ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԲԱԶՈՒԿ

Բազմաթիւ լե­զուա­գէտ­ներ, հայ, թէ օտար, բա­զում քննար­կումներ կա­տարեր են ստու­գե­լու հա­մար, թէ «բա­զուկ» գո­յակա­նը փո­խառու­թի՞ւն է, թէ՝ հայ­կա­կան բնիկ բառ։ Հաս­տա­տումներ կան, թէ ան պահ­լա­ւերէն ծա­գում ու­նի։ Սա­կայն, այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, մենք հիացու­մով պի­տի տես­նենք, թէ անոր հետ շի­նուած բո­լոր բարդ եւ ածանց բա­ռերը, դար­ձո­ւածքնե­րը, գրա­կան հա­րուստ ան­ցեալը, փո­խաբե­րական իմաստնե­րը պատ­կե­րալից, ու մա­նաւանդ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիէն մին­չեւ Մի­սաք Մե­ծարենց եր­կա­րող հո­գեւոր գոր­ծա­ծու­թիւնը անոր՝ վաս­տակն են հա­յու բա­զու­կին։ Այո, այ­սօր զրոյց կ՚ու­նե­նանք «բա­զուկ» բա­ռի վե­րաբե­րեալ, սա­կայն ձեզ նախ կը հրա­ւիրեմ դա­սարա­նիս մէջ զբօ­սան­քի ազատ մէկ ժա­մուն տղա­ներու մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցող կրքոտ բազ­կա­մար­տին։ Առա­ջին փու­լին Փա­թիլը ցան­կա­ցեր էր, որ Մու­րա­տը շա­հի։ Բայց, Տա­րօնը եղաւ այդ խա­ղի ախո­յեանը։ Այժմ Վէ­մը եւ Ներ­սէ­սը կը պատ­րաստո­ւին առ­նա­ցի բա­զուկնե­րու ոյ­ժը ցոյց տալ եւ իրենց դա­սըն­կերնե­րը տպա­ւորել։

«Բա­զուկ» բա­ռը ար­մա­տացած ու լաւ ամ­րա­ցած գո­յական է մեր մայ­րե­նիի մէջ։ Ե. դա­րուն եւ վաղ-միջ­նա­դարեան մա­տենագ­րութեան մէջ ան ու­նի հա­րուստ եւ ճիւ­ղա­ւորո­ւած գոր­ծա­ծու­թիւն։ Բա­ռը նա­խապէս գոր­ծա­ծուեր է իր բա­ռացի իմաս­տո­վը՝ «Մասն մարմնոյ կեն­դանւոյն ’ի դաս­տա­կէ ցար­մուկն, եւս եւ’ի ձե­ռաց մին­չեւ ցան­րակս, թեւ»։ Շատ ժա­մանակ չաց­նաւ, որ ան նմա­նու­թեամբ նաեւ նշա­նակէ ազ­գի ճիւղ, ոյժ, իշ­խա­նու­թիւն, զօ­րու­թիւն, կա­րողու­թիւն, սա­տար, օգ­նա­կան ու վեր­ջա­պէս՝ բա­նակի թեւ։ Այ­նուհե­տեւ, ծնունդ առին «բա­զուկ»ի հնա­գոյն գոր­ծա­ծու­թիւննե­րը. «Խոր­տա­կես­ցի բա­զուկ մե­ղաւո­րի եւ չա­րի», «Բա­զուկ քո ազ­գի», «Հզօր է բա­զուկ իւր», «Քո է բա­զուկ եւ քո է զօ­րու­թիւն», «Բա­զուկ Տեառն ո՞ւմ յայտնե­ցաւ», «Բա­զուկ առ բա­զուկ իջա­նեն բա­նակօք»։ Նոյն դա­րերուն, հա­յու մտքի մկան­նե­րը ծնունդ տո­ւին «բա­զու­կ» բա­ռով սկսող եւ վեր­ջա­ցող բազ­մա­թիւ բարդ բա­ռերու։ Ահա քա­նի մը օրի­նակ. «Ար­տա­շէս, որ կո­չեցաւ եր­կայնա­բազուկ», Վար­դան պատ­միչ, «Հայկ անձնեայ եւ հաս­տա­բազուկ» Խո­րենա­ցի, «Բազ­կա­տարած պա­ղատանս առ Աս­տո­ւած», Ագա­թան­գե­ղոս, «Աղօթս մշտնջե­նամ­ռունչս եւ բազ­կա­տարած պա­ղատանս առ Աս­տո­ւած», Կո­րիւն, «Անեղ Որ­դին Հօր միածին բազ­կա­տարած», Ներ­սէս Շնոր­հա­լի։ Պատ­մութիւ­նը կը յի­շէ, թէ 371 թո­ւակա­նին Ձի­րաւի ճա­կատա­մար­տի ժա­մանակ Ս. Ներ­սէս Հայ­րա­պետը մօ­տակայ լե­րան վրայ ան­դա­դար բազ­կա­տարած կ՚աղօ­թէր հա­յոց բա­նակի յաղ­թութեան հա­մար։ Մեր լե­զուն այ­սօր կը վա­յելէ նո­րագոյն բա­ռերը, որոնք խիստ ար­տա­յայ­տիչ եւ գոր­ծա­ծելի են, ինչպէս՝ բազ­կա­թոռ, բազ­կե­րակ, բազ­կա­նոց, յաղ­թա­բազուկ։ Թի­ւերով իսկ աճած բառ է ան. եր­կբա­զուկ, եռա­բազուկ, քա­ռաբա­զուկ։ Սա­կայն, հա­յուն հպար­տութիւն բե­րողը «միաբա­զուկ» ածա­կանը եղաւ, երբ ան նշա­նակեց ազ­գա­յին միաս­նա­կանու­թիւն, ըստ մա­մու­լի մէջ լոյս տե­սած մէկ նշու­մի՝ «Սար­դա­րապա­տը ու զայն իրա­կանու­թիւն դարձնող հա­մազ­գա­յին միակա­մու­թիւնը, միաբա­զուկ էու­թիւնը»։ Աշ­խարհագ­րութեան դա­սագիր­քե­րը երբ նկա­րագ­րեն Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հի բազ­մա­ճիւղ լեռ­նե­րը, յար­մար կը գտնեն «բա­զուկ» բա­ռը օգ­տա­գոր­ծել. «Վար­դէ­նիսի լեռ­նաշղթա­յի մի եր­կար բա­զուկ իջ­նում է դէ­պի Ար­փա­յի հո­վիտ, որու վրայ Վա­յոցա­սար հրա­բուխն է»։ Վեր­ջա­պէս յի­շենք «բազ­կա­մարտ» գո­յակա­նը ու Վէ­մի եւ Ներ­սէ­սի մար­տը։ Այս մէ­կը տե­ւեց երե­սուն երկվայրկեան։ Վէ­մը դար­ձաւ յաղ­թա­կան, իսկ Մե­ղետին հիաս­թա­փուե­ցաւ։ Այժմ թե­զանիք­նե­րը կը սոթ­տեն Աւօն եւ Նա­րեկը։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, «բա­զուկ» բա­ռը, մէկ այլ հիաս­թա­փու­թիւն, չէ ճիւ­ղա­ւորուած հայ­կա­կան գրատ­պութեան մէջ։ Այդ խո­րագի­րով ու­նինք լոկ երեք գիրք. «Բազ­կա­տարած», Ար­տակ Ար­քե­պիս­կո­պոս, Թեհ­րան, 1990, «Հայ ցե­ղի վրի­ժառու բա­զու­կը», Կի­րովա­կան, 1991, ու «Բազ­կա­մարտ։ Ու­սումնա­կան ձեռ­նարկ», Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան, Երե­ւան, 2013։ Նկա­տեցի՞ք «վրի­ժառու բա­զուկ» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Անի­կա հա­մազօր է մէկ այլ դար­ձո­ւած­քի՝ «պատ­ժիչ բա­զուկ»։ Ու­նե­ցեր ենք նաեւ «Աջ բա­զուկ» եւ «Բա­զուկ տէ­րու­թեան» բա­ռակա­պակ­ցութիւննե­րը։

«Բա­զուկ» բա­ռը, ըստ երե­ւոյ­թի, իր իս­կա­կան ոյ­ժը ցոյց տո­ւաւ հո­գեւոր եւ գե­ղապաշտ գրա­կանու­թիւննե­րու մէջ։ Բազ­մա­թիւ տա­ղեր, քեր­թո­ւած­ներ ու աղօթքներ ու­նինք այս հա­մոզու­մը ու­նե­նալու հա­մար։ Ահա հայ մտքի խո­րերէն բխած մրմունջներ. «Կառք հա­մար­ձայնոյ վեր­նա­կառոյց բա­զուկ», Գրի­գոր Նա­րեկա­ցի, «Ամե­նազօր բա­զուկ եւ աջ, / Նոյն ի կե­նացն կե­նարար», «Բա­զուկ կա­րու­թեան Հօր աջոյ ձե­ռինն», Ներ­սէս Շնոր­հա­լի։ Իսկ օր մը հայ մտքի բա­զուկնե­րը յոգ­նե­ցան, մնա­ցին ան­զօր։ Մով­սէս Գ. Տա­թեւա­ցի կա­թողի­կոսը, որ իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թացքին վե­րակա­ռու­ցեր, վե­րահաս­տա­տեր եւ վե­րակեն­դա­նացու­ցեր էր հա­յոց աւե­րուած վան­քերն ու կրթա­րան­նե­րը, գրի­չը առաւ ու գրեց.

«Աչք իմ լու­սա­տու, զիա՞րդ խա­ւարե­ցար,

Բա­զուկ իմ հզօր, զիա՞րդ յարմնկէ հա­տար,

Գլուխ իմ գանգրա­հեր, զիա՞րդ խո­նար­հե­ցար,

Դու հա­մաս­փիւռ ծա­ղիկ, զիա՞րդ թա­ռամե­ցար»։

Նոյն զար­մանքը կայ միջ­նա­դարեան հայ­կա­կան ժո­ղովրդա­կան երկտո­ղի մը մէջ. «Այն իմ զօ­րաւոր բա­զուկ, որ ու­ժով ես խիստ գի­տէի, / Էն­ցեղ է թու­լա­ցեր հի­մա, որ բնաւ իս­կի չշար­ժի»։ Իր տկա­րացած, հիւ­ծած մարմի­նով տա­ճարէն ներս, իրի­կուան ծի­րանի լոյ­սե­րու մէջ բազ­կա­տարած աղօ­թող էր նաեւ Մի­սաք Մե­ծարեն­ցը. «Մե­ղեսի­կի երանգներ կ՚օծեն պա­րոյրը խունկին. / Խոր­հուրդին եմ ծնրա­դիր բա­զուկնե­րըս խա­չանիշ»։

Բայց օրեր եղան եւ բա­ռը յի­շեց իր զօ­րու­թիւնը։ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը ցան­կա­ցաւ իր բա­զուկնե­րով հո­վանա­ւորել ան­մեղ, երկչոտ բա­նուո­րու­հիի մը.

Կուրծքս վա­հան ընել կուրծքիդ նշա­ւակ,

Եւ քօղն ըլ­լալ պա­տիւիդ,

Կրա­նիտէ բա­զու­կիս տակ պաշտպա­նել

Սեռդ ու գեղդ անժպիտ։

Սիաման­թօն նկա­րագ­րեց իր մար­տա­կան բա­զուկնե­րը. «Ու բա­զուկներս, որ ատե­նով յաղ­թա­նակ­նե­րու արե­գակին գա­լարուեցան»։ Սար­գիս Կու­կունեանը եր­գեց.

Բո­լոր ու­ժովս եւ հա­մար­ձակ

Բա­զուկներս կը շար­ժեմ,

Ալիք­նե­րը պա­տառե­լով

Դէ­պի ափունք կը թռչեմ։

Իսկ Մի­քայէլ Նալ­բանդեանը իր ման­կա­կան բա­զուկնե­րը ար­ձա­կեց ազա­տու­թիւնը ամ­փո­փելու հա­մար.

Մօրս քու­նը խան­գա­րած,

Խնդրում էի նո­րանից

Բա­զուկներս ար­ձա­կել.

Ես այն օրից ուխտե­ցի

Ազա­տու­թիւնը սի­րել։

Իսկ այն ժա­մերուն, երբ յօ­դուածս գրի կ՚առ­նեմ, Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան վար­չա­պետը «Եռաբ­լուր» զի­նուորական գե­րեզ­մա­նոցի մէջ կ՚ընէ մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն ու կ՚ըսէ. «Մենք պէտք է ամ­րացնենք մեր բա­զուկներն ու ոտ­քե­րը եւ ամուր կանգնենք այս հո­ղի Վրայ»։

Երբ Աւօն եւ Նա­րեկը բա­զուկ բա­զու­կի տո­ւին ու իրա­րու աչ­քե­րուն մէջ նա­յելով սկսան դի­մացի­նի ոյ­ժը չա­փել, Թա­մարը իր հե­ռաձայ­նը բռնած քայլ մը մօ­տեցաւ Նա­րեկին։ Այդ տե­սարա­նը, ուր բա­զու­կը նաեւ սէր է ու անոր հաս­նե­լու տեն­չը, տե­սեր ու պատ­մեր է Թու­մա­նեանը։ Յօ­դուածս կ՚աւար­տեմ «Աղթա­մար» բա­նաս­տեղծու­թեան մէկ քա­ռեակով ու կը մաղ­թեմ, որ ձեր բա­զուկնե­րը եւ մեր ազ­գի բո­լոր զա­ւակ­նե­րու բա­զուկնե­րը եր­բեք չթուլնան ու միշտ մնան յաղ­թա­կան.

Ծովն է մտնում առանց նա­ւակ,

Բա­զուկնե­րով առ­նա­ցի

Ջու­րը ճող­փում, լող է տա­լի

Դէ­պի կղզին դի­մացի։