Քաւալա կամ անարդարութեան 1000 օրերը

Թուրքիոյ մէջ դա­տական հա­մակար­գի քա­ղաքա­կանաց­ման բա­զում երե­ւոյթնե­րու մէջ խորհրդան­շա­կան տեղ մը ու­նի մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան, հա­սարա­կական գոր­ծիչ, հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկնե­րու հո­վանա­ւաոր Օս­ման Քա­ւալա­յի գե­րեվա­րու­թիւնը։ Ար­դա­րեւ Քա­ւալա­յի օրի­նակին մէջ անի­մաստ է «ձեր­բա­կալու­թիւն»ի նման իրա­ւական եզ­րի մը գոր­ծա­ծու­թիւնը, քա­նի որ Քա­ւալա­յի ներ­կայ բան­տարկու­թիւնը դա­տական գոր­ծընթաց­քէ մը աւե­լի կա­ռավա­րու­թեան որո­շու­մի հան­գա­մանք մը կը պար­զէ։

25 Յու­լի­սին Օս­ման Քա­ւալա աւար­տեց Սի­լիվ­րիի ար­գե­լանո­ցին մէջ բան­տարկու­թեան 1000-րդ օրը։ Ան նախ բեր­ման են­թարկո­ւած ու ձեր­բա­կալո­ւած էր «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու ան­հիմն պնդու­մով։ Ձեր­բա­կալու­թե­նէն 20 ամիս­ներ անց կա­յացաւ Քա­ւալա­յի առա­ջին դա­տավա­րու­թիւնը։ Այդ նիս­տի ըն­թացքին Քա­ւալա եւ փաս­տա­բան­նե­րը դիւ­րաւ ջրե­ցին դա­տախա­զին ներ­կա­յացու­ցած բո­լոր մե­ղադ­րանքնե­րը, որոնք հիմ­նուած էին կեղծ վկա­ներու խօս­քե­րուն վրայ։ Վեր­ջա­պէս դա­տարա­նը որո­շեց մե­ղադ­րեալ Քա­ւալան ան­պարտ հռչա­կելու։ Հա­մակա­րիր­ներ փու­թա­ցին Սի­լիվ­րիի ար­գե­լանո­ցը զինք դի­մաւո­րելու հա­մար։ Սա­կայն ժա­մեր անց հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Էր­տո­ղանի մի­ջամ­տութեամբ իս­կոյն նոր մե­ղադ­րանք մը ներ­կա­յացո­ւեցաւ եւ Քա­ւալա կրկին մնաց ճա­ղերու ետեւ։ Այս երկրորդ մե­ղադ­րանքը նոյնքան ան­հիմն էր, քա­նի որ այս ան­գամ ալ Քա­ւալան կը մե­ղադ­րո­ւէր 15 Յու­լի­սին ձա­խողած զի­նուո­րական հա­րուա­ծին նպաս­տե­լու մե­ղադ­րանքով։

Քա­ւալա­յի փաս­տա­բան­նե­րը եր­կի­րի մէջ տի­րող այս ապօ­րինու­թիւնը փո­խան­ցե­ցին ԵՄԻԱ։ Եւ­րո­պայի ատեանը քննար­կե­լով Քա­ւալա­յի թղթած­րա­րը Թուրքիոյ թե­լադ­րեց իս­կոյն ազատ ար­ձա­կում։ Սա­կայն Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը մեր­ժեց այս մի­ջամ­տութիւնն ալ եւ Քա­ւալա­յի գե­րեվա­րու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ օրս։

Ինչպէս որ նշած ենք գրու­թեան սկիզ­բին Թուրքիոյ մէջ բազ­մա­թիւ մտա­ւորա­կանու­թիւն եւ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ կը բաժ­նեն նման ճա­կատա­գիրը եւ իրա­ւական սկզբունքնե­րով անըն­դունե­լի պայ­մաննե­րուն մէջ կը մնան ազա­տազրկո­ւած։ 1000-րդ օրը խորհրդան­շա­կան ան­կիւնա­դարձ մը ըլ­լա­լով, թէ երկրէ ներս եւ թէ հա­մաշ­խարհա­յին առու­մով զա­նազան­ներ իրենց զօ­րակ­ցութիւ­նը յայտնե­ցին անի­րաւու­թեան զոհ դար­ձած Քա­ւալա­յի հանդէպ։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ