա­­տու­­թեան։

Մար­­դու իրա­­ւունքի պաշտպան­­ներ այդ հա­­մեմա­­տու­­թիւնը կը նշեն %125։

Ար­­դա­­­րեւ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը եւ անոր ան­­մի­­­ջական գոր­­ծա­­­կից Ազ­­գա­­­յին Շար­­ժում Կու­­սակցու­­թիւնը միաս­­նա­­­բար պատ­­րաստած են օրէն­­քի նա­­խագիծ մը եւ փո­­խան­­ցած Խորհրդա­­րան։ Այս նա­­խագ­­ծի ամե­­նավի­­ճելի երե­­ւոյ­­թը այն է, թէ քաղ­­բանտար­­կեալ­­ներ առ­­հա­­­սարակ զերծ կը պա­­հուին այս կար­­գադրու­­թե­­­նէն։

Թուրքիոյ Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թեան տակ հնա­­րած կա­­րեւոր անար­­դա­­­րու­­թիւննե­­րէն մէկն ալ այն է, որ իշ­­խա­­­նու­­թիւնը քննա­­դատող ամէն կար­­ծիք կ՚ըն­­դունո­­ւի որ­­պէս ահա­­բեկ­­չութիւն կամ ահա­­բեկ­­չութեան հետ առնչո­­ւած յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւն։

Դա­­տարան­­նե­­­րը դիւ­­րաւ կը շե­­ղեն կա­­տարո­­ւած մե­­ղադ­­րանքը եւ կը վե­­րածեն ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան քա­­րոզ­­չութեան։ Այդ մե­­ղադ­­րանքը հնչե­­ցու­­ցած պա­­հուն պար­­զե­­­լու կա­­րիքը իսկ չէր զգար, թէ նիւ­­թը ո՞ր ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան հետ կապ ու­­նի։ Նոյ­­նիսկ եթէ նման բա­­ցատ­­րութեան անհրա­­ժեշ­­տութիւն գո­­յանայ, առանց վա­­րանու­­մի իրա­­րու կը կա­­պեն գա­­ղափա­­րական առու­­մով եր­­բեք մի­­մեանց հետ կապ չու­­նե­­­ցող զա­­նազան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի կողմ ձայ­­նե­­­րը բա­­ւարար պի­­տի ըլ­­լան եւ այս բա­­նաձե­­ւը պի­­տի վա­­ւերա­­ցուի նաեւ Խորհրդա­­րանի կող­­մէ։ Միւս կող­­մէն ընդդի­­մու­­թիւնը կը պա­­հան­­ջէ, թէ եթէ ոչ պա­­տիժ ստա­­ցած­­նե­­­րը, ազատ ար­­ձա­­­կուին գո­­նէ ձեր­­բա­­­կալեալ­­նե­­­րը։

Վեր­­ջա­­­պէս Թուրքիոյ օրէնսգիրքն ալ կ՚ընդգծէ թէ ձեր­­բա­­­կալու­­թիւնը ար­­տա­­­կարգ մի­­ջոց մըն է, որուն կա­­րելի է դի­­մել, երբ մե­­ղադ­­րեալի փախ­­չե­­­լու հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը կայ։

Սա­­կայն Էր­­տո­­­ղանի կա­­ռավա­­րու­­թիւնը եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր կ՚ան­­տե­­­սէ այս իրա­­ւաբա­­նական սկզբունքը եւ ձեր­­բա­­­կալու­­թիւննե­­րը կը գոր­­ծադրէ իբ­­րեւ պատ­­ժա­­­միջոց։

Այս պայ­­մաննե­­րու տակ ան­­մի­­­ջապէս յի­­շուած անուններ են Սե­­լահատ­­տին Տե­­միր­­թաշ, Ֆի­­կեն Եիւքսեք­­տաղ, Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի նման բան­­տարկեալ­­ներ, որոնց դա­­տավա­­րու­­թիւնը ցարդ կը շա­­րու­­նա­­­կուի բան­­տարկու­­թեան ծանր պայ­­մաննե­­րու տակ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ