ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԾԻՐ

Երկու շաբաթ առաջ, յարգելի ընթերցող, զրոյց ունեցեր էինք «արմատ» բառի վերաբերեալ։ Զարմացեր էինք, թէ ան ինչպէ՛ս թել առ թել խորացեր էր մայրենիի դաշտի մէջ, ու իր հաստատուն կայքէն դիտեր էր մեր գրաւոր լեզուի տասնվեց դարերը։ Իսկ այսօր մեր ուշադրութեան ծիրին մէջ կը մտնէ բառ մը, որ այնքան ամրացած չէ, որքան «արմատ»ը։ Այս բառը ի ծնէ սիրած է պտըտիլ, թաւալիլ, դեգերիլ, ոլորտիլ, շրջագայիլ ու աստղաբաշխային հեռաւորութիւններ չափել։ «Ծիր» բառն է ան, որ կը նմանի հայ ազգին- իր միջազգային, միջմոլորակային, ապա միջ-Ծիր-կաթինային ուղեւորութիւններէ յետոյ, պիտի վերադառնայ իր ելակէտին, իր ծննդավայրին, իր ինքնութեան։ Այս ակնարկութեանս մէջ, յարգելի ընթերցող, հայու քաղաքական որոնումները եւ խարխափումները նկատի ունիմ։ Անոնց մասին քիչ վերջ պիտի խօսինք։ Իսկ այժմ «ծիր» միավանկի հետ ծրագրուած շրջան մը կատարենք հինգերորդ դարէն մինչեւ մեր օրերը։

Անստոյգ է «ծիր» բառի ծագումը։ Լեզուներու տիեզերքի մէջ գոյութիւն ունին նոյնիմաստ եւ նմանաձայն բառեր, ինչպէս՝ վրացերէն «ծրէ», շրջանակ, թուշերէն (վրացական բարբառ) «ծերիլա» գրել, լազերէն «ճար», գրել, յունարէն «եիրոս» շրջան, ու լատիներէն «gyrus» շրջանակ։ Մեր «ծիր»ը Ոսկեդարուն ստացաւ յստակ ուղղութիւն։ Ապա անոր գիծէն իրենց ուրոյն շրջանը սկսան կատարել 30-ի չափ բարդ եւ ածանց նոր բառեր, ինչպէս՝ մոլորակ մը կ՛ունենայ իր արբանեակները։ Ահա քանի մը օրինակ. Ծիրակաթին, Ծիր-կաթին, ծիրային, լայնածիր, ծրագիր, ծրափակ, ծրաբոլոր, հասարակածիր։ Այս բառերը բոլորիս ծանօթ են եւ այժմէական։ Սակայն բառեր ալ կան, որոնք մերօրեայ հայերէնի ծիրէն դուրս ելած են։ Կ՛ուզեմ յիշել քանի մը հատը, քանզի խիստ պատկերալից են, ու լուսաւոր հետք մըն ալ թողած են մեր գրականութեան մէջ։ Ափնածիր- ափ գծող, ափ կազմող, եզերքը շրջագծող, «Ափնածիր սահմանք», Ագաթանգեղոս, «Գետակներն ափնածիր», Միսաք Մեծարենց, «Ափնածիր լեռներ», Մուրացան։ Աւազածիր- աւազի սահման ունեցող, «Աւազածիր եզերաց փրփուրի ժանեակներ», (Սեւ ծովը նկարագրող), Ինտրա։ Բոլորածիր- շրջանաձեւ, «Բոլորածիր կղզի», Վարդան Արեւելցի։ Քառածրագիծ- քառաթեւ, չորս մասերով գծագրուած կամ ձեւաւորուած, «Նշանն քրիստոսեան քառածրագիծ», Թովմա Արծրունի։ Ծովածիր- ծոուով սահմանագծուած, ծովով եզերուած, «Շրջափակեալ յամենայն կողմանց՝ ծոուածիր էր» (Պոլիսը նկարագրող), Ղազար Փարպեցի։ Սիրահար բանաստեղծներու եւ երգահաններու գործերուն մէջ ունեցանք նաեւ «լիածիր» եւ «սեւածիր» աչքեր։ Գրաբարեան հայերէնի մէջ բառս բազմաթիւ պտոյտներ կատարեց. «Ընդ ծիր երկնից շրջեսցի», «Արեգակն գնայ ընդ ծիրսն», «Ի ծիրս աստեղաց», «Մի ծրով փակեաց»։ Մովսէս Խորենացին գործածեց՝ «իբր զարտեւանանց խիտ եւ գեղեցիկ ծիր» արտայայտութիւնը, Երուանդակերտ քաղաքի այգեստաններու գեղեցիկ եւ չքնաղ բազմութիւնը նկարագրելու համար։ «Լուսածիր» ածականը յարմարեցաւ Շարլ Ազնաւուրին. «Շարլ Ազնաւուր իր արուեստով եւ մարդկային վեհ առաքինութիւններով դարձաւ լուսածիր ասուպ մը», հայկական մամուլ։ «Արծաթածիր» ածականով փայլեցաւ Դանիէլ Վարուժանի «Աղօրիք» քերթուածը. «Է՜յ աղօրիք, դարձի՛ր, դարձի՚ր, / Նստած կանանչ խորը ձորին. / Աղաղակէ՚ երգդ խորին / Դէպի լուսնակն արծաթածիր»։ Ինչքան կ՛ուզէի «ծիրէ բառի գեղեցկագոյն շառաւիղի՝ «ոսկեծիրէ ածականի համար ձեզի բերել կենսուրախ մէկ օրինակ, սակայն Սիամանթոյի ողբաձայն կանչը եղաւ աւելի ձգողական։ «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն» բանաստեղծութեան մէջ ակնցին ողբաց իր հայրենի տան աւերումին, անոր պատերուն, սենեակներուն ու այն հայելիին, որու խորութեան մէջ ցոլացեր էր դեռատի Ատոմի երազներն ու սէրերը. «Փշրեցա՞ւ, ուրեմն, այն հայելին ոսկեծիր»։

Մեր հիները գործածեր են «ծիր» բառի հարուստ կապակցութիւններ. անիւներու հետքը՝ գիծը՝ «Ծիր անուոց», կոպերու գիծը՝ «Ծիր արտեւանանց», հագուստի փէշը՝ քղանցքը՝ «Ծիր հանդերձից», հորիզոն՝ «Ծիր տեսութեան», աստղաբոյլ՝ «Ծիրք աստեղաց», երկիր մոլորակի մեծ, երեւակայական շրջանագիծի հարթութիւն՝ «Ծիր խաւարման»։ Միջնադարուն բառս մեծանուն բանաստեղծներու ուշադրութեան ծիրին մէջ մտաւ։ Գրիգոր Նարեկացին «Համբարձման տաղ»ի մէջ մրմնջեց հետեւեալ խօսքերը. «Ծոցածագենի ձագումն ծիր մշտածաւալ անփոխ...–, «Ծիր ի ծիր այնւոյ վառի վառեալ զդէմս»–։ Ապա Ներսէս Շնորհալին շշնջաց. «Հեզ կամար ի սէր շարժեալ, / Ծիր երկնի շաւիղ օդից»։

Նոր դարերուն, գեղապաշտ, քնարերգակ բանաստեղծներ սկսան «ծիր» բառի շուրջ ոլորտիլ։ «Բնութեան ծիրերից դուրս... ես ապրում եմ յաւերժաբար», ըսաւ Աւետիք Իսահակեանը։ Անոր զուգահեռ նշուլեցին ուրիշներ. «Լուսափ անծիր՝ կ՚ալեկոծի», Նիկողոս Սարաֆեան, «Նաւակը իր ետին կը թողու մի ծիր նրբի՜ն, սպիտա՜կ», Ինտրա, «Իրիկնային ծիրի (հորիզոն) միջից առկայծում են արեւի վերջին շողերը», «Գրական Թերթ»։

«Ծիր» բառը, զարմանալի բան, հայկական տպագիր գիրքի ծիրէն մազ մնաց բոլորովին դուրս պիտի մնար, եթէ լոյս չտեսնէին հետեւեալ երկու նորատիպ գիրքերը. «Հայասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու ծիրէն ներս», 1987, Պէյրութ, «Արցախեան ոգին երաժշտութեան ծիրի մէջ», 2000, Երեւան։

«Ծիր» բառը, որ «գիծ» եւ «գծել» բառերու հետ առընչութիւն ունի, Արցախի մէջ ստացաւ իւրայատուկ իմաստ՝ «ակօս»։ Այդ բարբառի մէջ դարձուածքներ ալ ունեցաւ. «Ծիր անել»՝ ակօսներ քաշել, «Ծրակոտոր անել»՝ արտը թէ՛ լայնքին եւ թէ՝ երկայնքին վարել, «Ծրել»՝ երկու արտի սահման ակօս քաշել։

Հայ ազգը, որ արմատ ազգ է, եղան օրեր, քաղաքական խարխափումներու, որոնումներու մէջ դարձաւ պատահական հովերու կամքին ենթակայ։ Դուրս ելած իր առանցքէն, ազգի մոլորեալ խաւ մը փորձեց օտարի ծիրին յանձնել ազգի ճակատագիրը։ 19րդ դարն էր ան, ազգային երկունքի եւ անորոշութիւններու դարը։ Մինչեւ այսօր հայը կը տատանի աջի ու ձախի, արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ։ Հայրենի մամուլի մէջ կը ցոլանայ այդ տագնապը. «Հայաստանն ամբողջովին մտնում է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական ծիրի մէջ», «Եւրոպական կողմը շահագրգռուած է, որպէսզի Հայաստանին պահի իր ծիրի մէջ», «Մենք հետաքրքրուած ենք Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս ընդելուզման յետագայ խորացումով»։ Այս անձուկ վիճակի մէջ, յարգելի ընթերցող, արտօնեցէք, որ ես այսօր թողարկեմ նոր բառ մը՝ «Ինքնածիր»։ Բազմաթիւ եւ բազմաշերտ ըլլալ կ՚երեւի անոր իմաստը. «Ինքնուրոյն ծրագրին հետեւող, ինքնամփոփ, ինքնագիտակից, ինքնաճանաչ, ոչ-օտարամոլ, անկախ»։ Եւ այս բառը թող ունենայ իր ուղեւորութիւնը հայկական լեզուի եւ մտքի անծայրածիր տարածութեան մէջ։

Մեր պտոյտի վերջին հանգրուանն է Պոլիսը, ուր բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի «Ափօլլօ-14» բանաստեղծութեան առանցքը կազմեր է «ծիր» բառը. (կրճատումներով)

Լուսնի ծիրին մէջ մտաւ

Դարձաւ ու դարձաւ խելայեղ...

Եւ իջաւ լուսնի կոյս հողը համբուրեց

Յետոյ... Լուսնի ծիրէն ելաւ – փրկուեցաւ

Քու ծիրիդ

Քու ծիրիդ մէջ եթէ մտնէր Լօ (սիրածի անունը՝ կրճատուած)

Չէր ազատեր Ափօլլօ։

Մինչեւ մեր յաջորդ զրոյցը՝ ձեր յոյսերը եւ սէրերը ըլլան անծայրածիր։