Դատական անսպառ օրակարգ

7Յուլիս երեք­­շաբթի օր Իս­­թանպու­­լի 14-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ Ատեանի մէջ շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցաւ Հրանդ Տին­­քի դա­­տավա­­րու­­թեան եռօ­­րեայ նիս­­տը։ Երեք­­շաբթի օր դա­­տարա­­նը լսեց ան­­ցեալին «Ֆօքս» հե­­ռուստա­­կայա­­նի աշ­­խա­­­տակից Սո­­նէր Տա­­պաղի եւ Իս­­թանպու­­լի Ոս­­տի­­­կան Զօ­­րաց հրա­­մանա­­տարու­­թե­­­նէն Ալի Օքու­­րի վկա­­յու­­թիւննե­­րը։ Դա­­տարա­­նը մեր­­ժեց Տինք ըն­­տա­­­նիքի փաս­­տա­­­բանի կող­­մէ պա­­հան­­ջո­­­ւած Ազ­­գա­­­յին Լրա­­քաղու­­թեան Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան (MİT) պաշ­­տօ­­­­­նե­­աներուն Հ. Քու­­պի­­­լայ Կիւ­­նայ, Էօզել Եըլ­­մազ եւ Հան­­տան Սել­­չուքի դա­­տարան ներ­­կա­­­յանա­­լով բա­­ցատ­­րութիւն տա­­լու պա­­հան­­ջը։ Դա­­տարա­­նը նա­­խապէս այս մա­­սին Ազ­­գա­­­յին Լրա­­քաղու­­թեան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան դի­­մում կա­­տարած էր, բայց այդ դի­­մու­­մը ան­­պա­­­տաս­­խան մնա­­ցած։ Այս նիս­­տին փաս­­տա­­­բան Հա­­քան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լու կրկնեց իր պա­­հան­­ջը, որ մեր­­ժո­­­ւեցաւ դա­­տակազ­­մին կող­­մէ Դա­­տակազ­­մը սա­­կայն յօ­­ժարու­­թիւն յայտնեց ոճի­­րի թո­­ւակա­­նին կազ­­մա­­­կեր­­պութեան Իս­­թանպու­­լի Շրջա­­նային Տնօ­­րէն Ահ­­մետ Քէօք­­սո­­­յի վկա­­յու­­թիւնը լսե­­լու հա­­մար դար­­ձեալ դի­­մում կա­­տարե­­լու մա­­սին։

Մինչ այդ Հրանդ Տին­­քի ոճի­­րը քննար­­կող դա­­տակազ­­մի պե­­տը հին­­գե­­­րորդ ան­­գամ է որ կը փո­­խուի։ 7-8 եւ 9 Յու­­լի­­­սի նիս­­տե­­­րուն կը նա­­խագա­­հէ Աքըն Կիւրլեք։

Վի­­ճելի դա­­տավ­­ճիռ

Միւս կող­­մէ երեք տա­­րի առաջ Մեծ Կղզիի մէջ կա­­յացած սո­­վորա­­կան ժո­­ղովի մը մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը բեր­­ման են­­թարկո­­ւած եւ ապա ձեր­­բա­­­կալո­­ւած էին գաղտնի ժո­­ղով գու­­մա­­­րելու մե­­ղադ­­րանքով։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ կա­­տարո­­ւածը մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպա­­նու­­թեամբ զբա­­ղուող հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու խորհրդակ­­ցա­­­կան մէկ հան­­դի­­­պումն էր միայն։ Դէպ­­քը իշ­­խա­­­նամետ մա­­մու­­լի կող­­մէ հա­­սարա­­կու­­թեան ներ­­կա­­­յացո­­ւեցաւ որ­­պէս գաղտնի կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու ընդհա­­տակեայ աշ­­խա­­­տու­­թիւն։ Շա­­րու­­նա­­­կուող դա­­տավա­­րու­­թիւնը աւար­­տին հա­­սաւ Թա­­նէր Քը­­լըչի «կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­­դա­­­մակ­­ցութեան» մե­­ղադ­­րանքով 6 տա­­րի 3 ամիս, Էօզ­­լեմ Տալ­­քը­­­րան, Իտիլ Էսեր եւ Կիւ­­նալ Քուրշու­­նին ալ «կազ­­մա­­­կեր­­պութեան օգ­­նել»ու մե­­ղադ­­րանքով 2 տա­­րի մէկ ամիս բան­­տարկու­­թեան վճի­­ռով։ Մնա­­ցեալ մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րը ան­­պարտ հռչա­­կուե­­ցան։

Յե­­րիւ­­րա­­­ծոյ եւ ան­­հիմն պնդումնե­­րով կա­­յացած այս վճի­­ռը ընդվզում պատ­­ճա­­­ռեց մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան­­նե­­­րու շրջա­­նակ­­նե­­­րէն ներս։ Մա­­նաւանդ ծի­­ծաղե­­լի գտնո­­ւեցաւ այն վար­­կա­­­ծը, ըստ որու հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչնե­­րը կը մե­­ղադ­­րո­­­ւէին իրա­­րու հետ բո­­լորո­­վին հա­­կասող չորս տար­­բեր ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­­դա­­­մակ­­ցութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ