Վախը երկրորդ ալիքի մասին է

Համավա­րակը, երբ կը շա­րու­նա­կէ աճիլ ու տա­րածո­ւիլ յատ­կա­պէս հիւ­սի­սային եւ հա­րաւա­յին Ամե­րիկա, Եւ­րո­պա եւ Թուրքիոյ մէջ սկսած է հանգման եղա­նակին մտնել։ Ար­դա­րեւ օրըս­տօ­րէ կը նո­ւազին վա­րակ­ման եւ մա­հուան թի­ւերը։ Ան­շուշտ որ այնտեղ կա­րեւոր դե­րակա­տարում ու­նե­ցաւ մե­կու­սացման կան­խա­միջո­ցը։ Եթէ մէկ կող­մէ 11 Մա­յիսէն սկսեալ կը փոր­ձո­ւի կան­խա­միջոց­նե­րու թու­լա­ցում, միւս կող­մէ կը շա­րու­նա­կուին փո­ղոց ել­լե­լու սահ­մա­նափա­կումնե­րը։ Կա­ռավա­րու­թիւնը նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին հռչա­կած փո­ղոց ել­լե­լու քա­ռօրեայ ար­գելքը պի­տի կի­րար­կէ նաեւ յա­ռաջի­կայ շա­բաթա­վեր­ջին, ուր նաեւ պի­տի ապ­րո­ւին «պայ­րամ»ի տօ­նական օրե­րը։

Յայտնի դար­ձած է թէ Թուրքիոյ մէջ դպրոց­նե­րը փակ պի­տի մնան մին­չեւ ուսման տա­րուայ աւար­տը։

Ներ­կայ պա­հուն հա­սարա­կու­թեան մտա­հոգու­թիւնը ուղղո­ւած է կեան­քի բնա­կանո­նաց­ման հետ հա­մավա­րակի նոր ալի­քի մը բռնկման հա­ւանա­կանու­թեան շուրջ։ Մաս­նա­գէտ­ներ այս մա­սին կը զգու­շացնեն նոյ­նիսկ ար­գելքնե­րու թու­լացման հանգրո­ւանին չխու­սա­փիլ դի­մակ կրե­լէ եւ զգոյշ մնալ ֆի­զիկա­կան հե­ռաւո­րու­թիւնը պա­հելու խնդրին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ