Հայաստանի մէջ երկրորդ հարուած

ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ

 

Հայաս­տան, որ հա­մավա­րակի առա­ջին օրէն իսկ դի­մած էր լուրջ կան­խա­միջոց­նե­րու այժմ են­թարկո­ւած է հա­մավա­րակի երկրորդ փու­լին։ 25 Մա­յիսի առու­մով Հա­յաս­տա­նի մէջ պսա­կաձեւ ժահ­րէ վա­րակո­ւած­նե­րու թի­ւը 452 հո­գի աւել­նա­լով հա­սաւ 7113-ին։ Հա­մավա­րակի հե­տապնդու­մով զբա­ղող մի­ջազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու հա­մաձայն վա­րակո­ւած­նե­րու հա­մեմա­տու­թեան առու­մով Հա­յաս­տան կը գտնո­ւի 60-րդ հո­րիզո­նակա­նի վրայ։ Հա­յաս­տա­նի Առող­ջա­պահու­թեան նա­խարար Ար­սէն Թո­րոսեան անդրա­դառ­նա­լով վա­րակո­ւած­նե­րու թի­ւի բարձրաց­ման նշեց թէ հի­ւան­դութիւ­նը աւե­լի թե­թեւ անցնող­նե­րու բու­ժումը պի­տի շա­րու­նա­կուի իրենց տու­նե­րուն մէջ։ «Ներ­կայ դրու­թեամբ բո­լոր քա­ղաքա­ցինե­րուն բու­ժօգնու­թիւն տա­լու ի վի­ճակի ենք։ Բայց եթէ թու­լացնենք կան­խա­միջոց­նե­րը պի­տի հար­կադրո­ւինք միայն ծանր հի­ւանդնե­րուն բու­ժօգնու­թիւն տալ»։

Նա­խարա­րը նշեց թէ սա պա­հուն չեն կրնար կան­խա­տեսել թէ վա­րակո­ւած­նե­րու թի­ւը երբ այդ աս­տի­ճանի կրնայ հաս­նիլ։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը ինչպէս բազ­մա­թիւ եր­կիրներ Մա­յիս ամ­սու կէ­սերուն աս­տի­ճանա­բար թու­լա­ցու­ցած էր գոր­ծադրո­ւող խիստ սահ­մա­նափա­կումնե­րը։

Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան եւս մտա­հոգու­թիւն յայտնեց ըսե­լով որ «Հա­սած ենք Քո­րոնա ժահ­րի հա­մավա­րակի երկրորդ ալի­քին»։ Ան նաեւ նշեց, որ Ար­տա­կարգ Իրա­վիճա­կի Յանձնա­խումբի տնօ­րինած սահ­մա­նափա­կումնե­րը բա­ւարար են, պայ­մա­նաւ որ հա­սարա­կու­թիւնը հնա­զան­դի այդ կա­նոն­նե­րուն։ Փա­շինեան նաեւ աւել­ցուց, որ պատ­ժա­միջոց­ներ պի­տի կի­րար­կո­ւին սահ­մա­նափա­կումնե­րը զանց առ­նողնե­րու դէմ։ «Խստիւ պի­տի հե­տեւինք դի­մակի գոր­ծադրու­թեան, քա­նի որ փոր­ձով տե­սանք թէ առտնի պատ­րաստո­ւած դի­մակ­նե­րը ան­գամ շատ կա­րեւոր գոր­ծօն մըն են հա­մավա­րակի տա­րածու­մը կան­խե­լու հա­մար։ Ուստի ներ­քա­ղաքա­յին եւ միջ­քա­ղաքա­յին ճամ­բորդու­թիւննե­րու ըն­թացքին պի­տի կի­րար­կո­ւի դի­մակ կրե­լու ստու­գումներ»։

Ար­տա­կարգ Իրա­վիճակ­նե­րէն պա­տաս­խա­նատու նա­խարար Տիգ­րան Աւի­նեան ալ Հա­յաս­տա­նի մէջ կրկին ան­գամ քա­րան­թի­նայի պայ­մաննե­րու հա­ւանա­կանու­թիւնը նշե­լով կարգ մը տա­րածքնե­րու մէջ ելք ու մուտքին ար­գի­լուե­լուն մա­սին զգու­շա­ցուց։

Առող­ջա­պահու­թեան Նա­խարար Ար­սէն Թո­րոսեան նշեց որ վա­րակո­ւած­նե­րէն 269-ին վի­ճակը կը գնա­հատո­ւի լուրջ եւ 51-ն ալ բա­ւակա­նին ծանր։ 15 հի­ւանդներ կ՚օգ­տո­ւին ար­հեստա­կան շնչա­ռու­թեան սար­քե­րէ։ Ան եւս յայտնեց, թէ դի­մակի գոր­ծադրու­թիւնը պի­տի կրնայ կան­խել վա­րակ­ման տա­րածու­թիւնը։

Ազ­գա­յին Ժո­ղովի նա­խագահ Արա­րատ Միր­զո­յեան ալ յայտնեց, թէ ժո­ղովաս­րա­հին մէջ դի­մակ չկրող երես­փո­խան­նե­րը պի­տի զգու­շա­ցուին եւ դուրս հրա­ւիրուին սրա­հէն։ Ազ­գա­յին Ժո­ղովի նա­խագա­հին այս յայ­տա­րարու­թեան դէմ ոմանք ալ առար­կե­ցին ըսելով որ Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հի սար­քած ըն­դունե­լու­թեան պա­հուն կա­ռավա­րութեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը դի­մակ չէին կրած։ Ընդդի­մու­թիւնը ներ­կա­յաց­նող Էտ­մոն Մա­րու­կեան եւս առար­կեց Արա­րատ Միր­զո­յեանի այս ելոյ­թին. «Սահ­մա­նադ­րութեան հա­մաձայն ձեր կու­սակցու­թեան որո­շումնե­րը ի զո­րու չեն խորհրդա­րանէն ներս։ Հե­տեւա­բար Ար­տա­կարգ Իրա­վիճակ­նե­րու շրջա­նակով ձեր որ­դեգրած որո­շումնե­րը չէք կրնար պար­տադրել Խորհրդա­րանի մէջ եւ չէք կրնար ոեւէ պատ­գա­մաւոր դուրս հա­նել» ըսե­լով։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ