Մտահոգի զարգացում նաեւ Պոլսոյ մէջ

12Յու­լի­սին եւ յա­ջոր­դող օրե­րուն Հա­յաս­տան-Ատրպէյ­ճան սահ­մա­նագ­ծի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած զի­նեալ բա­խումնե­րու ար­ձա­գանգնե­րը կը շա­րու­նա­կուին հայ­կա­կան եւ ատրպէյ­ճա­նական սփիւռքնե­րու մէջ։ Ին­չէս ծա­նօթ է դէպ­քե­րու ըն­թացքին կող­մե­րը զի­րար մե­ղադ­րե­ցին առա­ջին յար­ձա­կու­մը կազ­մա­կեր­պե­լու պնդումով։ Ար­դա­րեւ այս պնդու­մը սփիւռքի մէջ տե­ղի տո­ւաւ հա­կադ­րո­ւած կող­մե­րու իրա­րու դէմ բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու ձեռ­նարկե­լուն։ Նոյնիսկ կարգ մը վայ­րե­րու մէջ ցու­ցա­րար­ներ դէմ առ դէմ եկան մտա­հոգիչ պատ­կերներ գո­յաց­նե­լով։

Նման մի­ջադէպ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պոլ­սոյ մէջ, երբ ազե­րինե­րէ բաղ­կա­ցող խմբակ մը յար­ձա­կեցաւ երեք հայ երի­տասարդնե­րու վրայ։ Այդ կռի­ւի մէջ տղոց­մէ մէ­կը յա­ջողե­ցաւ պա­տահա­ծը իմաց­նել իր հօ­րը։ Այս լսե­լով հայ­րը իր ըն­կերնե­րուն հետ միասին փու­թաց դէպ­քին վայ­րը, բայց մինչ այդ ատրպէյ­ճանցի­ները ար­դէն փա­խուստի դի­մած էին։ Բա­րեբախ­տութիւն է, որ այդ ծեծկրտու­կը լուրջ վնաս­ներ չէ պատ­ճա­ռած, բայց ան­շուշտ Գումգա­բու բնա­կուող հա­յերու մօտ զգա­լի է որոշ մտա­վախու­թիւն։

Այս զար­գա­ցումնե­րը լսե­լով ՀՏՓ-ի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան իս­կոյն հան­դի­պած է Իս­թանպու­լի կու­սա­կալ Ալի Եր­լի­քայա­յի հետ, զայն զգուշացնելով հաւանական անբաղձալի զարգացումներու դիմաց զգօն գտնուելու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ