Սամուէլ Մհերեանի «Մենաւոր Բազէն» թրքերէնով

Հայրենակցական միու­­­թիւննե­­­րու ծաղ­­­կումով հայ գրա­­­կանու­­­թեան մէջ յա­­­տուկ տեղ գտած է «յու­­­շա­­­­­­­մատեան» կո­­­չուած ոճը։ Զա­­­նազան վայ­­­րե­­­­­­­րու բնա­­­կիջ­­­ներ սփիւռքի պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ մէկ­­­տե­­­­­­­ղուե­­­լով ի մի բե­­­րին իրենց յի­­­շատակ­­­նե­­­­­­­րը, որոնք ապա աջ ու ձա­­­խէն հայ­­­թայթո­­­ւած լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րով, յի­­­շողու­­­թիւննե­­­րով եւ շատ ան­­­գամ ալ պատ­­­մա­­­­­­­կան պրպտումնե­­­րով վա­­­ւերագ­­­րա­­­­­­­կան բնոյ­­­թի հա­­­տոր­­­ներ ըլ­­­լա­­­­­­­լով ներ­­­կա­­­­­­­յացան մեր իրո­­­ղու­­­թեան մէջ։

Հա­­­րիւր տա­­­րուայ ան­­­ցեալով հան­­­դերձ հայ­­­րե­­­­­­­նակ­­­ցա­­­­­­­կան միու­­­թիւննե­­­րու կա­­­րիքը մին­­­չեւ օրս կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի, քա­­­նի կը տես­­­նենք նոր միու­­­թիւննե­­­րու հիմ­­­նադրու­­­թիւնը։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Պոլ­­­սոյ օրի­­­նակին մէջ մօտ ան­­­ցեալի երե­­­ւոյթներ են Մու­­­սայ լեռ­­­ցի­­­­­­­ներու, տէր­­­սիմցի­­­ներու, սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցինե­­­րու, սասնեցիներու կամ մա­­­լաթիացի­­­ներու հիմ­­­նած հայ­­­րե­­­­­­­նակ­­­ցա­­­­­­­կան միու­­­թիւննե­­­րը։ Սոյն միու­­­թիւննե­­­րը իրենց կազ­­­մութեամբ հա­­­րազատ եր­­­դի­­­­­­­քի մը տակ հա­­­մախմբե­­­ցին իրենց հա­­­մաքա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րը եւ ու­­­նե­­­­­­­ցան քա­­­ղաքի ան­­­ցեալին հետ կա­­­պուած զա­­­նազան մի­­­ջոցա­­­ռումներ։ Այս տե­­­սակի օրի­­­նակ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով վեր­­­ջերս հիմ­­­նո­­­­­­­ւած է խնուսցի­­­ներու հայ­­­րե­­­­­­­նակ­­­ցա­­­­­­­կան միու­­­թիւնը, որու հիմ­­­նա­­­­­­­դիր Սա­­­մուէլ Մհե­­­րեան ձեռ­­­նարկած է նաեւ հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան։

Ի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն նա­­­խորդնե­­­րէ Սա­­­մուէլ Մհե­­­րեան փո­­­խանակ յու­­­շա­­­­­­­մատեանի, պատ­­­մա­­­­­­­վէպով մըն է, որ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ իր պա­­­պենա­­­կան եր­­­կի­­­­­­­րը՝ Խնու­­­սը։

«Մե­­­նաւոր Բա­­­զէն» պատ­­­մա­­­­­­­վէպը կը հան­­­դի­­­­­­­սանայ արեւմտեան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Խնուս գա­­­ւառի 19-րդ դա­­­րի վեր­­­ջին եւ 20-րդ դա­­­րի սկզբին տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցած ան­­­ցուդարձնե­­­րուն գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան նկա­­­րագ­­­րութիւ­­­նը։ Ան իր մէջ կը նե­­­րառէ հա­­­յերու ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան ող­­­բերգա­­­կան դրո­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը եւ խնուսցի­­­ներու հե­­­րոսա­­­կան ինքնա­­­պաշտպա­­­նու­­­թիւնը։ Գիր­­­քին մէջ կը հան­­­դի­­­­­­­պինք հայ նա­­­հապե­­­տական տու­­­նե­­­­­­­րու եւ քրտա­­­կան ցե­­­ղապե­­­տերու մի­­­ջեւ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցած բա­­­խումնե­­­րու, դա­­­ւադ­­­րութիւննե­­­րու, վրէժխնդրու­­­թեան ու­­­ղերձող սի­­­րային, հե­­­րոսա­­­կան ու յու­­­զա­­­­­­­կան տե­­­սարան­­­նե­­­­­­­րուն ու պատ­­­մութիւննե­­­րուն։ Կը լու­­­սա­­­­­­­բանո­­­ւին պատ­­­մա­­­­­­­կան դե­­­րակա­­­տարու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցած հայ անուննե­­­րուն, որոնք բա­­­րոյա­­­կանու­­­թեան, քա­­­ջու­­­թեան ու հայ­­­րե­­­­­­­նասի­­­րու­­­թեան վառ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ են։ Կը ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւի թէ ինչպէս անդրա­­­դարձ ու­­­նե­­­­­­­ցան Խնուս գա­­­ւառի վրայ 1895 թո­­­ւի ապստամ­­­բութիւ­­­նը եւ Սուլթան Ապ­­­տուլհա­­­միտի ըն­­­դունած 1908 թո­­­ւակիր սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութիւ­­­նը։

Գիր­­­քը կ՚աւար­­­տի 1915-ի հա­­­յոց մեծ եղեռ­­­նի նկա­­­րագ­­­րութեամբ, թէ ինչպէս դէ­­­պի գլխա­­­ւոր հե­­­րոսի՝ Դա­­­ւիթի եւ անոր ըն­­­կերնե­­­րուն կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած հե­­­րոսա­­­կան ինքնա­­­պաշտպա­­­նու­­­թեան շնոր­­­հիւ գա­­­ւառին 26 հա­­­զար հա­­­շուող հա­­­յու­­­թե­­­­­­­նէն փրկո­­­ւած են միայն 3 հա­­­զարը։

Յի­­­շեց­­­նենք թէ պատ­­­մա­­­­­­­ճանա­­­չողա­­­կան քա­­­րոզ­­­չութիւն իրա­­­կանաց­­­նե­­­­­­­լու նպա­­­տակով գիր­­­քի թրքե­­­րէն առա­­­ջին հրա­­­տարա­­­կու­­­թե­­­­­­­նէն որո­­­շակի քա­­­նակու­­­թիւն մա­­­տակա­­­րարո­­­ւած է ներ­­­կա­­­­­­­յիս Խնուս եւ Մուշ բնա­­­կուող դա­­­ւանա­­­փոխ եղած հա­­­յերու ժա­­­ռանգնե­­­րուն, ապա­­­գային իրենց հա­­­յեացքնե­­­րը դէ­­­պի հայ եկե­­­ղեցի ուղղե­­­լու հե­­­ռան­­­կա­­­­­­­րով։

Գիր­­­քի մէջ տեղ գտած 120 կեր­­­պարնե­­­րէն շուրջ 80-ը իրա­­­կան ան­­­ձեր են, որոնցմէ մէկ մա­­­սին ժա­­­ռանգնե­­­րը հա­­­մախմբո­­­ւելով 2005 թո­­­ւին 25 Փետ­­­րո­­­­­­­ւարին՝ Զօ­­­րավար Անդրա­­­նիկի ծննդեան 140 ամեակի օրը հիմ­­­նադրե­­­ցին Խնուս Մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին Միու­­­թիւնը։ Ան կը գոր­­­ծէ հայ­­­րե­­­­­­­նակ­­­ցա­­­­­­­կան միու­­­թեան գոր­­­ծա­­­­­­­ռոյ­­­թով։ Միութիւնը անցնող 15 տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին կազ­­­մակերպածւ հո­­­գեւոր-հայ­­­րե­­­­­­­նասի­­­րական մի­­­ջոցա­­­ռումնե­­­րով հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած է Սա­­­մուէլ Մհե­­­րեանի հե­­­ղինա­­­կած «Մե­­­նաւոր Բա­­­զէն», «Եւ Եղաւ Լոյս» պատ­­­մա­­­­­­­վէպե­­­րը, «Եդե­­­մի Պար­­­տէ­­­­­­­զը», «Տունդար­­­ձի Ճամ­­­բան» ֆիլ­­­մե­­­­­­­րը, «Ճշմա­­­րիտ Լոյ­­­սը» եւ «Այբ-Քէ» հո­­­գեւոր բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւննե­­­րու ժո­­­ղովա­­­ծու­­­նե­­­­­­­րը, որոնք ար­­­ժա­­­­­­­նացած են Ամե­­­նայն Հա­­­յոց Կա­­­թողի­­­կոսի օրհնու­­­թեան եւ գնա­­­հատան­­­քին։ Նշենք որ գիր­­­քը բա­­­ցի անգլե­­­րէն, ռու­­­սե­­­­­­­րէն եւ ֆրան­­­սե­­­­­­­րէն թարգմա­­­նու­­­թիւննե­­­րու ու­­­նե­­­­­­­ցած է նաեւ թրքե­­­րէն տար­­­բե­­­­­­­րակը «Եալն­­­ըզ Շա­­­հին» անու­­­նով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ