ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՏԻՊ

-Տպաւորիչ բառ մը-

Վերանայուած Բ. տիպ

-Երկար ժա­մանակ այսպի­սի պա­տուէր չէի ստա­ցած։ Տիպ կ՚ու­զէք։

-Այո։ Նշխար տպե­լու փայ­տէ տիպ։ Մեր եկե­ղեց­ւոյ քա­հանան ու­զեց։ Դրամ ալ ու­ղարկեց։ Ըսաւ, թէ դուք Էջ­միած­նի վեր­ջին փայ­տա­փորագ­րիչն էք եւ տի­պեր ալ կը շի­նէք։

- Քա­նի՞ օր դեռ հոս էք։

- Միայն այ­սօր։ Վա­ղը կը վե­րադառ­նանք։

- Լաւ։ Սպա­սեցէք, կը պատ­րաստեմ։

Ու վար­պետ Կի­րակո­սը, ծե­րու­նի այդ ար­հեստա­ւորը,- ըստ երե­ւոյ­թին՝ վեր­ջի­նը իր տե­սակին մէջ-, կը նստի սե­ղանի­կին առ­ջեւ, վրան կ՚առ­նէ սեւ կա­շիէ գոգ­նո­ցը ու կը դա­սաւո­րէ գոր­ծիքնե­րը։ Վեր­ջիննե­րը եր­կու-երեք սե­րունդ հնու­թիւն ու­նին եւ ան­կասկած աւանդն են հին վար­պետնե­րու։ Անա Կի­րակո­սը քի­թին վրայ կը տե­ղաւո­րէ ակ­նո­ցը։ Սեւ շրջա­նակի վրայ նստած փո­շին կը վկա­յէ, թէ այդ գոր­ծի­քը ակա­նատեսն է բազ­մա­թիւ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու։ Տիպ փո­րագ­րե­լու «արա­րողու­թիւնը» կը ստեղ­ծէ հայ­կա­կան տի­պերու եւ «տիպ» բա­ռի մա­սին խօ­սելու հա­զուա­գիւտ ժամ մը։

- Տի­պեր փո­րագ­րե­լու արո­ւես­տը շատ հին աւան­դութիւն է։ Մեր եկե­ղեց­ւոյ պատ­մութեան չափ հին... Միջ­նա­դարեան վար­պետնե­րը ստեղ­ծե­ցին այնպի­սի գե­ղեցիկ տի­պեր, որոնք այ­սօր կը ցու­ցադրո­ւին մայ­րա­քաղա­քիս Ազ­գա­յին թան­գա­րանի մէջ։ Ի՞նչ նկար կ՚ու­զէք տի­պին վրայ։

-Խա­չելու­թիւն։ Եր­կու կող­մե­րու վրայ սղագ­րութիւն՝ «Յս Քս»։ 7 սան­թիմ տրա­մագի­ծով։ Պա­րոն Կի­րակոս, «տիպ» բա­ռը, հա­կառակ իր միավանկ փոքր կազ­մին, փրկա­րարի մեծ դեռ կա­տարեց հա­յոց պատ­մութեան մէջ, մա­նաւանդ ճգնա­ժամա­յին օրե­րուն։ Բա­ռը ծա­գու­մով յու­նա­կան է։ Նա­խատի­պը՝ «տի­պոս» -τύπος- որ բուն կը նշա­նակէ հա­րուած։ Անոր ար­մատն է «տիպ­տօ» բա­յը -τύπτω- «զար­նել»։

- «Զար­նել», այ­սինքն նաեւ քան­դա­կել, փո­րագ­րել իմաս­տով...

- Բա­ռի լա­տինե­րէնն է typus։ Ան ժա­մանա­կակից լե­զու­նե­րու մէջ առաւ type, typ, tipo ձե­ւերը։ Պա­րոն Կի­րակոս, այդ ար­մա­տով յոյ­նե­րը ու­նին ու­թը բառ, իսկ հա­յոց լե­զուն՝ 50։ Տպա­ւորիչ է այս երե­ւոյ­թը... Ժա­մանա­կի ըն­թացքին, արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու շի­նած փայ­տէ, մե­տաղէ կամ քա­րէ կա­ղապար­նե­րը դար­ձան «տիպ», ինչպէս՝ նշան, դրա­մի կնիք, պատ­կեր, ելն.։ Բա­ռը մուտք գոր­ծեց միջ­նա­դարեան Հա­յաս­տան, հո­գեւոր գրա­կանու­թեան մի­ջոցով։ Հրա­չեայ Աճա­ռեանի «Ար­մա­տական» բա­ռարա­նի վկա­յու­թեամբ, Ս. Եփ­րե­մի, Աղեք­սանդրա­ցի Փի­լոնի եւ Յով­հաննէս Ոս­կե­բերա­նի գոր­ծե­րուն մէջ «տիպ» բա­ռը նշա­նակեց «նա­խան­կար օրի­նակ»։ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի «Մա­տեան Ող­բերգու­թեան» եր­կին մէջ 22 ան­գամ հնչեց «տիպ» բա­ռը եւ անոր ճիւ­ղա­ւորումնե­րը- թխա­տիպ, հան­գունա­տիպ, նմա­նատիպ, ճշմար­տա­տիպ, տի­րատիպ։

- Կը յի­շեմ հա­տուած մը այդ բա­նաս­տեղծու­թե­նէն, ուր «տիպ»ը դար­ձեր է Աս­տուծոյ ուղղո­ւած խօսք. «Խոս­տո­վանեալ անուն, պաշ­տե­ցեալ պատ­կեր, ան­պա­րագիր տիպ»։ Գի­շեր­նե­րը կը սի­րեմ Նա­րեկ կար­դալ։

- Նման նկա­րագ­րութիւն մը ու­նի Ներ­սէս Շնոր­հա­լին. «Աս­տո­ւած անեղ եւ ան­ժա­մանակ... Լոյս ան­մա­տոյց, գե­րար­փի անուր, անուստ եւ տիպ ան­սահման»։ Մեր հին մա­տենագ­րութեան մէջ կան բազ­մա­թիւ այլ նկա­րագ­րութիւններ, ինչպէս՝ տիպ անո­րակ, տիպ դա­հեկա­նի, տիպ հո­գեղէն, տիպ լու­սա­փայլ, գե­ղեցիկ տիպ պատ­կեր, տիպ լու­սա­գեղ Աս­տո­ւածոր­դի, գե­ղանի շի­նուած մար­մին վա­յել­չա­տիպ, քաղցրա­հայեաց տիպ, իս­կա­տիպ մա­տեան, տիպ տեն­չա­կան։

- Իսկ մենք ու­նինք «Տիպդ կտրո­ւի» դար­ձո­ւած­քը, անէծք մըն է, մտեր­մա­կան յան­դի­մանու­թիւն նաեւ։ Պա­րագի­ծի վրայ զար­դա­րանք դնենք, ող­կոյզ, երկրա­չափա­կան գի­ծեր, տպա­ւորիչ կ՚ըլ­լայ։

- Շնոր­հա­կալ եմ։ Պա­րոն Կի­րակոս, գրա­բար հա­յերէ­նը ու­նէր «տիպ»ով շի­նուած պատ­կե­րալից ար­տա­յայ­տութիւններ՝ «Տիպ մե­ռելոց» ու­րո­ւական, «Տիպք կեր­պա­րանաց» կեր­պա­րանք, նկա­րագիր, «Ի տիպ» նման, ձեւ։

- Խա­չի ներ­քեւ կա­րելի է Ս. Էջ­միած­նի գմբէ­թի ու­րո­ւագի­ծը փո­րագ­րել։

- Լաւ կ՚ըլ­լայ։ Միջ­նա­դարու աշ­խարհիկ հայ բա­նաս­տեղծնե­րու հա­մար «տիպ»ը գե­ղեց­կուհիի դէմքն էր, պատ­կե­րը։ «Նա­յիմ տիպ քո աննման, / Ձայն աւե­տեաց բեր, բեր, / Արեւ գար­նան, լու­սին աշ­նան, / Մխի­թարիչ լեր, լեր», Սի­մէոն Կա­ֆացի, «Քո տիպ պատ­կե­րիդ է զինչ լու­սինկայ. / Այ­սօր զքեզ տե­սայ եւ ու­րա­խացայ», Մար­տի­րոս Խա­րասար­ցի, «Դու նօ­նոֆար ծա­ղիկ ծո­վային... Տիպ տեն­չա­լի կա­նանչ թփին, / Ու­րա­խանան հետ կար­միր վար­դին, հետ ճեր­մակ վար­դին», Խա­չատուր Խաս­պէկ Կա­ֆացի, «Ծաղ­կունքն ի յերկրի՝ աս­տե­ղան­ման. / Վարդն ի մէջ նո­ցա՝ տիպ արե­գական, / Բայց ո՛չ առանց քո՝ այ­գին է լման», Պետ­րոս Ղա­փան­ցի։ Իսկ հե­տեւեալ եր­կու քա­ռեակ­նե­րու մէջ «տիպ» բա­ռը գե­ղեց­կա­ցեր է սի­րու­հիի չափ։ Առա­ջինը կը պատ­կա­նի Պաղ­տա­սար Դպի­րին, իսկ երկրոր­դը՝ Գրի­գոր Օշա­կան­ցիին։

Պատ­կեր սի­րուն, տիպ բո­լորակ,

Լրա­ցելոյ լու­սոյն քա­տակ,

Ոչ գտա­նի քեզ օրի­նակ,

Զար­թի՛ր, նա­զելի իմ, զար­թի՛ր։

***

Ար­փիափայլ տիպ գե­ղեցիկ,

Իմ նա­զելի պայ­ծառ հա­ւիկ,

Վար­դա­կար­միր պատ­կեր քաղցրիկ,

Երե­ւեցո՛յ զե­րեսս քո, ո՛ր փա­փաքիմ։

- Պա­րոն Կի­րակոս, 1512 թո­ւակա­նին «տիպ» բա­ռը ապ­րե­ցաւ մեծ վե­րելք։ Այս հա­մեստ միավան­կը դար­ձաւ ազ­գա­յին վե­րած­նունդի եւ ազա­տագ­րա­կան շար­ժումի տի­պարը։

- Նկա­տի ու­նիք հայ­կա­կան տպագ­րութեան ծնունդը։

- Այո։ Երբ «Ուրբա­թագիրք»ը լոյս տե­սաւ, հա­յոց լե­զուի եւ կեան­քի մէջ մուտք գոր­ծե­ցին «տիպ» ար­մա­տի նո­րանոր ճիւ­ղա­ւորումներ, ինչպէս՝ տպա­րան, տպագ­րիչ, տպա­սալ, տպա­րանա­տէր, տպա­գիր, տպագ­րա­տուն։ Ու­նե­ցանք նոր ար­տա­յայ­տութիւններ. «Ար­տատպո­ւած է», «Բ. տիպ», «Բ. Տպագ­րութիւն», «Տպագ­րա­կան սխալ»։

- Տպագ­րութիւ­նը հայ­կա­կան հո­ղի վրայ հաս­տա­տուե­ցաւ 1771 թո­ւակա­նին, հոս, Էջ­միած­նի մէջ, երբ Սի­մէոն Երե­ւան­ցի կա­թողի­կոսը հաս­տա­տեց տպա­րան մը վան­քէն ներս։

- Եւ ժա­մանա­կի ըն­թացքին յայտնուեցան տպագ­րա­կան նոր բա­ռեր. զնկա­տիպ, վի­մատիպ, խմո­րատիպ, ապա­կետիպ։

- Ապա­կետի՜պ... Այդ ձե­ւով բազ­մագրո­ւեցաւ Աճա­ռեանի «Ար­մա­տական» բա­ռարա­նը։

- Հա­յերէն «Աս­տո­ւածա­շունչ»երու ամե­նէն «գե­ղեց­կա­տիպ»ը 1733 թո­ւակա­նի Վե­նետի­կի պատ­կե­րազարդ հրա­տարա­կու­թիւնն է։ Այ­նուհե­տեւ, ու­նե­ցանք տար­բեր տի­պի բա­ռային կա­պակ­ցութիւններ, ինչպէս՝ «արա­գատիպ տպա­րան»։ Այդպէս էին Թիֆ­լի­սի Մնա­ցական Մար­տի­րոսեանի եւ Թաւ­րի­զի հա­յոց թե­մական տպա­րան­նե­րը։ Հա­յը տե­սաւ «դժո­խատիպ» դէմ­քեր, վի­հեր, բան­տեր, «տղմա­տիպ» կեն­ցաղներ, «լու­սա­տիպ» պատ­կերներ, «ան­տիպ» բա­նաս­տեղծներ, «վի­մատիպ» դի­ման­կարներ կամ թա­տերա­կան յայ­տա­րարու­թիւններ, «սկզբնա­տիպ» ձե­ռագ­րեր, «ինքնա­տիպ» ճար­տա­րապե­տու­թիւն, «խա­չատիպ» տա­ճար­ներ, «աս­տո­ւածա­տիպ» սուրբեր, «ոս­կե­տիպ» մա­տեան­ներ, փոքր կամ մեծ «տպա­քանա­կ» ու­նե­ցող հրա­տարա­կու­թիւններ, «հրա­տիպ» աչ­քեր, «վա­յել­չա­տիպ» տա­ռեր կամ կոյ­սեր եւ վեր­ջա­պէս՝ «հրեշ­տա­կատիպ» գե­ղեց­կուհի­ներ,- ինչպէս այդ մէ­կը, որ տպա­ւորեց տա­ղասաց Յով­հաննէս Կա­ֆացիին. «Իմ գե­ղեցիկ, հրեշ­տա­կատիպ, լու­սա­տեսիլ, եկ առ իս / Չքնա­ղագեղ, զար­մա­նալի, պայ­ծառ պատ­կեր, եկ առ իս»։ 1912 թո­ւակա­նին հա­յոց տիպն ու տա­ռը պսա­կուե­ցաւ բա­նասէր Թէոդի­կի հրա­տարա­կած շքեղ մէկ հա­տորով. «Տիպ ու Տառ», -պատ­կե­րազարդ, գե­ղատիպ հան­րա­գիտա­րանա­յին աշ­խա­տասի­րու­թիւն մը, որ նո­ւիրուած է գի­րերու գիւ­տի 1500ամեակին եւ հայ­կա­կան տպագ­րութեան 400-ամեակին։

Պատ­րաստ է տի­պը։ Փո­րագ­րիչ Կի­րակո­սը վրձի­նով մը կը մաք­րէ փո­սիկ­նե­րը, ապա կը սոսնձէ կո­թը։

-Շատ տպա­ւորիչ։ Արո­ւես­տի գործ իս­կա­կան։ Շնոր­հա­կալ եմ։

-Տպա­ւորիչ էր «տիպ»ի պատ­մութիւ­նը։

-Ինչքա՞ն պէտք է որ վճա­րեմ։

-Ժա­մանա­կը եկած է, որ ես հանգստեան կո­չուիմ։ Այ­սօր կան եռա­չափ տպիչ­ներ։ Զար­մա­նալի գործ կը տես­նեն։ Մա­քուր եւ արագ։ Ասի­կա վեր­ջին տիպն էր որ ես փո­րագ­րե­ցի։ Վար­պետ Կի­րակո­սէն ձե­զի նո­ւէր։ Տա­րէք որ­պէս յի­շատակ։ Անոր տպած նշխար­ներն ալ օրհնու­թիւններ թող բե­րեն ձեր ծու­խին։