Ծպտեալ հայոց ցնցումը եւ դիմադրութիւնը

Թորոնթոբնակ ճարտարագէտ, դաշնակահար եւ հասարակական գործիչ Ռաֆֆի Պետրոսեանի Թուրքիոյ ծպտեալ հայերու ոդիսականը ուսումնասիրող գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը հրատարակուեցաւ «Փրկիչ» հրատարակչատան կողմէ։ Այս առումով ծաւալուն զրոյց մը ունեցանք Պետրոսեանի հետ։

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

 

Ի՞նչ զգա­ցումներ ու­նիք գրքի թրքե­րէն թարգմա­նու­թեան առ­թիւ։

Այս գիր­քը ան­ցեալ տա­րի անգլե­րէնով հրա­տարա­կուած էր «Կո­միտաս Ինստի­տու­տ»ի կող­մէ։ Այս հրա­տարա­կու­թիւնը բա­ւական լայն ար­ձա­գանգ գտաւ հայ­կա­կան սփիւռքի մէջ։ Գիր­քի շուրջ 60 յօ­դուած­նե­րը կը վե­րաբե­րին Թուրքիոյ հա­յոց, ծպտեալ հա­յերուն եւ վեր­ջերս իր ար­մատնե­րուն վե­րադար­ձող հա­յերուն։ Եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր պա­հան­ջը կը զգա­ցուէր թրքե­րէնի թարգմա­նու­թեան։ Թարգմա­նու­թիւնը կա­տարեց Հայ­րի Զա­ֆէր Քորքմազ եւ հրա­տարա­կու­թիւնը ստանձնեց «Փրկիչ» հրա­տարա­կու­թիւնը։ Ֆեթ­հի­յէ Չե­թին եւ Թա­ներ Աք­չամ եր­կու նա­խաբա­նով տեղ գտան գրքին մէջ։ Ու­րախ եմ որ այս յօ­դուած­նե­րուն մէջ տեղ գտած մար­դիկ եւս պի­տի կրնան կար­դալ իրենց մա­սին գրո­ւած այս գիր­քը։

 

Ին­չո՞ւ հա­մար կը գոր­ծա­ծէք «Ծպտեալ հա­յեր» եզ­րը, քա­նի կայ նաեւ «մուսլու­մա­նացած» կամ «մուսլու­մա­նացո­ւած» հա­յեր բա­ցատ­րութիւնները գոր­ծա­ծող­ներ։

Իրա­կանու­թեան մէջ այդ բո­լորը կա­րելի է հո­մանիշ հա­մարել։ 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւելով թրքա­կան որ­բա­նոց­նե­րու, թուրք կամ քիւրտ ըն­տա­նիք­նե­րու մօտ մուսլու­մա­նացած բազ­մա­թիւ հայ աղ­ջիկներ կամ տղա­ներ կա­յին։ Անոնցմէ մէկ մա­սը իրենց հայ ինքնու­թիւնը գաղտնիք մը ըլ­լա­լով պա­հեց եւ հա­զիւ մա­հուան շե­մին փո­խան­ցեց յա­ջորդ սե­րունդին։ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հա­րիւր տա­րի ետք անոնցմէ ոմանք որո­շեցին վե­րադառ­նալ իրենց հայ ար­մատնե­րուն եւ հա­ղոր­դո­ւիլ հա­յոց լե­զուի, մշա­կոյ­թի եւ հա­ւատ­քի հետ հա­ղոր­դո­ւելու։

Գրքիս մէջ կը պատ­մեմ անոնք դէ­պի այս ուղղու­թեան մղող գոր­ծօննե­րը մատ­նանշել եւ նաեւ նշել իմ հա­մեստ դե­րակա­տարու­թիւնը։ Այդ գոր­ծօննե­րու շար­քէն են Տիար­պէ­քիրի Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեց­ւոյ վե­րաշի­նու­թիւնը, այդ քա­ղաքին մէջ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկին կազ­մա­կեր­պած մի­ջազ­գա­յին բա­նախօ­սու­թիւնը, ապա եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին մէջ կա­յացած զան­գո­ւածա­յին նա­խաճա­շերը եւ այլ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին մի­ջոցա­ռումնե­րը, Տիար­պէ­քիր եւ Տէր­սի­մի մէջ կա­յացած հա­յերէ­նի դա­սըն­թացքնե­րը եւ դէ­պի Հա­յաս­տան կա­յացած հա­ւաքա­կան շրջա­գայու­թիւննե­րը։

Ըստ ձեզ Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ թիւ կը կազ­մեն ծպտեալ կամ իս­լա­մացած հա­յերը։

Դժո­ւար հար­ցում մըն է այս։ Եթէ վե­րադառ­նանք 1915 թո­ւին, կարգ մը հե­տազօ­տող­նե­րու հա­մաձայն 200 հա­զար հայ որ­բեր եղած են որ­բա­նոց­նե­րու մէջ։ Տա­րագ­րութե­նէ խու­սա­փելու հա­մար իս­լա­մացած­նե­րու մա­սին ալ կը նշո­ւի 100 հա­զար թո­ւան­շա­նը։ Եթէ նկա­տի ու­նե­նանք, որ Թուրքիոյ բնակ­չութիւ­նը եօթը ան­գամ աւե­լացած է անցնող հա­րիւր տա­րուայ ըն­թացքին, կրնանք են­թադրել 2 մի­լիոնի շուրջ բնակ­չութիւն մը։ Նոյ­նիսկ կա­րելի է յա­ւելել 1894-1896 տա­րեթի­ւերու կո­տորած­նե­րուն հա­ւաքա­բար կրօ­նափոխ եղած բազ­մա­հարիւր գիւ­ղե­րու բնակ­չութիւ­նը եւ դա­րեր առաջ մահ­մե­տակա­նացած համ­շէնցի հա­յերը։ Ան­շուշտ պէտք չէ շփո­թել հայ ար­մատներ ու­նե­նալ եւ ծպտեալ հայ ըլ­լա­լու երե­ւոյթնե­րը։ Անոնցմէ որ­քա­նը կը գի­տակ­ցի իր հայ ծա­գու­մին, որ­քա­նը կը փա­փաքի իր ար­մատնե­րուն վե­րադառ­նալ բո­լորո­վին անո­րոշ է։

Քրտա­կան խնդրի խա­ղաղ եղա­նակով լու­ծո­ւելու ջա­նացո­ւած տա­րինե­րը մուսլու­մա­նացած հա­յերուն հա­մար ալ հա­մեմա­տաբար աւե­լի հան­գիստ շրջան մըն էր։ Այժմ ի՞նչ դժո­ւարու­թիւններ կան։

Այդ շրջա­նը բո­վան­դակ երկրի հա­մար դէ­պի ժո­ղովրդա­վարու­թիւն ըն­թա­ցող ժա­մանա­կահա­տուած մըն էր։ Ափ­սոս որ այժմ աւար­տած է այդ շրջա­նը եւ զգա­լի խտրա­կանու­թիւն մը կը նկա­տուի թուրք եւ սու­ննի չե­ղող­նե­րու հան­դէպ։ Այս շրջա­նին կրկին ծայր առաւ հա­յոց դէմ ատե­լու­թիւնը։ Վե­րանո­րոգո­ւած Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեցին ծան­րօ­րէն վնա­սուե­ցաւ բա­խումնե­րու շրջա­նին, քա­նի որ Թուրքիոյ զի­նեալ ու­ժե­րը ռազ­մա­խարիս­խի վե­րածած էին հա­յոց պատ­մա­կան տա­ճարը։ Այժմ կը տես­նենք թէ եկե­ղեցին կը վե­րանո­րոգո­ւի պե­տու­թեան մի­ջոց­նե­րով։ Յու­սամ թէ կրկին կը վե­րադառ­նանք ան­ցեալի այդ լաւ օրե­րուն։

 

Լսած եմ որ աջակ­ցած էք բազ­մա­թիւ մկրտու­թիւննե­րու։ Այդ մկրտու­թիւննե­րը այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կուի՞ն։

Երբ ծպտեալ հա­յերէ բաղ­կա­ցող խումբե­րուն կ՚առաջ­նորդէի Հա­յաս­տա­նի մէջ, ոմանք ցան­կութիւն ու­նե­ցան մկրտո­ւելու։ Այդ մկրտու­թիւննե­րը կա­տարե­ցինք Էջ­միած­նի մէջ։ Սա­կայն ափ­սոս, որ յա­ջոր­դող ու­ղե­ւորու­թիւննե­րուն նոյն բա­նը չկրցանք ընել Իս­թանպու­լի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի մի­ջամ­տութեամբ ար­գելք հան­դի­սանա­լուն պատ­ճա­ռաւ։

 

Իս­թանպու­լի Պատ­րիար­քա­րանի այս մեր­ձե­ցու­մը ինչպէ՞ս կը մեկ­նա­բանէք։

Ես չեմ բաժ­ներ Պատ­րիար­քա­րանի այս կե­ցուած­քը։ Հայ ինքնու­թեան գի­տակ­ցող ան­հա­տը իր դէմ ծա­ռացող դժո­ւարու­թիւննե­րը, սպառ­նա­լիք­նե­րը, ճնշումնե­րը յանձն առ­նե­լով, երբ կ՚ու­զէ իր հայ ինքնու­թեան դառ­նալ ոչ ոք իրա­ւունք ու­նի այդ կամ­քը խոր­տա­կելու։ Այս պա­հուն մե­զի կը վի­ճակի միայն օգ­նա­կան ըլ­լալ։ Միւս կող­մէ կը տես­նեմ, որ Թուրքիոյ մէջ օրըս­տօ­րէ կ՚աւել­նայ պատ­մա­կան ճշմար­տութիւնն­րու գի­տակ­ցողներու թի­ւը։ Թուրքեր, քրտեր կամ հա­յեր բո­լոր մարդկու­թիւնը պի­տի նա­խընտրեն խա­ղաղու­թեան մէջ միատեղ ապ­րի­լը։ Այդ ճա­նապար­հին շատ կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն պի­տի ու­նե­նան ինքնու­թեան մեծ ցնցում ապ­րած եւ ապա ինքնու­թիւնը վե­րագ­տած ծպտեալ հա­յերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ