Նոր ալեկոծումներ Էսաեանի շուրջ

Էսաեան վար­ժա­րանի եր­կու տնօ­րէն­նե­րու պաշ­տօ­նան­կութեան որո­շու­մը կը շա­րու­նա­կէ քննա­դատո­ւիլ զա­նազան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ. Այսպէս Լոս Ան­ճէ­լըսի Պոլ­սա­հայ միու­թիւնը եւ Էսաեան յանձնա­խումբն ալ Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քին ու­ղեալ բաց նա­մակով մը յայտնեց իր ընդվզու­մը, կա­տարուած կա­մայա­կան այս որո­շու­մին դի­մաց։ Նաեւ նշենք որ խնդի­րը հետզհե­տէ նոր ծալ­քեր ալ կը ստա­նայ այս նիւ­թի շուրջ կա­տարո­ւած յայ­տա­րարու­թիւննե­րու բե­րու­մով։ Ար­դա­րեւ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու իր հետ կա­տարուած հար­ցազրոյ­ցի մը պա­հուն խնդի­րը փո­խադ­րեց բո­լորո­վին տար­բեր դաշտ մը, պնդե­լով թէ տնօ­րէն­նե­րու պաշ­տօ­նան­կութեան ետին պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րը չմար­սողնե­րու դե­րակա­տարու­թիւնը կայ։ Արամ Արք. Աթէ­շեան հրա­պարա­կած բաց նա­մակով մը մեր­ժեց այս պնդումնե­րը եւ իր կար­գին Շի­րինօղ­լուն մե­ղադ­րեց նիւ­թը ու­րիշ հա­շիւ­նե­րու հա­մար խե­ղաթիւ­րե­լով։

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Լոս Ան­ճէ­լըսի Պոլ­սա­հայ Միու­թեան նա­մակը՝

Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Արք. Մաշալեան

Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ

Պոլիս

 

Ամենապատիւ Պատրիարք Հայր

Ինչպէս տեղեակ էք, 125 տարուայ պատմութիւն ունեցող կրթօճախի մը, որ հիմնուած է Էսաեան եղբայրներու կողմէ շատ տգեղ արարքի մը ենթարկուած է։

Էսաեան Ազգային Վարժարանի նախակրթարանի եւ լիսէի բաժիններու երկու ազնուափայլ տնօրէնուհիներ՝ Օր. Արլին Եշիլթեբէն եւ Տիկ. Սաթենիկ Նշանը առանց պատճառաբանութեան պաշտօնազրկուեցան Պէյօղլու Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի երկու անդամներու կողմէ։

Մենք Լոսանճէլըսաբնակ պոլսահայերս, Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր Մարմնի Վարչութեան, յարակից մարմիններու անդամներուն եւ մանաւանդ Միութեանս Էսաեան Սանուց Յանձնախումբի վարչութեան եւ բոլոր էսաեանցիներու ինչպէս նաեւ համակիրներու անունով, մէկ սիրտ, մէկ հոգի ըլլալով կ՚առարկենք այս անարդար որոշումը։

Սիրելի Պատրիարք Հայր ձեր ամենապատութենէն մեր խնդրանքն է, պատշաճ կարելիութիւնները ի գործ դնելով, արգելք հանդիսանալ այս արժէքաւոր եւ իրենց պաշտօնին հմուտ երկու տնօրէնուհիներուն պաշտօնազրկման որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց սուրբ ու նուիրական պարտականութեան։

Առողջութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներով։

Մատչելով

Ձերդ Սրբազանութեանդ

Օծեալ Սուրբ Աջոյն

 

Էտվին Մինասեան Իտիլ Շաքարեան

Ատենապետ Լոս Անճէլըսի Ատենապետուհի Էսաեան

Պոլսահայ Միութեան Սանուց Յանձնախումբի

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ