ԵՄԻԱ դատապարտեց Պաքուն

2004 թո­ւակա­նին Հունգա­րիոյ մայ­րա­քաղաք Պու­տա­փեշ­տի մէջ «Հիւ­սիս Ատ­լանտեան Դա­շինք»ի կազ­մա­կեր­պած մի­ջազ­գա­յին դա­սըն­թացքնե­րուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Պաշտպա­նութեան բա­նակի անու­նով մաս­նակցած էր սպայ Գուրգէն Մար­գա­րեան։

Նոյն դա­սըն­թացքնե­րուն Ատրպէյ­ճա­նէն մաս­նակցող Ռա­միլ Սա­ֆարով քնա­ցած պա­հուն կա­ցինի հա­րուած­նե­րով սպա­նած էր Մար­գա­րեանը։

Այս դէպ­քէն ետք Հունգա­րիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը դա­տեցին ոճ­րա­գործ ատրպէյ­ճանցին եւ վճռե­ցին ցմահ բան­տարկութեան։ Սա­կայն քա­նի մը տա­րի անց Հունգա­րական իշ­խա­նու­թիւննե­րը ըն­դա­ռաջե­լով Ատրպէյ­ճա­նի պա­հան­ջին Սա­ֆարո­վը ղրկե­ցին Ատրպէյ­ճան, որ­պէսզի ան իր երկրին մէջ լրաց­նէ պա­տիժը։ Սա­կայն Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ իս­կոյն նե­րում շնոր­հեց, փո­խան­ցեց իրեն ան­ցեալ ժա­մանա­կահա­տուա­ծին մէջ կու­տա­կուած սպա­յի ամ­սավճար­նե­րը, պար­գե­ւատ­րեց եւ բարձրա­ցուց անոր զի­նուո­րական աս­տի­ճանը։ Կարճ խօս­քով ատե­լու­թեան դրդու­մով ան­մարդկա­յին ոճի­րի հե­ղինա­կը Ատրպէյ­ճա­նի մէջ տի­րացաւ ազ­գա­յին հե­րոսի փառք ու պա­տուին։

Միւս կող­մէ Գուրգէն Մար­գա­րեանի ըն­տա­նիքը ԵՄԻԱ դի­մելով ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջեց։ Հա­կառակ որ Մար­գա­րեանի ըն­տա­նիքը դրա­մական հա­տու­ցում չէր պա­հան­ջած ԵՄԻԱ 15 հա­զար Անգլիական Սթեր­լին հա­տու­ցում մը կա­յացուց։

Մի­ջազ­գա­յին Ատեանը Պա­քուն պաշ­տօ­նապէս պատ­ժեց խտրա­կանու­թիւն ընե­լով մար­դու իրա­ւունքնե­րը ոտ­նա­կոխե­լու յան­ցանքով։

Մար­գա­րեալի ըն­տա­նիքը բո­ղոքած էր նաեւ Հունգա­րական իշ­խա­նու­թիւննե­րը, սա­կայն ԵՄԻԱ այդ մա­սին Հունգա­րական իշ­խա­նու­թիւննե­րը ան­մեղ գտած է։ Յի­շենք որ Սա­ֆարո­վի Ատրպէյ­ճան վե­րադար­ձո­ւելէն եւ Պա­քուի մէջ պա­տիւ­նե­րու ար­ժա­նանա­լէն ան­մի­ջապէս վերջ Հա­յաս­տան խզած էր Հունգա­րիոյ հետ դի­ւանա­գիտա­կան կա­պերը։ Այդ օրե­րուն լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւններ բա­ւական ար­ձա­գան­գե­ցին այս փո­խանակ­ման հա­մար Հունգա­րական կա­ռավա­րու­թեան լուրջ կա­շառք մը ստա­նալու մա­սին։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ