Հայ արուեստագէտները հիւանդ երախաներու համար

Երբ հա­­մայն աշ­­խարհի վրայ կը տի­­րէ պսա­­կաձեւ ժահ­­րի պատ­­ճա­­­ռած սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րը, տար­­բեր եր­­կիրներէ հայ արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­ներ միաւո­­րուե­­ցան «Միասին երա­­խանե­­րու հա­­մար» խո­­րագրեալ բա­­րեգոր­­ծա­­­կան մի­­ջոցա­­ռու­­մի մը շուրջ, օգ­­նե­­­լու հա­­մար քաղցկե­­ղով հի­­ւանդ երա­­խանե­­րուն։ Նա­­խաձեռ­­նութեան մաս­­նակցու­­թիւն բե­­րին Սպա­­նիայէն Արա Մա­­լիքեան, Հա­­յաս­­տա­­­նէն Արա Գէոր­­գեան, ԱՄՆ-էն Յա­­րութ Փամ­­պուքճեան, Վա­­հէ Պէր­­պէ­­­րեան, Սե­­պուհ Սի­­մոնեան, «Նիւ Տոք­­թա» խումբը, Ֆրան­­սա­­­յէն Ռո­­զի Ար­­մէն, Սերժ Աւե­­տիքեան, Թուրքիայէն Սի­­պիլ Փեք­­թո­­­րոսօղ­­լու, Սու­­րիայէն Լե­­նա Շա­­մամեան, Գա­­նատա­­յէն Սե­­րուժ Քրա­­ջեան եւ Էլի Պէր­­պէ­­­րեան, Անգլիայէն Գեւ Օր­­կեան, Ու­­րուկո­­ւայէն Ալ­­վա­­­րօ Յա­­կոբեան եւ Ար­­կենդի­­նայէն «Գու­­սան» նո­ւագա­­խումբը։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած էր ար­­կենդի­­նահայ հե­­ռուստա­­հաղոր­­դա­­­վար Լեօ Մոմ­­ճեանի կող­­մէ։ «Քո­­րոնա­­վիրու­­սի հա­­մավա­­րակը ստի­­պեց ո՛չ միայն առե­­րեսո­­ւել մարդկու­­թեան դի­­մագ­­րա­­­ւած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րուն, այ­­լեւ՝ կանգ առ­­նել, խոր­­հիլ ու վե­­րար­­ժե­­­ւորել շատ երե­­ւոյթներ: Այն մղեց որե­­ւէ օգ­­տա­­­կար բան ընել` ստեղ­­ծո­­­ւած իրա­­վիճա­­կը միասին յաղ­­թա­­­հարե­­լու հա­­մար,- ըսե­­լով անդրա­­դար­­ձաւ Լեօ Մոմ­­ճեանը ու յա­­ւելեց թէ նման երե­­կոյ մը ծրագ­­րե­­­լու միտ­­քը ծա­­գած է իր հե­­ղինա­­կային՝ «Ayres de Armenia» ռա­­տիօ հա­­ղորդման ըն­­թացքին,- Հա­­մավա­­րակի օրե­­րուն կը զրու­­ցէի աշ­­խարհի տար­­բեր երկիրնե­­րուն ապ­­րող հա­­յերու հետ՝ պար­­զե­­­լու, թէ ինչպէս կ՚ապ­­րին ինքնա­­մեկու­­սացման պայ­­մաննե­­րու տակ: Հար­­ցազրոյցնե­­րէն մէ­­կը պոլ­­սա­­­հայ երգչու­­հի Սի­­պիլի հետ էր: Ըսի, որ կը ցան­­կա­­­նամ աշ­­խարհի հայ երա­­ժիշտնե­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ հա­­մերգ կազ­­մա­­­կեր­­պել: Սի­­պիլը խան­­դա­­­վառո­­ւեցաւ այս գա­­ղափա­­րով եւ իր աջակ­­ցութիւ­­նը յայտնեց: Ան նաեւ առա­­ջար­­կեց հա­­մեր­­գը ծա­­ռայեց­­նել բա­­րեգոր­­ծա­­­կան նպա­­տակի»:

«Միասին երա­­խանե­­րու հա­­մար» խորհրդան­­շա­­­կան խո­­րագի­­րը կրող մի­­ջոցառ­­ման հա­­սոյ­­թը պի­­տի ուղղո­­ւի «City of Smile/ Ժպիտ­­նե­­­րու քա­­ղաք» բա­­րեգոր­­ծա­­­կան հիմ­­նադրա­­մին, որու առա­­քելու­­թիւնն է օգ­­նել քաղցկեղ ու­­նե­­­ցող երա­­խանե­­րուն եւ անոնց ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն՝ հի­­ւան­­դութիւ­­նը յաղ­­թա­­­հարե­­լու դժո­­ւարին ճա­­նապար­­հին:

«Ան­­վի­­­ճելի է, որ առող­­ջութիւ­­նը ամե­­նաթանկ բանն է մար­­դու կեան­­քին մէջ. Այս օրե­­րը վե­­րահաս­­տա­­­տեցին նման հա­­մոզու­­մը։ Այդ նպա­­տակով որո­­շեցինք հա­­մագոր­­ծակցիլ «City of Smile/ Ժպիտ­­նե­­­րու քա­­ղաք» հիմ­­նադրա­­մի հետ, որ կը հո­­գայ, որ­­պէսզի երա­­խանե­­րը առողջ ման­­կութիւն ու­­նե­­­նան: Երբ ծա­­նօթա­­ցայ վեր­­ջի­­­նիս կա­­տարած աշ­­խա­­­տան­­քին, այն ջան­­քե­­­րուն, որոնք կը գոր­­ծադրեն հիմ­­նադրա­­մի շուրջ հա­­ւաքո­­ւած մար­­դիկ, հաս­­կա­­­ցայ, որ ամե­­նաբա­­րի գոր­­ծը կ՚ըլ­­լայ հա­­մախմբել աշ­­խարհաս­­փիւռ հա­­յերը եւ օգ­­նել քաղցկեղ եւ արեան հի­­ւան­­դութիւններ ու­­նե­­­ցող երա­­խանե­­րուն»,- կը նշէ Լեօ Մոմ­­ճեանը:

Իր կապ հաս­­տա­­­տած առա­­ջին երա­­ժիշ­­տը՝ աշ­­խարհահռչակ ջու­­թա­­­կահար Արա Մա­­լիքեանն էր։ «Անոր մաս­­նակցու­­թիւնը ապա­­հովե­­լով եռանդս բազ­­մա­­­պատ­­կո­­­ւեց: Հպար­­տութեամբ պէտք է նշեմ, որ բա­­րեգոր­­ծա­­­կան ձեռ­­նարկին միացած են ճա­­նաչո­­ւած արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­ներ, որոնք կ՚ապ­­րին եւ կը ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծեն աշ­­խարհի տար­­բեր երկրնե­­րու մէջ։ Անոնք միաւո­­րուե­­ցան՝ ապա­­ցու­­ցե­­­լու, որ միասին կրնանք յաղ­­թա­­­հարել իւ­­րա­­­քան­­չիւր փոր­­ձութիւն: Քաղցկե­­ղով հի­­ւանդ երա­­խանե­­րը բո­­լորիս աջակ­­ցութեան կա­­րիքը ու­­նին: Անոնք իրենց ամե­­նօրեայ պայ­­քա­­­րով, լու­­սա­­­ւոր ժպիտ­­նե­­­րով մեզ կը սոր­­վեցնեն չյու­­սա­­­հատո­­ւիլ, չ՚ընկճուիլ ու լա­­ւատե­­սու­­թեամբ նա­­յիլ ապա­­գային. չէ՞ որ, քա­­նի դեռ կայ կեանք, կայ նաեւ՝ յոյս»,-կը նշէ Լեօ Մոմ­­ճեանն եւ յոյս կը յայտնէ, թէ բա­­ւական բարձր պի­­տի ըլ­­լայ արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու կո­­չին ար­­ձա­­­գան­­գողնե­­րու թի­­ւը:

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը պի­­տի կա­­յանայ Յու­­լի­­­սի 4-ին Հա­­յաս­­տա­­­նի ժա­­մով 22-ին եւ պի­­տի հե­­ռար­­ձա­­­կուի Հան­­րա­­­յին Հե­­ռուստաըն­­կե­­­րու­­թեան եւ «Togetherforchildren» YouTube-եան ալիքով։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ