Թէլմա Էմէն. «Մենք՝ հայերս, իրար բռնելը պէտք է սորվինք»

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ

 

Նկարչու­հի Թէլ­­մա Էմէ­­նին առա­­ջին ան­­գամ հան­­դի­­­պած եմ 1997-ին, Շո­ւէտիոյ մէջ ապ­­րած ամիս­­նե­­­րուն, այ­­նուհե­­տեւ եւս եր­­կու ան­­գամ՝ Իս­­թանպու­­լի եւ Ստոկ­­հոլմի մէջ։ Խիստ դրա­­կան, ժպտուն, ջեր­­մա­­­գին, պոլ­­սա­­­հայ ազ­­նուակիրթ ժա­­ռան­­գա­­­կանու­­թիւնով օժ­­տուած այդ տի­­կինը այս տա­­րի կը դառ­­նայ 75 տա­­րեկան։ Անոր տոհ­­մէն եղած են ու­­շագրաւ ան­­ձինք։ Մեծ հօր հօ­­րեղ­­բայրը՝ Սրա­­պիոն վար­­դա­­­պետ Էմի­­նեանը (1823–1854), եղած է Վիէն­­նա­­­յի Մխի­­թարեան միաբա­­նու­­թեան ան­­դամ, 1853-ին հրա­­տարա­­կած է «Բա­­ռագիրք երեք­­լե­­­զուեան գաղ­­ղիերէն-հա­­յերէն-տաճ­­կե­­­րէն» աշ­­խա­­­տու­­թիւնը։ Հայ­­րը՝ բնիկ պոլ­­սե­­­ցի Լէոն Անտրէ Էմէ­­նը, ստա­­ցած է ճար­­տա­­­րապե­­տի եւ իրա­­ւաբա­­նի կրթու­­թիւն, սա­­կայն ողջ կեան­­քին աշ­­խա­­­տած է դե­­ղերու լա­­պորա­­տորիայի մէջ։ Հայ­­րա­­­կան մեծ մայ­­րը՝ Արաք­­սի Քիւ­­չիւքեան-Էմի­­նեանը, եղած է հա­­գուստներ ձե­­ւաւորող, իսկ մայ­­րը՝ ծա­­գու­­մով Տրա­­պիզո­­նէն Սո­­նա Էմէ­­նը (ծնեալ Փիւսքիւ­­լեան), եղած է քոզ­­մե­­­տոլոկ, նաեւ ար­­հեստա­­վարժ կեր­­պով դաշ­­նա­­­մուր նո­­ւագած է՝ աշա­­կեր­­տած է պոլ­­սա­­­հայ ճա­­նաչո­­ւած դաշ­­նա­­­կահար Ստե­­փան Բա­­բելեանին։

Թել­­մա Էմէ­­նը միջ­­նա­­­կարգ կրթու­­թիւնը ստա­­ցած է Փան­­կալթըի Մխի­­թարեան վար­­ժա­­­րանի մէջ եւ Աւստրիական լի­­սէի մէջ։ 1970–1973 թո­­ւական­­նե­­­րուն ու­­սա­­­նած է Իս­­թանպու­­լի Գե­­ղարո­­ւես­­տի դպրոցի մէջ։ 1973-էն կը բնա­­կուի Շո­­ւէտիայ։ Տա­­րիներ շա­­րու­­նակ եր­­կու դպրո­­ցի մէջ աշ­­խա­­­տած է որ­­պէս նկար­­չութեան ու­­սուցիչ, միաժա­­մանակ դա­­սաւան­­դած մե­­ծահա­­սակ­­նե­­­րու դպրո­­ցի երե­­կոյեան դա­­սըն­­թացնե­­րուն։ Պար­­բե­­­րաբար մաս­­նակցած է Շո­­ւէտի նկա­­րիչ­­նե­­­րու ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րուն, երեք տաս­­նեակէն աւե­­լի ան­­հա­­­տական ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ ու­­նե­­­ցած է Շո­ւէտիոյ, Իս­­թանպուլ, Փա­­րիզ եւ Ֆլորիտա­­յի (ԱՄՆ) մէջ։ Աշ­­խա­­­տանքնե­­րը կը գտնո­­ւին Շո­­ւէտիայի, Հա­­յաս­­տա­­­նի, Ֆրան­­սա­­­յի, Շվեյ­­ցա­­­րիայի, Աւստրիայի, Նոր­­վե­­­կիայի, Նի­­տեռ­­լանդնե­­րի, ԱՄՆ-ի, Գա­­նատա­­յի, Եգիպ­­տո­­­սի, Թուրքիայի, Քու­­վէյթի ան­­հա­­­տական հա­­ւաքա­­ծու­­նե­­­րու մէջ...։

«Թել­­մա­­­յի արո­­ւես­­տը բո­­ցի խաղ է, երե­­ւակա­­յու­­թեան, գոյ­­նի եւ մո­­թիֆի խաղ։ Ան իր կտաւ­­նե­­­րը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ որ­­պէս բա­­նաս­­տեղծա­­կան գե­­րիրա­­պաշ­­տութիւն։ Թել­­մա­­­յի հիմ­­նա­­­կան մո­­թիֆ­­ներն են մարդկու­­թիւնը, անոր կեան­­քը, ճա­­կատա­­գիրը։ Անոր նկար­­նե­­­րուն առ­­կայ է ազա­­տու­­թեան զգա­­ցու­­մը եւ հեգ­­նանքը շրջա­­պատող աշ­­խարհի նկատ­­մամբ», գրած է Շո­­ւէտիայի կեդ­­րո­­­նական թեր­­թե­­­րէն «Սվենսքա դագբլա­­դեդը» 1984 թո­­ւակա­­նին։

Թել­­մա Էմէ­­նի հետ իմ զրոյ­­ցին աշ­­խա­­­տած եմ պահ­­պա­­­նել անոր մայ­­րե­­­նի պոլ­­սա­­­հայ բար­­բա­­­ռը...

–Սի­­րելի Թէլ­­մա, ինչպէ՞ս դար­­ձար նկա­­րիչ։

–Նկա­­րել սկսած եմ վեց տա­­րեկա­­նէս։ Սկիզբնե­­րը ջրա­­ներ­­կով կը նկա­­րէի։ Յե­­տոյ հայ­­րիկս ջրան­­կարներս ցոյց տո­­ւաւ թուրք ծա­­նօթ գծագ­­րի­­­չի մը։ Ան չհա­­ւատաց, որ միտ­­քէս նկա­­րած եմ ասոնք։ Յե­­տոյ Պոլ­­սոյ Գե­­ղարո­­ւես­­տի ակա­­դէմիայէ շրջա­­նաւարտ Անա­­հիտ Աբ­­գա­­­րեանէն սոր­­վե­­­ցայ իւ­­ղա­­­ներ­­կի թեք­­նի­­­քը։ Առա­­ջին ցու­­ցա­­­հան­­դէսս Կեդ­­րո­­­նական վար­­ժա­­­րանի մէջ էր, 1969-ին, ապա միւս տա­­րի՝ «Մո­­տըրն Կա­­լէրի», ուր փրոֆ. Շե­­րեֆ Աք­­տի­­­քին ծա­­նօթա­­ցայ։

–Իսկ ինչպէ՞ս յայտնո­­ւեցիր Շո­­ւէտիոյ մէջ։

–Փրո­­ֆեսոր Աք­­տիք տունս կու գար եւ կը դի­­տէր նկար­­ներս։ Օր մը ըսաւ. «Աղ­­ջի՚կս, դուն Եւ­­րո­­­պա պէտք է եր­­թաս»։ Իր այս խօս­­քին վրայ հայ­­րիկս Վե­­նետի­­կի Մխի­­թարեան­­նե­­­րու Սուրբ Ղա­­զար կղզիին վան­­քը հե­­ռաձայ­­նեց ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի հա­­մար։ Եւ այսպէս նախ Վե­­նետիկ, յե­­տոյ Վիեն­­նա գա­­ցի։ Մխի­­թարեան­­նե­­­րուն վան­­քէն վար­­դա­­­պետի մը մի­­ջոցաւ 1973-ի Հոկ­­տեմբեր 3-ին Վիեն­­նա­­­յի ակա­­դեմիային սրա­­հին մէջ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի օր առի։ Երեք ամիս ժա­­մանակ ու­­նէի։ Դպրո­­ցէն ամէ­­նէն մօ­­տեռն ըն­­կե­­­րու­­հիս, որ Շո­­ւէտի Հալմսթադ քա­­ղաքը փո­­խադ­­րո­­­ւած էր, իր քո­­վը հրա­­ւիրեց, ետքն ալ զիս հա­­մոզեց Հալմսթա­­դի մէջ ցու­­ցա­­­հան­­դէս մը բա­­նալու։ Զա­­տեցի 43 նկար եւ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը բա­­ցինք Հալմսթա­­դի շատ համ­­բա­­­ւաւոր պատ­­կե­­­րաս­­րա­­­հի մը մէջ։ Սա­­կայն բա­­ցու­­մին երկրորդ օրը ցու­­ցասրահ եր­­թա­­­լուս՝ պա­­րապ պա­­տերու հետ դի­­մաւո­­րուե­­ցայ։ Ըսին, թէ հո­­լան­­տա­­­ցի հա­­ւաքորդ մը բո­­լորը գնած է, սա­­կայն վեր­­ջը ո՛չ 43 նկար­­ներս տե­­սայ, ո՛չ ալ անոնց դրա­­մը։ Ատոր սպա­­սու­­մով Շո­­ւէտ մնա­­ցի ու մին­­չեւ հի­­մա հոս եմ։

–Իսկ մեզ կը թո­­ւէր, թէ Եւ­­րո­­­պայի մէջ նման բա­­ներ չ՚ըլ­­լալ... Ի՞նչ կ՚ըսես այ­­սօրուայ շո­­ւէտա­­կան նկար­­չութեան մա­­սին։

–Շատ մութ ոճ մը ու­­նին եւ միշտ ու­­րիշ մեծ գծան­­կա­­­րիչ­­նե­­­րու շու­­քին տակն են։ Ինչպէս առ­­հա­­­սարակ Արեւ­­մուտքի մէջ, մա­­քուր, բա­­ռին իս­­կա­­­կան առու­­մո­­­վը նկար­­չութիւն չկայ նաեւ Շո­­ւէտի մէջ։ Ար­­դի շո­­ւէտա­­կան գծագ­­րութիւ­­նը իմ­­փուլս մըն է։ Նկա­­րիչ­­նե­­­րը ճամ­­բայ մը չու­­նին իրենց միտ­­քին մէջ, կը գծեն առանց գիտ­­նա­­­լու՝ վեր­­ջը ի՞նչ պի­­տի ըլ­­լայ։ Բան մը մէջ­­տեղ ել­­լէ՝ աղէկ, չե­­լաւ՝ վրան նո­­րը կը գծեն։ Եւ այսպէս շա­­րու­­նակ։ Եթէ նկար մը եր­­կար ատեն չյա­­ջողին վա­­ճառել՝ վրան նո­­րը կը գծեն, եթէ ատի­­կա ալ չվա­­ճառո­­ւի՝ ու­­րիշ մը վրան կը գծեն եւ այսպէս շա­­րու­­նակ...։

–Իսկ Թէլ­­մա Էմէնն ի՞նչ կ՚ար­­տա­­­յայ­­տէ իր նկար­­նե­­­րուն մէջ։

–Տար­­բեր բա­­ներ։ Օրի­­նակ, մար­­դուս ազա­­տու­­թիւնը խան­­գա­­­րող արարքնե­­րու հետ իմ ան­­հաշտու­­թիւնս։ Ես իմ դա­­րուս մարդն եմ եւ կ’ու­­զեմ, որ ինձմէ ետ­­քը մար­­դիկ գոր­­ծերս դի­­տելով՝ գիտ­­նան, թէ այս ժա­­մանակ­­նե­­­րուն մար­­դիկ ա՚յս խնդիր­­նե­­­րը ու­­նե­­­ցած են... Իմ չորս պա­­տիս մէջ սե­­փական փի­­լիսո­­փայու­­թիւնս, սե­­փական քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնս կը վա­­րեմ, ու­­րիշնե­­րը ըն­­դունին՝ աղէկ, չըն­­դունին՝ իրենց գործն է։ Նկար­­չութիւ­­նը մէկ մասս է, պզտի­­կու­­թեանս ատե­­նէն ին­­ծի հետ քա­­լող բան մը... Կեան­­քը կը սի­­րեմ, մար­­դի­­­կը կը սի­­րեմ, աշ­­խարհի անար­­դա­­­րու­­թիւննե­­րու հան­­դէպ չեմ կրնար ան­­տարբեր մնալ, եւ ասոնց վրայ ալ մո­­թիւ­­ներս մէջ­­տեղ կ՚ել­­լեն...

–Իսկ ի՞նչ եղա­­նակով կը ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծես։

–Ին­­ծի հա­­մար նախ գա­­ղափա­­րը կը ծնի, ետ­­քը՝ վեր­­նա­­­գիրը, որ­­մէ ետքն ալ՝ պատ­­կե­­­րը։ Շատ ան­­գամ գա­­ղափար մը կրնայ միտ­­քիս մէջ եր­­կար մնալ, հա­­սուննալ, յան­­կարծ մէ­­կէն կը սկսիմ գծել։ Նոյն ատեն կեան­­քիս մէջ հո­­գեկան ներ­­դաշնա­­կու­­թիւն պէտք է ու­­նե­­­նամ նկար մը ստեղ­­ծե­­­լու հա­­մար, ըլ­­լայ մեծ թէ փոքր։ Ան­­շուշտ, մեծ կտաւ­­նե­­­րուս հա­­մար էս­­քիզներ կընեմ։ Միայն աբսթրաքթ նկար­­ներս կը ծնին յան­­կարծա­­կի. չես կրնար աբսթրաքթ նկա­­րի մը հա­­մար էս­­քիզ ընել...։ Ար­­դէն մար­­դուս իմ­­փուլսն ինքնին աբսթրաքթ է...։

–Որ­­պէս ու­­սուցիչ ե՞րբ ապ­­րած ես ամե­­նամեծ գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւնը։

–2001-ին ամ­­բողջ աշ­­խարհի դպրոց­­նե­­­րուն տո­­ւած էին «Յա­­ռաջի­­կայի նա­­ւը» կա­­ռու­­ցե­­­լու խնդի­­րը, ուր պի­­տի ցուցնէին, թէ ի՚նչն է կա­­րեւո­­րը յա­­ռաջի­­կայի հա­­մար։ Ստոկ­­հոլմի Ռեոգսվէ­­դի դպրո­­ցը ին­­ծի յանձնա­­րարեց կա­­տարել այդ ինսթա­­լասիոնը։ Կը խոր­­հիմ, որ հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը կա­­րեւոր է մե­­զի հա­­մար։ Ներ­­կա­­­յացու­­ցի իմ գա­­ղափարս՝ կա­­պոյտ ժա­­պաւէն մը գծել մեր Վանթյո­­րի թա­­ղապե­­տարա­­նի շուրջը, որ ըրի արո­­ւես­­տակցիս՝ Քյէլ Օլ­­սո­­­նին հետ, 15 քի­­լոմեթր շրջա­­նով։ Բա­­ցու­­մին օրը Վան­­թեոր թա­­ղի դպրոց­­նե­­­րուն բո­­լոր աշա­­կերտնե­­րը ձեռք ձեռ­­քի տո­­ւած կե­­ցան կա­­պոյտ ժա­­պաւէ­­նին վրայ։ Ամ­­բողջ աշ­­խարհէն մաս­­նա­­­կից­­ներ կա­­յին, նաեւ Հա­­յաս­­տա­­­նէն, որ հա­­ւաքո­­ւեցանք Ստոկ­­հոլմի «Էրիք­­սոն գլոբ» արէ­­նայի մէջ։ Բո­­լորը 48 ժա­­մուան մէջ շի­­նեցին իրենց ինսթա­­լասիոն­­նե­­­րը։ Երբ վեր­­ջա­­­ցու­­ցին իրենց գոր­­ծը, ես 15 քի­­լոմեթր եր­­կա­­­րու­­թեամբ ժա­­պաւէ­­նով կա­­պեցի բո­­լորին աշ­­խա­­­տանքնե­­րը։ Նոյն ատե­­նը «Էրիք­­սոն կլոպ» արե­­նայի մէջ իմ աշա­­կերտներս ցոյց տո­­ւին իրենց իւ­­ղա­­­ներկ նկար­­նե­­­րը։ Աւե­­լի քան 1000 պատ­­կեր գծած էին Ռեոգսվէդ եւ Սնեոսէթ­­րա դպրոց­­նե­­­րու իմ աշա­­կերտներս՝ առա­­ջին եւ ին­­նե­­­րորդ դա­­սարան­­նե­­­րէն։

–1984-ին նկա­­րեցիր քու «Մո­­նա Լի­­զան»՝ ամե­­րիկու­­հի ու­­սումնա­­սիրող Լի­­լեան Շո­­ւար­­ցից առաջ առա­­ջադ­­րե­­­լով այն վար­­կա­­­ծը, որ այն իրա­­կանին կրնայ եղած ըլ­­լալ Լեոնար­­տո­­­յի ինքնան­­կա­­­րը...

–Տա­­կաւին 1978-ին «Մո­­նա Լի­­զա» մը գծե­­ցի, ուր կնոջ ետե­­ւի փէյ­­զա­­­ժը կար­­ծես Մո­­նա Լի­­զայի մէ­­ջէն կանցնէր։ Օր մը սե­­նեակին մէջ կի­­սամութ էր, նկա­­րիս մէջ միայն վառ գոյ­­նե­­­րը կ՚երե­­ւային։ Այն ատեն էր, որ երե­­ւեցաւ Լեոնար­­տօ Տա Վին­­չիին յայտնի ինքնան­­կա­­­րը։ Շատ զար­­մա­­­ցայ, միտքս զբա­­ղիլ սկսաւ այս խնդրով, թէ ար­­դեօք Լեոնար­­տօն ինքզինք չէ՞ նկա­­րած Մո­­նա Լի­­զայի տես­­քով։ Եւ շու­­տով ճամ­­բայ մը գտայ վար­­կածս ապա­­ցու­­ցե­­­լու։ Լեոնար­­տո­­­յին ինքնան­­կա­­­րը նկա­­րեցի թուղթի մը վրայ, ետ­­քը թուղթը շրջե­­ցի եւ միւս կող­­մի վրայ դէմ­­քի քա­­նի մը գի­­ծերը քա­­շելով՝ մէջ­­տեղ եկան Մո­­նա Լի­­զային ծա­­նօթ գի­­ծերը... Ատ­­կէ ետք շո­­ւէտա­­կան հե­­ռատե­­սիլէն եկան, նկա­­րեցին այս պատ­­մութիւ­­նը, բայց ետ­­քը ին­­ծի լուր տո­­ւին, թէ պի­­տի չցուցնեն, իբր Մո­­նա Լի­­զայի ար­­ժէ­­­քը այդպէ­­սով պի­­տի իյ­­նայ եղեր։ Ատ­­կէ տա­­րի մը ետք շո­­ւէտա­­կան բո­­լոր թեր­­թե­­­րը գրե­­ցին, թէ ամե­­րիկու­­հի մը հա­­մակար­­գի­­­չով փոր­­ձած է ցուցնել, թէ Մո­­նա Լի­­զա Լեոնար­­տո­­­յին ինքնան­­կարն է, բան մը, որ ես առանց հա­­մակար­­գի­­­չի ար­­դէն մտա­­ծած էի...։

–Իսկ ի՞նչ տեղ ու­­նի Թէլ­­մա Էմէ­­նը այ­­սօ­­­րուայ Շո­­ւէտի նկար­­չութեան մէջ։

–Ես Շո­­ւէտի արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու միութեան ան­­դամ եղած եմ դա­­տակազ­­մի որոշու­­մով։ Եւ միակ դրսե­­ցին եմ միու­­թեան մէջ։ Շո­­ւէտի նկա­­րիչ­­նե­­­րու եւ արո­­ւես­­տա­­­սէր­­նե­­­րու շրջա­­նակ մը զիս կը ճանչնայ, անոնց հա­­մար եր­­կար ատեն Թել­­մա Էմէ­­նը սեւ մա­­զերով իւ­­րա­­­յատուկ կին մըն է, տե­­սակ մը արե­­ւելեան հով։ Նոյ­­նը կրնանք ըսել նկար­­նե­­­րուս մա­­սին։ Նկա­­րելու մէջ խոր­­հե­­­լուս կերպն արե­­ւելեան է, շո­­ւէտա­­ցիի գա­­ղափա­­րով՝ շատ տար­­բեր կը գծեմ իրենցմէ։ Ինչպէս կը տես­­նէք, գոր­­ծա­­­ծած գոյ­­ներս շատ ալ վառ չեն, սա­­կայն շո­­ւէտա­­ցիի աչ­­քին ատոնք շատ վառ են, եւ այս պատ­­ճա­­­ռով զիս արե­­ւելեան կը նկա­­տեն։ Իրենց նկար­­չութեան մէջ մեծ մա­­սը պաղ գոյ­­ներ են՝ մոխ­­րա­­­գոյն, սեւ-ճեր­­մակ... իսկ ին­­ծի հա­­մար սե­­ւը գոյն չէ, ճեր­­մա­­­կը գոյն չէ, այլ՝ գոյ­­նի բա­­ցակա­­յու­­թիւն։ Յա­­ճախ զիս չեն հասկնար, ու­­րիշ մեկ­­նա­­­բանու­­թիւններ կու տան նկար­­նե­­­րուս։ Ես կը հասկնամ, որ շո­­ւէտա­­ցին եր­­բեք նկար­­չութեան նիւթ չի դարձներ, օրի­­նակ, ամուսնա­­կան ան­­հա­­­ւատար­­մութիւ­­նը։ Նոյն ատեն, ես ան­­տարբեր եմ, ըսենք, վի­­քինգնե­­րու առաս­­պե­­­լին նկատ­­մամբ, ցան­­կութիւն չու­­նիմ գծել զա­­նոնք։

–Դուն կամ քննա­­դատ­­նե­­­րը որե­­ւէ հայ­­կա­­­կան բան կը տես­­նե՞ն գոր­­ծե­­­րուդ մէջ։

–Նկար­­ներս ուղղա­­կի հայ­­կա­­­կան չեն, ես ամ­­բողջ աշ­­խարհի դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը մար­­դա­­­սիրա­­կան ոգիով մը կը նկա­­րեմ, սա­­կայն գոյ­­նե­­­րուս յօ­­րինո­­ւած­­քին մէջ հայ­­կա­­­կան ջեր­­մութիւ­­նը կը ծա­­գի։

–Բա­­ցառու­­թիւն է, թե­­րեւս, քու «Յար­­գանքի տուրք Կրե­­տա Կար­­պո­­­յին եւ Ռու­­բէն Մա­­մու­­լեանին» կտա­­ւը, որ­­տեղ այդ հո­­լիվու­­տեան մե­­ծու­­թիւննե­­րուն պատ­­կե­­­րած ես Շո­­ւէտիայի եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի դրօշ­­նե­­­րու խոր­­քին։ Գի­­տեմ, որ Էմի­­նեան ըն­­տա­­­նիքը հե­­տաքրքրա­­կան պատ­­մութիւն ու­­նի։ Մալ­­թա­­­յի մէջ նշա­­նաւոր Էմի­­նեան­­ներ կան, ազ­­գա­­­կա՞ն են։

–Այո, աղջկաս՝ Մէ­­տիին հետ Մալ­­թա­­­յի Էմի­­նեան­­նե­­­րու հետ յա­­րաբե­­րութեան մէջ մտանք։ 1960-ական­­նե­­­րուն Վե­­նեսո­­ւելա­­յէն Էմի­­նեան մա­­կանու­­նով մէ­­կը հայ­­րի­­­կիս այ­­ցե­­­լեց Պոլ­­սոյ մէջ եւ հօրս տո­ւաւ թուղթեր իրենց տոհ­­մա­­­ծառին մա­­սին, որ մին­­չեւ հայ­­կա­­­կան թա­­գաւո­­րու­­թեան կը հաս­­նէր։ Մեծ-մեծ-մեծ հայ­­րիկներս թա­­գաւո­­րին ամէ­­նէն մօտ զի­­նուոր­­ներն են եղեր, որ Մալ­­թա եկած են, յե­­տոյ անոնցմէ մաս մը Թուրքիա ան­­ցած է։ Այս ամ­­բողջ թուղթե­­րը հայ­­րիկս պա­­հած էր, սա­­կայն անոր մա­­հէն վերջ կոր­­սո­­­ւեցան... Ըն­­տա­­­նիքիս մէջ շա­­տեր մա­­թեմա­­տիկոս կամ գծագ­­րիչ են եղեր։ Քոյրս մա­­թեմա­­թիկոս է եւ ես՝ գծագ­­րիչ։ Հի­­մա Թուրքիոյ Էմի­­նեան­­նե­­­րու ճիւ­­ղէն մի­­նակ ես մնա­­ցած եմ, աղ­­ջիկս եւ անոր աղ­­ջի­­­կը։ Եւ թէեւ թոռ­­նի­­­կիս հայ­­րը շո­­ւէտա­­ցի է, սա­­կայն մենք իր մա­­կանունն ալ Էմէն գրե­­ցինք՝ քիչ մը աւե­­լի եր­­կա­­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար մեր ըն­­տա­­­նիքին անու­­նը։

–Երբ 1973-ին Շո­­ւէտիա եկար, շատ քիչ հայ կար երկրի մէջ։ Հի­­մա անոնց թի­­ւը մե­­ծացած է։ Շո­­ւէտաբ­­նակ հա­­յերը կը ճանչնա՞ն քեզ։

–Կան, որ կը ճանչնան։ Օրի­­նակ, տա­­րիներ առաջ ես գծե­­ցի Կա­­րօ Յա­­կոբեանի բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու գիր­­քին կող­­քը։ Քա­­նի մը տա­­րի առաջ Հա­­յաս­­տա­­­նի դես­­պա­­­նատու­­նը ցու­­ցա­­­հան­­դէս ու­­նե­­­ցայ։ Դես­­պան Ար­­տակ Ապի­­տոնեանը շատ լաւ դի­­մաւո­­րեց, քա­­նի մը հա­­յեր եկան։ Այս տա­­րի ու­­նե­­­ցած ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սիս հա­­մար նոր դես­­պա­­­նին հրա­­ւիրա­­գիր տո­­ւի, սա­­կայն դժբախ­­տա­­­բար ձայն-ձուն չե­­լաւ։ Մենք՝ հա­­յերս, իրար բռնե­­լը պէտք է սոր­­վինք։

–Իսկ ին­­չի՞ վրայ կ՚աշ­­խա­­­տիս հի­­մա։

–Հի­­մա ես գիրք մը կը գրեմ։ Ասի­­կա ըլ­­լա­­­լու է ֆիք­­սիոն մը շո­­ւէտե­­րէնով իմ կեան­­քիս պատ­­մութեան մա­­սին։ Ան կը սկսի 19-րդ դա­­րուն, ինչպէս թիւ մէկ աշ­­խարհին ըն­­տա­­­նիքը կը հսկէ թիւ եր­­կու աշ­­խարհին ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ