Խորհրդակցական Հանդիպում Պոլսահայ Մամլոյ Ներկայացուցիչներուն Հետ

Թուրքիոյ Հայոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. 29 Յու­­նիս եր­­կուշաբ­­թի յա­­տուկ ժո­­ղով մը գու­­մա­­­րեց պոլ­­սա­­­հայ մա­­մու­­լի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն հետ։ «Ակօս» յա­­տուկ պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ կը բա­­ցակա­­յէր այս ժո­­ղովէն։ Ներ­­կայ էին «Մար­­մա­­­րա» օրա­­թեր­­թէն Արա Հատ­­տէ­­­լէր եւ Կա­­րօ Հա­­մամ­­ճըեան, «Ժա­­մանակ» օրա­­թեր­­թէն Արա Գօ­­չու­­նեան, «Լոյս» պար­­բե­­­րակա­­նէն Շահ­­նուր Գա­­զան­­ճը եւ Արամ Քու­­րան ու «Փա­­րոս» պար­­բե­­­րակա­­նէն Մայ­­տա Սա­­րիս։ Ժո­­ղովի ըն­­թացքին քննար­­կո­­­ւեցաւ հա­­մավա­­րակի պատ­­ճա­­­ռած նիւ­­թա­­­կան դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը եւ անոր յաղ­­թա­­­հարե­­լու եղա­­նակ­­նե­­­րը։

Խորհրդակ­­ցա­­­կան բնոյ­­թով այս ժո­­ղովի ըն­­թացքին մա­­մու­­լի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւին ար­­դէն շա­­րու­­նա­­­կուող տնտե­­սական ծանր պայ­­մաննե­­րու մա­­սին, որոնք ալ աւե­­լի մտա­­հոգիչ պատ­­կեր մը կը պար­­զեն հա­­մավա­­րակի այս օրե­­րուն։ Զոյգ օրա­­թեր­­թե­­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը շեշ­­տե­­­ցին թէ խնդի­­րը ալ աւե­­լի ծանր է իրենց պա­­րագա­­յին։ Անոնք նաեւ անդրա­­դար­­ձան Պատ­­րիար­­քա­­­րանի փո­­խան մա­­մու­­լի ծա­­նու­­ցումնե­­րուն, իր յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը դի­­մատետ­­րի մի­­ջոցաւ հրա­­պարա­­կելու երե­­ւոյ­­թին։ Նման եղա­­նակով եկե­­ղեցի­­ներու վար­­չութիւններն ալ յատ­­կա­­­պէս տօ­­նական օրե­­րուն ան­­ջատ շնոր­­հա­­­ւորու­­թեան ծա­­նու­­ցումներ հրա­­պարա­­կելու փո­­խարէն որ­­դեգրած են միաս­­նա­­­կան հա­­ղոր­­դագրու­­թիւնով մը հան­­դէս գա­­լու երե­­ւոյ­­թին։

Մա­­մու­­լի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը նաեւ նշե­­ցին թէ հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ ալ օր ըստ օրէ նո­­ւազած է հայ մա­­մու­­լի հան­­դէպ հե­­տաքրքրու­­թիւնը։

Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը լսե­­լէ վերջ անդրա­­դար­­ձաւ հայ­­ մա­­­մու­­լին կա­­րեւո­­րու­­թեան եւ անհրա­­ժեշ­­տութեան։ «Թեր­­թե­­­րը հա­­յոց լե­­զուի եւ մշա­­կոյ­­թի առու­­մով շատ լուրջ առա­­քելու­­թիւն մը ստանձնած են։ Ես ալ իմ հա­­յերէ­­նի իմա­­ցու­­թիւնը զար­­գա­­­ցու­­ցած եմ հայ մա­­մու­­լը ըն­­թերցե­­լով»։ Մա­­շալեան իր այս ելոյ­­թէն ետք յայտնեց թէ պար­­բե­­­րական մա­­մու­­լին աջակ­­ցե­­­լու հա­­մար շփումներ պի­­տի ու­­նե­­­նայ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն հետ եւ իրենց հետ ալ ժո­­ղով­­ներ պի­­տի գու­­մա­­­րէ։

Այս ժո­­ղովէն ետք պատ­­րիար­­քա­­­րանը իր կայ­­քէ­­­ջին վրայ հրա­­պարա­­կեց հե­­տեւեալ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը.

*

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հօր հրա­­ւէրով. 29 Յու­­նիս 2020, Եր­­կուշաբ­­թի, Ժա­­մը 15.00-ին, Պատ­­րիար­­քա­­­րանի մէջ խորհրդակ­­ցա­­­կան հան­­դի­­­պում մը կա­­յացաւ Պոլ­­սա­­­հայ մամ­­լոյ ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն հետ։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան նա­­խագա­­հու­­թեամբ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած հան­­դի­­­պու­­մին ներ­­կայ գտնո­­ւեցան Դի­­ւանա­­պետ՝ Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան, Պատ­­րիար­­քա­­­կան Փո­­խանորդ՝ Արժ. Տ. Գրի­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­մատեան, Ժա­­մանակ Օրա­­թեր­­թի Աւագ Խմբա­­գիր՝ Արա Գօ­­չու­­նեան, «Մար­­մա­­­րա» Օրա­­թեր­­թէն՝ Արի Հատ­­տէ­­­լէր եւ Կա­­րօ Հա­­մամ­­ճեան, Փա­­րոս Ամ­­սա­­­թեր­­թէն՝ Մայ­­տա Սա­­րիս եւ Մկրտիչ Ար­­ծի­­­ւեան եւ Լոյս Պար­­բե­­­րաթեր­­թէն՝ Արամ Քու­­րան եւ Շահ­­նուր Քա­­զան­­ճըն։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ար­­տա­­­սանած աղօթ­­քէն յե­­տոյ հան­­դէս եկաւ ող­­ջոյնի խօս­­քով, որուն ըն­­թացքին ընդգծեց մա­­մու­­լի կա­­րեւո­­րու­­թիւնը եւ պար­­զեց հա­­ւաքոյ­­թին նպա­­տակը, որ էր խորհրդակ­­ցիլ Պոլ­­սա­­­հայ մամ­­լոյ դէմ հան­­դի­­­ման գտնո­­ւած տնտե­­սական տագ­­նա­­­պին շուրջ։ Ներ­­կա­­­ներ կար­­գաւ խօսք առ­­նե­­­լով, նախ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­ցին իր ցու­­ցա­­­բերած հայ­­րա­­­կան մեր­­ձեցման հա­­մար եւ ապա՝ իրենց հաս­­տա­­­տու­­թեանց մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցե­­­ցին ու ներ­­կա­­­յացու­­ցին իրենց մտա­­հոգու­­թիւննե­­րը։ Ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւած գա­­ղափար­­նե­­­րէն յայտնի կը դառ­­նայ թէ՝ ներ­­կա­­­յիս հայ մա­­մու­­լը կը պայ­­քա­­­րի տնտե­­սական տագ­­նա­­­պին դէմ, որ հա­­մազօր է հո­­սան­­քի դէմ թիավա­­րելու։ Բո­­լորը յայտնե­­ցին թէ՝ կը կա­­րօտէին հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թեանց հե­­տաքրքրու­­թեան եւ իրենց գլխա­­ւորու­­թեամբ կա­­տարե­­լի օժան­­դա­­­կու­­թեան։ Բո­­լորը յայտնե­­ցին, թէ հայ մա­­մու­­լը կա­­րեւոր էր իր առա­­քելու­­թեամբ եւ այդ առա­­քելու­­թեան ցարդ գո­­յատե­­ւու­­մը կա­­րելի դար­­ձած էր յանձն առ­­նո­­­ւած զո­­հողու­­թեամբ։

Աւե­­լի քան եր­­կու ժամ տե­­ւող հան­­դիպման աւար­­տին, Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը յայտնեց թէ՝ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռը կը գնա­­հատէ Պոլ­­սա­­­հայ Մա­­մու­­լի գոր­­ծունէու­­թիւնը եւ իր բա­­րոյա­­կան աջակ­­ցութիւ­­նը կը բե­­րէ իրենց առա­­քելու­­թեան շա­­րու­­նա­­­կու­­թեան հա­­մար։ Կա­­րեւո­­րու­­թեամբ նշեց Հա­­յատառ մա­­մու­­լի գոր­­ծունէու­­թիւնը, որուն գլխա­­ւոր նպա­­տակն էր տէր կանգնիլ Արեւմտա­­հայե­­րէնի, նաեւ շեշ­­տեց որ հայ մա­­մու­­լը պէտք է մուտք գոր­­ծէ հայ հա­­մայնքի բո­­լոր խա­­ւերէն ներս։ Այս առ­­թիւ ներ­­կա­­­ներուն թե­­լադ­­րեց Հայ Հա­­մայնքի Հիմ­­նարկնե­­րու Միու­­թեան գծով հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­նալ նաեւ հա­­մայնքա­­յին վար­­չա­­­յիններուն հետ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ