Գործը հասաւ զօրակցութեան կոչի

Քորոնա ժահ­­րը որ բա­­ւական յա­­պաւու­­մով եկած էր Թուրքիա, այժմ արա­­գօրէն կը ծա­­ւալի ամ­­բողջ երկրի տա­­րած­­քին։ Առող­­ջա­­­պահու­­թեան նա­­խարա­­րը ամէն օր յա­­ճախ ալ «թո­­ւիթ­­րեան» հա­­շիւը օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով կը յայ­­տա­­­րարէ վա­­րակուած­­նե­­­րու եւ մա­­հացած­­նե­­­րու թի­­ւը։ Այդ տո­­ւեալ­­նե­­­րը կ՚ապա­­ցու­­ցեն, թէ վա­­րակո­­ւած­­նե­­­րու թի­­ւը կ՚աճի երկրա­­չափա­­կան հա­­մեմա­­տու­­թիւնով։ Հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ ընդհա­­նուր հա­­մոզում կը տի­­րէ, թէ այս տո­­ւեալ­­նե­­­րը բա­­ւակա­­նին կրճա­­տուած կամ զեղ­­չո­­­ւած են։ Ար­­դա­­­րեւ Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառն ալ 30 Մարտ թո­ւակա­­նէն սկսեալ տո­­ւեալ­­ներ կը հա­­ղոր­­դէ, որոնց մէջ ի տար­­բե­­­րու­­թիւն Նա­­խարա­­րու­­թեան փո­­խան­­ցած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րէ, կը նշո­­ւի նաեւ վա­­րակուած­­նե­­­րու գտնուած քա­­ղաք­­նե­­­րը։ Այս առու­­մով առա­­ջին գծի վրայ կը գտնո­­ւի Իս­­թանպուլ։ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան 30 Մար­­տի երե­­կոյեան ժո­­ղովուրդին կոչ ըրաւ զօ­­րակ­­ցութեան ար­­շա­­­ւի մը հա­­մար։ Ան որ­­պէս ար­­շա­­­ւի մեկ­­նա­­­կէտ յատ­­կա­­­ցու­­ցած է իր եօթը ամ­­սո­­­ւայ նա­­խագա­­հի ամ­­սա­­­կանը։ Յա­­ւելեալ Նա­­խարա­­րաց Խոր­­հուրդի ան­­դամնե­­րու նման բնոյ­­թի մաս­­նակցու­­թեամբ այդ նպաս­­տը կազ­­մած է 5 մի­­լիոն ԹԼ.։

Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանն ալ յայ­­տա­­­րարեց, թէ Պատ­­րիարք Սրբա­­զանը եւս նո­­ւիրած է իր հինգ ամիս­­նե­­­րու ամ­­սա­­­կանը, որուն միացած են նաեւ հո­­գեւորակա­­նաց դա­­սը եւ գո­­յացած է 100 հա­­զար ԹԼ.-ի նպաստ մը։

Սա­­կայն երկրին ըն­­կե­­­րաքա­­ղաքա­­կան պա­­ռակ­­տումը հոս եւս զգա­­լի է, քա­­նի որ նոյն ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծին ան­­ջա­­­տաբար նման ար­­շաւնե­­րու կոչ ըրած են Իս­­թանպու­­լի Քա­­ղաքա­­պետ Էք­­րեմ Իմա­­մօղ­­լու եւ Ան­­գա­­­րայի Քա­­ղաքա­­պետ Ման­­սուր Եաւաշ։

Միւս կող­­մէ այս յայ­­տա­­­րարու­­թեան ան­­մի­­­ջապէս յա­­ջորդ օր Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Սիւ­­լէյման Սոյ­­լու ընդհա­­տած է այդ ար­­շաւնե­­րը՝ պատ­­րո­­­ւակե­­լով թէ առանց իր ար­­տօ­­­նու­­թեան քա­­ղաքա­­պետ­­նե­­­րը իրա­­ւունք չու­­նին նման ար­­շաւ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու։

Սա ու­­շագրաւ երե­­ւոյթ է, քա­­նի որ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան ընդմիշտ կը յայ­­տա­­­րարէ, թէ երկրի տնտե­­սու­­թիւնը պատ­­րաստ է դի­­մագ­­րա­­­ւելու «Փան­­տե­­­մի»ի պա­­հան­­ջած բո­­լոր ծախ­­սե­­­րը։

Մաս­­նա­­­գէտ­­ներ կը զգու­­շացնեն ըսե­­լով, թէ յա­­ռաջի­­կայ շա­­բաթը շատ աւե­­լի սուր զար­­գա­­­ցումնե­­րու ատակ է եւ հա­­ւանա­­բար երկրի հի­­ւան­­դա­­­նոց­­նե­­­րու տա­­րողու­­թիւնը ան­­բա­­­ւարար մնայ նոր դի­­մումնե­­րու դի­­մաց։ Այս ծի­­րէն ներս Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի «Աս­­տարճեան» եւ «Թո­­քաթ» յար­­կա­­­բաժին­­նե­­­րը բժիշկ Մաք­­սուտ Ահ­­բա­­­պի հսկո­­ղու­­թեան տակ տրա­­մադ­­րո­­­ւած է «Փան­­տե­­­մի»էն վա­­րակո­­ւած հի­­ւանդնե­­րու։

Այդ բաժ­­նի հա­­մար նախ յայ­­տա­­­րարուած էր 40 ան­­կո­­­ղին­­ներ, որոնք աւե­­լի վերջ բարձրա­­ցուե­­ցան 60-ի։ Նշենք որ մեր հա­­մայնքէն ալ աւե­­լի քան 14 հի­­ւանդներ վա­­րակո­­ւած են ժահ­­րէն եւ կը դար­­մա­­­նուին զա­­նազան հի­­ւան­­դա­­­նոց­­նե­­­րու մէջ։

Պատ­­րիար­­քա­­­րանը նա­­խորդ շա­­բաթա­­վեր­­ջին աղօթ­­քի շղթայ մը յայ­­տա­­­րարեց իրենց հա­­մար եւ կոչ ուղղեց հա­­սարա­­կու­­թեան, որ­­պէսզի իրենց թա­­ղի եկե­­ղեցի­­ներուն մի­­ջոցաւ տե­­ղեկաց­­նեն հի­­ւանդնե­­րու անուննե­­րը, որ­­պէսզի անոնք մի առ մի նշո­­ւին աղօթ­­քի շղթա­­յի ըն­­թացքին։

Յայտնի է, որ «Փան­­տե­­­մի»ն յա­­ռաջի­­կայ օրե­­րուն եւս օրա­­կար­­գի գլխա­­ւոր նիւ­­թը պի­­տի մնայ, թէ երկրիս եւ թէ աշ­­խարհի վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ