Փաստաբանները արդարութիւն կը պահանջեն

Ժողովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան Կու­­սակցու­­թեան աւե­­լի քան մէկ շա­­բաթ տե­­ւած դէ­­պի Ան­­գա­­­րա եր­­թէն ետք նա­­խորդ ուրբաթ օր այս ան­­գամ ալ Թուրքիոյ 80 քա­­ղաք­­նե­­­րու փաս­­տա­­­բանա­­կան կա­­ճառ­­նե­­­րու նա­­խագահ­­նե­­­րը եռօ­­րեայ երթ մը կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­ցին դէ­­պի մայ­­րա­­­քաղաք Ան­­գա­­­րա։ Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը իրենց այս եր­­թով կը բո­­ղոքէին կա­­ռավա­­րու­­թեան իրա­­ւապաշտպա­­նու­­թեան գոր­­ծընթա­­ցը եւ մա­­նաւանդ ալ անոնց կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւելու եղա­­նակ­­նե­­­րը սահ­­մա­­­նափա­­կելու փոր­­ձե­­­րուն դէմ։

Փաս­­տա­­­բանա­­կան կա­­ճառ­­նե­­­րը իբ­­րեւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն յա­­ճախ ձայն կը բարձրաց­­նեն կա­­ռավա­­րու­­թեան կարգ մը որո­­շումնե­­րուն դի­­մաց։ Այդ հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը լուրջ ան­­հանգստու­­թիւն կը պատ­­ճա­­­ռէ նա­­խագահ Ռե­­ճեփ Թայ­­յիպ Էր­­տո­­­ղանի։ Ան մօտ ան­­ցեալին ծանր հա­­կաճա­­ռու­­թեան մէջ մտած էր նաեւ Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառի դէմ։

Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու եռօ­­րեայ եր­­թը ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու կող­­մէ խա­­փանո­­ւեցաւ Ան­­գա­­­րայի մուտքին։ Անոնք այդ պա­­հուն կ՚ու­­զէին մօտ 300 մեթ­­րա­­­նոց խորհրդան­­շա­­­կան երթ մը կազ­­մա­­­կեր­­պել եւ ապա հան­­րա­­­շարժնե­­րով ուղղո­­ւիլ դէ­­պի մայ­­րա­­­քաղա­­քի կեդ­­րո­­­նը՝ Աթա­­թիւրքի դամ­­բա­­­րանին առ­­ջեւ իրենց բո­­ղոքը մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը հրա­­պարա­­կելու հա­­մար։

Բա­­ւակա­­նին կո­­պիտ էր ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու մի­­ջամ­­տութիւ­­նը որ տե­­ւեց ամ­­բողջ եր­­կուշաբ­­թի գի­­շեր, մին­­չեւ յա­­ջորդ առա­­ւօտո­­ւայ ժա­­մերը։ Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը հար­­կադրո­­ւեցան նախ արե­­ւի տօ­­թէն եւ ապա տե­­ղատա­­րափ անձրե­­ւէն ազ­­դո­­­ւելու, քա­­նի որ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը ար­­գելք եղած էին Ան­­գա­­­րայի քա­­ղաքա­­պետա­­րանի ղրկած վրա­­նին կազ­­մութեան։ Նոյնպէս ար­­գի­­­լեցին քա­­ղաքա­­պետա­­րանի ղրկած սննդե­­ղէնի բաշ­­խումը։ Այս բո­­լորով հան­­դերձ փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը ան­­զի­­­ջող մնա­­ցին իրենց պա­­հանջնե­­րուն հան­­դէպ եւ աւե­­լին՝ սպառ­­նա­­­ցին իրենց կա­­ճառ­­նե­­­րու ան­­դա­­­մակ­­ցած փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը եւս այդ նոյն կէ­­տը կառ­­չե­­­լու սպառ­­նա­­­լիքով։

Նշենք որ ար­­դէն նոյն օր զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ փաս­­տա­­­բան­­ներ բո­­ղոքի ցոյ­­ցեր կը կազ­­մա­­­կեր­­պէին դա­­տարան­­նե­­­րու առ­­ջեւ։ Իսկ 23 Յու­­նի­­­սի առա­­ւօտուայ ժա­­մերուն Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու Կա­­ճառի ընդհա­­նուր նա­­խագահ Մե­­թին Ֆէյ­­զիօղ­­լու եւս փու­­թաց փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րուն ար­­գե­­­լափա­­կուած վայ­­րը։ Սա­­կայն իր այդ այ­­ցե­­­լու­­թիւնը բա­­ւական սուղ ար­­ժեց, քա­­նի որ բո­­լոր փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը շուռ եկան եւ կռնակ դար­­ձուցին ընդհա­­նուր նա­­խագա­­հին։ Այդ պա­­հուն փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րէն ոմանք պա­­հան­­ջե­­­ցին անոր հրա­­ժարու­­մը։

Մե­­թին Ֆէյ­­զիօղ­­լու, որ ամ­­բողջո­­վին հա­­մակեր­­պած է իշ­­խող կա­­ռավա­­րու­­թեան, այս նո­­ւաս­­տա­­­ցու­­ցիչ երե­­ւոյ­­թէն ետք յայ­­տա­­­րարեց, թէ հրա­­ժարե­­լու հա­­մար պատ­­ճառ չի տես­­ներ։

Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու բո­­ղոքի ցոյ­­ցը իր կար­­գին ան­­գամ մը եւս վի­­ճելի դար­­ձուց ԱՔՓ-ի կա­­ռավա­­րու­­թեան հա­­կաժո­­ղովրդա­­վարա­­կան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի իշխանութիւնը ամէն գնով կը փոր­­ձէ ար­­գելք հան­­դի­­­սանալ իշ­­խա­­­նու­­թեան հա­­մար ան­­բաղձա­­լի ամէն տե­­սակ ձայ­­նի դի­­մաց։ Ար­­դա­­­րեւ յա­­ջորդ օր թղթա­­կից­­նե­­­րու հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նող զա­­նազան փաս­­տա­­­բան­­ներ իրենց հաս­տա­տու­մը կը կեդ­րո­նաց­նէին մէկ կէ­տի վրայ, որն է՝ «ոս­տի­կանա­կան պե­տու­թիւն»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ