Ատելութեան եւ խտրականութեան դէմ առցանց բանախօսութիւն

Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկը աջակ­­ցե­­­լով «Ֆ­­րիտ­­իխ Նու­­ման» հիմ­­նարկի 11-12 Դեկ­­տեմբեր 2020 թո­­ւակա­­նին կը կազ­­մա­­­կեր­­պէ առ­­ցանց բա­­նախօ­­սու­­թիւն մը նիւթ ու­­նե­­­նալով ատե­­լու­­թեան պատ­­գամ եւ խտրա­­կանու­­թիւնը։

Հիմ­­նարկը մի­­ջազ­­գա­­­յին բնոյ­­թի այս բա­­նախօ­­սու­­թիւնով կը մտադ­­րէ ատե­­լութեան պատ­­գա­­­մ եւ խտրա­­կանու­­թիւն պա­­րու­­նա­­­կող ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րու պատ­­ճա­­­ռած խնդիր­­նե­­­րուն հետ պայ­­քա­­­րելու եղա­­նակ­­ներ մշա­­կել։ Զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու այս նիւ­­թէ ներս ու­­նե­­­ցած փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րուն, ռազ­­մա­­­վարու­­թիւննե­­րուն եւ ակա­­դեմա­­կան բնոյ­­թի աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն փո­­խանա­­կու­­մը ակնկա­­լուած է։ Թէ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին գետ­­նի վրայ խիստ տա­­րածո­­ւած խնդիր մըն է կի­­ներու, երա­­խանե­­րու տար­­բեր սե­­ռային նա­­խընտրու­­թիւններ ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րու, ազ­­գա­­­յին եւ կրօ­­նական փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու ուղղեալ ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րը։ Բարձրա­­ցող ազ­­գայնա­­կան եւ ամ­­բո­­­խավա­­րական պատ­­գամնե­­րը եր­­կիրնե­­րէ ներս պատ­­ճառ կը դառ­­նան, բե­­ւեռա­­ցու­­մի, օտար­­նե­­­րու, ապաս­­տա­­­նեալ­­նե­­­րու եւ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու դէմ թշնա­­մու­­թեան։ Այս ընդհա­­նուր հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին մէջ անհրա­­ժեշ­­տութիւն մըն է հա­­մաշ­­խարհա­­յին առու­­մով գի­­տակ­­ցութեան բարձրա­­ցու­­մը եւ պայ­­քա­­­րելու նոր եղա­­նակ­­նե­­­րու յայտնա­­բերու­­մը։

2019-ի ձմրան սկիզբ առած եւ քա­­նի մը ամ­­սո­­­ւայ ըն­­թացքին ամ­­բողջ աշ­­խարհին ծա­­ւալած հա­­մավա­­րակի հա­­մար ասիացի­­ները եւ յատ­­կա­­­պէս չի­­նացի­­ները որոշ շրջա­­նակ­­նե­­­րու կող­­մէ ներ­­կա­­­յացո­­ւեցան որ­­պէս հի­­ւան­­դութեան պատ­­ճառնե­­րը։ Այս ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի ըն­­թացքին ալ աւե­­լի ծա­­ւալե­­ցաւ օտար­­նե­­­րու հան­­դէպ վե­­րապա­­հու­­թիւնը, ցե­­ղապաշ­­տութիւ­­նը, փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու ուղղեալ թշնա­­մու­­թիւնը։ Այս խմբակ­­ցութիւննե­­րը դի­­տուե­­ցան իբ­­րեւ հա­­սարա­­կու­­թեան ան­­դորրին հան­­դէպ սպառ­­նա­­­լիք ըլ­­լա­­­լով։

Ճորճ Ֆլոյ­­տին ԱՄՆ-ի մէջ ոս­­տի­­­կանա­­կան բռնու­­թեան հե­­տեւան­­քով սպա­­նու­­թիւնը, թէ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու եւ թէ հետզհե­­տէ Միացեալ Թա­­գաւո­­րու­­թիւն, Ֆրան­­սա, Պրա­­զիլ եւ Ին­­տո­­­նէզիոյ նման եր­­կիրնե­­րու կող­­մէ ալ խտրա­­կանու­­թեան դէմ բո­­ղոքի ալի­­քի մը ծա­­ւալ­­ման պատ­­ճառ դար­­ձաւ։

Ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րու եւ ցե­­ղապաշ­­տութեան դէմ պայ­­քա­­­րը այս ու նման գոր­­ծօննե­­րու մի­­ջոցաւ ալ աւե­­լի կը ծա­­ւալի։ Ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թեան, ատե­­լու­­թեան պատ­­գա­­­մի եւ յար­­ձա­­­կողա­­կան կո­­չերու դէմ պայ­­քա­­­րը ու­­շագրաւ հանգրո­­ւանի մը հա­­սած է։

11-12 Դեկ­­տեմբեր 2020-ին ծրագ­­րո­­­ւած մի­­ջազ­­գա­­­յին բա­­նախօ­­սու­­թեան ըն­­թացքին հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու, ակա­­դեմա­­կան­­նե­­­րու, իրա­­ւաբան­­նե­­­րու, արհմիու­­թիւննե­­րու, մա­­մու­­լի գոր­­ծիչնե­­րու մէկ­­տե­­­ղու­­մով քննարկման նոր դաշտ մը պի­­տի գո­­յանայ։ Այս յայ­­տա­­­րարու­­թեամբ կոչ կ՚ընենք նիւ­­թի հա­­մար նա­­խապէս աշ­­խա­­­տու­­թիւնն տա­­րած կամ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ ու­­նե­­­ցած շրջա­­նակ­­նե­­­րուն։ Բա­­նախօ­­սու­­թիւնը անգլե­­րէն եւ թրքե­­րէն երկլե­­զու պի­­տի կա­­տարո­­ւի։ Հար­­ցում պա­­տաս­­խաննե­­րուն ժա­­մանակ յատ­­կացնե­­լու հա­­մար ելոյթնե­­րը սահ­­մա­­­նափա­­կուած են 20 վայրկեան տե­­ւողու­­թեամբ։ Բա­­նախօ­­սու­­թիւնը ու­­ղիղ եթե­­րի դրու­­թեամբ պի­­տի սփռո­­ւի Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի, «Դի­­մատետ­­րի», «Թո­­ւիթըր»ի եւ «Եու­­թուպ»ի հա­­շիւ­­նե­­­րէն։

Մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րէն կը խնդրո­­ւի իրենց պատ­­րաստած զե­­կոյ­­ցին անգլե­­րէն ամ­­փո­­­փու­­մը 300 բա­­ռի սահ­­մա­­­նու­­մով եւ կեն­­սագրա­­կան գի­­տելիք­­նե­­­րով մին­­չեւ 7 Սեպ­­տեմբեր 2020 տե­­ղադ­­րել հիմ­­նարկի պատ­­րաստած դի­­մու­­մի էջին։

Նիւ­­թի հետ առնչո­­ւած ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը կա­­րելի է տես­­նել Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի կայ­քէ­ջէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ