Տատեանի մէջ կ՚աւարատի Ալիս Պայրամի տնօրէնութեան շրջանը

Էսաեանէ ետք Պաքըրգիւղի Տա­­տեան վար­­ժա­­­րանէ ներս ալ կը կա­­յանայ տնօ­­րէնի փո­­փոխու­­թիւն։ Վար­­ժա­­­րանի վաս­­տա­­­կաւոր եւ յա­­ջող տնօ­­րէնու­­հի Ալիս Պայ­­րամ «Ակօս»ին տո­­ւած յայ­­տա­­­րարու­­թեան հա­­մաձայն բո­­լորո­­վին անձնա­­կան պատ­­ճառնե­­րով կը հրա­­ժարի իր պաշ­­տօ­­­նէն։

Տի­­կին Պայ­­րա­­­մի այս որո­­շու­­մը ըն­­դունո­­ւած է Պա­­քըր­­գիւղի Ծնունդ Սուրբ Աս­­տո­­­ւածած­­նի եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղակա­­նութեան կող­­մէ։

Որ­­քան ալ անձնա­­կան պատ­­ճառնե­­րով կա­­յացած որո­­շում մը ըլ­­լայ Ալիս Պայ­­րա­­­մի հե­­ռացու­­մը խոր յու­­զում յա­­ռաջա­­ցու­­ցած է դպրո­­ցի ու­­սուցչաց եւ աշա­­կեր­­տութեան մի­­ջեւ։

Ան շատ մեծ հա­­մերաշ­­խութեամբ փո­­խարի­­նած էր վար­­ժա­­­րանի նախ­­կին տնօ­­րէնու­­հի Հեր­­մի­­­նէ Պեն­­լիօղ­­լուի պաշ­­տօ­­­նը եւ մին­­չեւ վերջ ալ մեծ հա­­մերաշ­­խութեամբ գոր­­ծակցած էր իր նա­­խոր­­դին հետ։ Այս տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին բա­­ցի դպրո­­ցի ուսման ծրա­­գիրէ եր­­կու տնօ­­րէնու­­հի­­­ները շատ կա­­րեւոր ներդրում ու­­նե­­­ցան ուսման տա­­ճարի եր­­թի­­­քին տակ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած մշա­­կու­­թա­­­յին գրա­­կան ու գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու առու­­մով։ Այդ ձեռ­­նարկնե­­րը շնոր­­հիւ զոյգ տնօ­­րէնու­­հի­­­ներու, անոնց ան­­մի­­­ջական գոր­­ծա­­­կից դե­­րասան Արամ Կոս­­տա­­­նեանի եւ վար­­ժա­­­րանի ու­­սուցչաց կազ­­մի ջան­­քե­­­րուն միշտ ու­­նե­­­ցաւ դպրո­­ցական մա­­կար­­դա­­­կը գե­­րազան­­ցող փայ­­լուն յա­­ջողու­­թիւններ։

Տի­­կին Ալիս Պայ­­րամ, երբ վեր­­ջա­­­կէտ կը դնէ իր տնօ­­րէնու­­թեան այս առա­­քելու­­թեան, յե­­տին կը թո­­ղու փայ­­լուն կնիք մը, որ դրոշ­­մո­­­ւած է իր պաշ­­տօ­­­նավարած շրջանին վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ