Թուրքիա միակ երկիրն է որ փքոցով կ՚երթայ կրակին վրայ

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Սան­ձարձակ կը շա­րու­­նա­­­կուի իբ­­րեւ թէ «աշ­­խոյժ» բայց իրա­­կանու­­թեան մէջ ծա­­ւալա­­պաշտ Իս­­լա­­­մա- ազ­­գայնա­­կան հո­­սանք մը։ Վի­­ճելի է թէ այս եր­­թը որ­­քա­­­նով ծրագ­­րո­­­ւած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն է, որ­­քա­­­նով օրո­­ւայ զար­­գա­­­ցումնե­­րուն հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւն։ Սա­­կայն յստակ է թէ Թուրքիա «Խնդիր լու­­ծող»է աւե­­լի «խնդիր հրահ­­րող» դե­­րակա­­տարու­­թիւն մը որ­­դեգրած է։ Յի­­շենք մօտ ան­­ցեալը։ Քրտա­­կան հար­­ցի մէջ «ճնշել, ճզմել»ու քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը իւ­­րացնե­­լէ ետք առիթ կը փնտռո­­ւէր Սու­­րիոյ քրտաբ­­նակ տա­­րած­­քը ցրո­­ւելու հա­­մար։ Ար­­դա­­­րեւ փոր­­ձո­­­ւեցաւ այդ մի­­ջոցը, բայց կա­­րելի չե­­ղաւ ակնկա­­լուած ար­­դիւնքին հաս­­նիլ։ Ռու­­սաստան ազ­­դա­­­րարեց որ տա­­րածաշրջա­­նը այդքան ալ ան­­տէր չէ։ Թուրքիա թէեւ պա­­հեց այդ հա­­տուա­­ծի մէջ իր գո­­յու­­թիւնը, բայց ստի­­պուե­­ցաւ Ռու­­սիոյ հո­­վանա­­ւորու­­թիւնը ըն­­դունիլ։ Սահ­­մա­­­նափակ տա­­րած­­քի մը վրայ միաս­­նա­­­բար պա­­հակա­­զօր­­քով հսկու­­մը յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն մը չու­­նի։ Սա­­կայն այս դիրքն ալ բա­­ւակա­­նին խո­­ցելի է։ Նա­­խորդ շա­­բաթ Ռուս- Թուրքա­­կան պա­­հակա­­զօր­­քի ուղղեալ յար­­ձա­­­կու­­մը ապա­­ցու­­ցեց թէ հոս ալ գոր­­ծե­­­րը այդքան ալ հեշտ չեն ըն­­դա­­­նար։

Ապա վրայ հա­­սաւ Լի­­պիոյ ոս­­տումը։ Յու­­նաստա­­նի եւ Եգիպ­­տո­­­սի Մի­­ջերկրա­­կան ծո­­վու արե­­ւելեան հա­­տուա­­ծի մէջ ընդծո­­վեայ ու­­ժա­­­նիւ­­թի որոն­­ման աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րու իբր պա­­տաս­­խան, Թուրքիա Սա­­րաճի կա­­ռավա­­րու­­թեան զօ­­րակ­­ցե­­­լու հա­­մար զօրք ու­­ղարկեց դէ­­պի Լի­­պիա։ Այսպէ­­սով կողմ եղաւ այդ երկրի քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տերազ­­մին։ Այստեղ եւս բա­­խաւ Ռու­­սա­­­կան գոր­­ծօ­­­նին, բայց յայտնի է որ հոն հա­­ւասա­­րակշռու­­թիւննե­­րը ալ աւե­­լի փա­­փուկ են։ Եգիպ­­տոս եւս ներգրա­­ւուած է այս խնդրին։ Մի­­ջերկրա­­կանի ջու­­րե­­­րու տա­­քացու­­մը Թուրքիան ու Ֆրան­­սան դէմ առ դէմ պի­­տի դնէ Հիւ­­սիս Ատ­­լանտեան Դա­­շին­­քի շրջա­­նակին մէջ։ Ու­­րեմն Թուրքիա այս օրի­­նակով եւս ինքզինք դրաւ ան­­լուծե­­լի խառ­­նա­­­կու­­թեան մը մէջ, որու շնոր­­հիւ կը նպա­­տակադ­­րէ արեւմտեան աշ­­խարհի հետ հա­­ւանա­­կան բո­­լոր գե­­տին­­նե­­­րու վրայ հսկե­­լի լա­­րուա­­ծու­­թիւն մը ապա­­հովել։

Այս հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին մէջ զգու­­շօ­­­րէն նկա­­տի ու­­նե­­­նալու ենք Սուրբ Սո­­ֆիայի տա­­ճարը մզկի­­թի վե­­րածե­­լու որո­­շու­­մը։ Ճիշդ է որ այս որո­­շու­­մը յայտնի գո­­հացում պի­­տի պատ­­ճա­­­ռէ երկրի հա­­սարա­­կու­­թեան կրօ­­նամէտ- ազ­­գայնա­­կան հա­­տուա­­ծին։ Հա­­ւանա­­բար պի­­տի նպաս­­տէ նաեւ իշ­­խա­­­նու­­թեան օրըս­­տօ­­­րէ թու­­լա­­­ցող վար­­կը որոշ չա­­փով բարձրաց­­նե­­­լու։ Սա­­կայն այս ռազ­­մա­­­վարու­­թեան հա­­ւանա­­կան հե­­տեւանքնե­­րուն նա­­յելով կա­­տարո­­ւածը, Մի­­ջերկրա­­կանի մէջ աւե­­լի սրո­­ւած պայ­­մաննե­­րու տակ Յու­­նաստա­­նին ուղղեալ քայլ մը ըլ­­լա­­­լով պէտք է ըն­­կա­­­լել։

Եւ ան­­շուշտ այդքան ալ չէ, կայ աւե­­լին։ Բո­­լոր այս «աշ­­խոյժ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն»նե­­րը արեւ­­մուտքի դէմ ալ խա­­ղաքար­­տի մը յատ­­կութիւ­­նը ու­­նին։ Թէեւ քա­­նի որ ար­­դէն իսկ սպա­­ռուած փամ­­փուշտ դար­­ձաւ, վի­­ճելի է Սուրբ Սո­­ֆիայի խնդրին իբ­­րեւ խա­­ղաքարտ օգ­­տա­­­գոր­­ծումը։ Սա­­կայն ըստ երե­­ւոյ­­թի Յու­­նաստան, ԵՄ, ԱՄՆ առանցքին ուղղեալ պատ­­գամ մը կայ, ըստ որում Թուրքիան այն եր­­կիրն է, որու հետ պէտք է զգոյշ յա­­րաբե­­րիլ։ Նշեալ առանցքն ալ յատ­­կա­­­պէս Թրամ­­բի ցրո­­ւածու­­թեան պատ­­ճա­­­ռաւ զուրկ է յստակ դիրք մը որ­­դեգրե­­լէ։ Այսպէս է կայ­­սե­­­րապաշտ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը։ Ու­­ժե­­­րու հա­­ւասա­­րակշռու­­թեան մէջ ճեղք մը կը գտնէ եւ այդ ճեղ­­քը ալ աւե­­լի խո­­րաց­­նե­­­լով իրեն ճամ­­բայ կը բա­­նայ։

Այս ծի­­րէն ներս պէտք է դի­­տել Թուրքիոյ Հա­­յաս­­տան, Ատրպէյ­­ճան հա­­կամար­­տութեան այսպէս ուղղա­­կի մի­­ջամ­­տութիւ­­նը։ Ինչպէս ծա­­նօթ է, Հա­­յաս­­տան եւ Ատրպէյ­­ճան 12 Յու­­լի­­­սէն այս կողմ սահ­­մա­­­նային լա­­րուա­­ծու­­թիւն, աւե­­լի ճիշդ բա­­խումներ կ՚ապ­­րին։ Ու­­շագրաւ է թէ այս բա­­խումնե­­րը առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով Ղա­­րաբա­­ղեան տա­­րած­­քէն փո­­խադ­­րո­­­ւած է Հա­­յաս­­տա­­­նի տա­­րած­­քին։ Հա­­յաս­­տան կ՚ըսէ թէ բա­­խումնե­­րը սկսած են Ատրպէյ­­ճա­­­նական կող­­մի թնդա­­նօթաձ­­գութեամբ։ Իսկ Ատրպէյ­­ճան կը պնդէ թէ Հա­­յաս­­տանն է նա­­խայար­­ձա­­­կը։

Հա­­յաս­­տա­­­նի վեր­­լուծա­­բան­­նե­­­րու հա­­մաձայն սահ­­մա­­­նագ­­ծի Տա­­ւու­­շի հա­­տուա­­ծը երկրի զի­­նուո­­րական առու­­մով ամե­­նաթոյլ տա­­րածքն է, հե­­տեւա­­բար տրա­­մաբա­­նու­­թե­­­նէ հե­­ռու է բա­­խումնե­­րուն Հա­­յաս­­տա­­­նի կող­­մէ սկսե­­լու հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը։ Մինչ այդ կ՚ար­­ժէ յի­­շել Ատրպէյ­­ճա­­­նի նա­­խագահ Իլ­­համ Ալիեւի Յու­­նի­­­սի սկիզբնե­­րուն ու­­նե­­­ցած յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը, երբ ան այ­­լեւս ան­­պէտ կը հա­­մարէր Ղա­­րաբա­­ղեան բա­­նակ­­ցութիւննե­­րը։

Պար­­տինք յի­­շել թէ Հա­­յաս­­տա­­­նի Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Զոհ­­րապ Մնա­­ցակա­­նեան նոյ­­նիսկ հա­­մավա­­րակի պայ­­մաննե­­րուն մէջ, հե­­ռակայ դրու­­թեամբ ալ ըլ­­լայ կը շա­­րու­­նա­­­կեր իր նախ­­կին պաշ­­տօ­­­նակ­­ցին՝ Էլ­­մար Մա­­մետեարո­­վի հետ բա­­նակ­­ցութիւննե­­րը։ Բա­­խումնե­­րու հրա­­տապ օրե­­րուն Ալիեւի Մա­­մետեարո­­վի ուղղեալ նո­­ւաս­­տա­­­ցու­­ցիչ ելոյթնե­­րը եւ այս վեր­­ջի­­­նիս ալ հրա­­ժարու­­մը պէտք է այս տե­­սան­­կիւնէն ալ դի­­տել։

Երբ բա­­խումնե­­րը մտա­­հոգու­­թեան պատ­­ճառ կը դառ­­նա­­­յին մի­­ջազ­­գա­­­յին գետ­­նի վրայ, Թուրքիա ան­­վե­­­րապահ կեր­­պով զօ­­րակ­­ցութիւն յայտնեց Ատրպէյ­­ճա­­­նին, Հա­­յաս­­տա­­­նի նկատ­­մամբ «թող խել­­քը գլու­­խը հա­­ւաքէ» կամ «հա­­սակը կ՚անցնի»ի նման շարք մը խիստ յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ կա­­տարե­­լով։ Այս բնոյ­­թի ելոյթնե­­րով Թուրքիոյ Պաշտպա­­նու­­թեան Նա­­խարար Հու­­լուսի Աքար տե­­սակ­­ցե­­­ցաւ Նա­­խիջե­­ւանի Ինքնա­­վար Մար­­զի զօ­­րապետ Քե­­րեմ Մուսթա­­ֆաեւի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի Պաշտպա­­նու­­թեան փոխ նա­­խարար եւ օդա­­յին ու­­ժե­­­րու հրա­­մանա­­տար Ռա­­միզ Թա­­հիրո­­վի հետ։ Հան­­դիպման ներ­­կայ էին Թուրքիոյ սպա­­յակոյ­­տի նա­­խագահ զօ­­րավար Եաշար Կիւ­­լեր եւ այլ զօ­­րավար­­ներ։ Ժո­­ղովի Ըն­­թացքին Աքար սպառ­­նա­­­կան բնոյ­­թի ելոյթներ ու­­նե­­­ցաւ. «Սա իս­­կա­­­պէս հա­­յոց հա­­սակէն վեր գործ մըն է։ Կ՚ըսենք թէ ան­­պայման պի­­տի հա­­տու­­ցեն այս արար­­քին հա­­շիւը» ըսե­­լով։ Նոյն օրե­­րուն Թուրքիոյ խորհրդա­­րանին մէջ խմբակ­­ցութիւն ու­­նե­­­ցող հինգ կու­­սակցու­­թիւննե­­րէն չոր­­սը Հա­­յաս­­տա­­­նը մե­­ղադ­­րող յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը հրա­­պարա­­կեցին։

Այո, 2000-ական տա­­րեթի­­ւերու Ֆուտպո­­լային դի­­ւանա­­գիտու­­թե­­­նէն, բա­­նաձե­­ւերու գոր­­ծընթա­­ցէն ետ­­քայլ ընե­­լով հոս հա­­սանք։Այս յի­­շեցու­­մը կ՚ընեմ ըսե­­լու հա­­մար թէ եթէ կամք գո­­յանայ, կա­­րելի է աւե­­լի շի­­նիչ մեր­­ձե­­­ցում մը որ­­դեգրել։ Սա­­կայն Թուրքիա իր իւ­­րա­­­ցու­­ցած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնով ի սկզբա­­նէ նա­­խընտրեց «Կրնանք հա­­րուա­­ծել Մե­­ծամո­­րը» ըսող Ատրպէյ­­ճա­­­նին զօ­­րակ­­ցիլ։

Ար­­դէն երբ դի­­տենք բա­­խումնե­­րու ըն­­թացքը, կող­­մե­­­րուն «ողջմտու­­թիւն» եւ «զի­­նադա­­դար» թե­­լադ­­րող մի­­ջազ­­գա­­­յին հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ բռնկած կրա­­կին փքո­­ցով վա­­զող միակ եր­­կի­­­րը Թուրքիան է։

Սու­­րիոյ եւ Լի­­պիոյ մէջ ձեռ­­նունայն մնա­­ցած կա­­ռավա­­րու­­թիւնը յայտնի է թէ յար­­մար պա­­տառ կը տես­­նէ Հա­­յաս­­տա­­­նը։ Սա­­կայն հոս եւս պի­­տի հար­­կադրուի Ռու­­սաստա­­նի հետ դէմ առ դէմ գա­­լու։ Ար­­դա­­­րեւ Ռու­­սաստա­­նի տա­­րածաշրջա­­նի մէջ մեկ­­նարկած ռազ­­մա­­­փոր­­ձերն ալ Թուրքիոյ ուղղեալ պատ­­գամ մըն են։

Ինչ որ է, բա­­ցի այս բո­­լորէն, կէտ մը շեշ­­տադրե­­լով աւար­­տենք գրու­­թիւնը։ Եթէ կամք ըլ­­լայ, կա­­րելի է։ Ստի­­պուած չէք ազ­­գայնա­­կանու­­թիւնը, բռնու­­թիւնը քրքրե­­լու։ Ֆութպո­­լի դի­­ւանա­­գիտու­­թիւնը յե­­նակէտ մըն էր։ Կրնաք գո­­նէ այդ յե­­նակէ­­տին հաս­­նի­­­լը նպա­­տակադ­րել։ Ին­չո՞ւ չէ։

(Յօ­դուա­ծը առա­ջին ան­գան թրքե­րէն բնա­գիրով լոյս տե­սաւ 19 Յու­լիս 2020-ին, (Ար­թը Կերչէք) կայքէջին վրայ։)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ