Օրթագիւղի ոչ համոզիչ բացատրութիւնը

Օրթա­գիւ­ղի թա­ղական խոր­հուրդը նկա­տի ու­նե­նալով «Ակօս»ի նա­խորդ շա­բաթո­ւայ լրա­տուու­թիւնը եւ անոր եկած ար­ձա­գանգնե­րը յա­տուկ լու­սա­բանու­թիւն մը յանձնած է թեր­թիս խմբագ­րութեան։ Տո­ւեալ լու­սա­բանու­թեան մէջ թա­ղակա­նու­թիւնը իր վրդո­վու­մը կը յայտնէ հա­սարա­կու­թեան շրջա­նակ­նե­րէ եւ յատ­կա­պէս ալ Կրօ­նական ժո­ղովէ եկած քննա­դատու­թիւննե­րուն հան­դէպ։ Նշենք որ Օր­թա­գիւ­ղի եւ Պիւ­յիւքտե­րէի թա­ղակա­նու­թիւննե­րը իրենց նո­ւազած կազ­մե­րը ամ­բողջա­ցուած էին ատե­նապե­տերու հա­րազատ զա­ւակ­նե­րը իբ­րեւ թա­ղական նշա­նակե­լով։ Այս նշա­նակու­մը նաեւ վա­ւերա­ցուած էր Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան կող­մէ։

Թա­ղակա­նու­թիւնը ճիշդ ալ այս վա­ւերաց­ման հի­ման վրայ կ՚ար­դա­րաց­նէ իր որո­շու­մը։ Կը փա­ռաբա­նէ նշա­նակո­ւած­նե­րուն յատ­կութիւննե­րը մա­նաւանդ դի­տել տա­լով թէ անոնք նա­խընտրո­ւած են բա­ցի իրենց ան­հա­տական կա­րողու­թիւննե­րէն եկած ըն­տա­նիք­նե­րուն ալ գնա­հատու­մով։ Թա­ղակա­նու­թեան լու­սա­բանու­թիւնը կը յի­շեց­նէ յօնք սար­քե­լու պա­հուն աչք հա­նելու երե­ւոյ­թը։ Մա­նաւանդ ու­շագրաւ էր «Ինչ է՛ մե­զի դի­մող եղաւ եւ մե՞նք մեր­ժե­ցինք» հար­ցումը։

Կարճ խօս­քով բա­ցատ­րութիւ­նը բա­ւական հե­ռու է գո­յացած վի­ճայա­րոյց ըն­թացքը ար­դա­րաց­նե­լու կա­րողու­թե­նէ։

Ինչպէս նա­խապէս ալ ըսած ենք յստակօրէն յայտնի է որ նման գայ­թակղու­թիւննե­րու միակ լու­ծումը ան­հա­պաղ կեր­պով ընտրու­թիւննե­րու կայացումն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ