Գամպուրեանի ճամբորդութիւնները հատորի մը մէջ

Արամ Գամ­պուրեանի ճա­նապար­հագրու­թիւննե­րը միշտ հա­ճելի ըն­թերցում կը պար­գե­ւէ, բո­լոր անոնց որոնք ու­շա­դիր են իրենց ան­մի­ջական սահ­մաննե­րէն դուրս գտնուած հարստու­թիւննե­րու նկատ­մամբ։ Ար­դա­րեւ Գամ­պուրեան հա­ղոր­դա­կան պատ­մե­լաոճով ըն­թերցո­ղին կը փո­խան­ցէ իր շրջած վայ­րե­րու պատ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րային հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։ Այս բո­լորը զար­մա­նալի հա­ղոր­դա­կանու­թեամբ իրա­րու մէջ ընդլու­ծո­ւած կ՚ըլ­լան եւ ըն­թերցողը տո­ղերու ընդմէ­ջէն մերթ կը դի­տէ քա­նի մը հա­զար տա­րուայ ան­ցեալը եւ մերթ ալ կը շնչէ այժմու կեն­սունա­կու­թիւնը։

Այժմ Գամ­պուրեան լոյս ըն­ծա­յեց նոր հա­տոր մը՝ «Ղան­դա­րի Շու­կան» անու­նով։ Արամ Գամ­պուրեան իր սե­փական գրա­ռումնե­րու կող­քին այս նոր հա­տորին մէջ տեղ տո­ւած է նաեւ ու­րիշնե­րու գրա­ռումնե­րուն, որոնք առ­հա­սարակ թարգմա­նուած են իր կող­մէ եւ տար­բեր թո­ւական­նե­րուն լոյս տե­սած «Մար­մա­րա»ի էջե­րուն վրայ։

Այդ տե­սակի գրու­թիւննե­րը հա­ւաքո­ւած են «Ու­րիշնե­րու ու­ղե­ւորու­թիւննե­րը» խո­րագ­րի տակ։ Այս բաժ­նին մէջ կը հան­դի­պինք Ին­գա Շնե­լին­կի, Թորսթն Գոլ­լէի, Ան­կե­լիքա Պու­քե­րիու­սի, Կի Սոր­մա­յի, Ան- Մա­րի Կրի­ւի յօ­դուած­նե­րուն, որոնք կը նկա­րագ­րեն Մալ­թա կղզին Օհ­րի­տի լի­ճը կամ Լէոնար­տօ Տա Վին­չիի մա­հուան 500 ամեակը։

Հա­ճելի հա­տուած մըն է նաեւ «Օտար­ներ Հա­յերու եւ Հա­յաս­տա­նի Մա­սին» բա­ժինը, ուր դար­ձեալ զա­նազան­նե­րու վկա­յու­թիւննե­րու կը հան­դի­պինք հա­յոց եւ Հա­յաս­տա­նի մա­սին։

Գիր­քը տա­կաւին կը պար­փա­կէ «Վան­քեր», «Կին Նկա­րիչ­ներ», «Արո­ւես­տա­գէտ­ներ» եւ «Գիր­քեր» ան­ջատ բա­ժին­նե­րը։ 335 էջա­նի այս հա­տորի մուտքին կը հան­դի­պինք Ռո­պէր Հատ­տե­ճեանի յա­ռաջա­բանին, ուր ամե­նայն հա­րազա­տու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նէ իր դա­սըն­կե­րոջ գրա­կան վաս­տա­կը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ