Ողբամ զքեզ Լիբանան

4Օգոս­տո­սի երե­կոյեան ժա­մերուն Լի­բանա­նի մայ­րա­քաղաք Պէյ­րութ ցնցո­ւեցաւ ան­նա­խադէպ ուժգնու­թեամբ պայ­թումով մը։ Պայ­թումը այնքան ուժգին էր, որ զգա­ցուե­ցաւ նաեւ հե­ռաւոր Կիպ­րոս կղզիի վրայ իսկ։ Հե­ռուստա­կայան­ներ երբ հա­ղոր­դե­ցին այդ պայ­թումի պա­հը, ար­դէն տե­սարա­նը կը վկա­յէր կա­տարուածի սաստկու­թիւնը։ Ար­դա­րեւ շա­տեր կ՚ըսեն թէ պայ­թումէն ազ­դո­ւած է մայ­րա­քաղաք Պէյ­րութի տա­րած­քին 60 տո­կոսը։

Պայ­թումը տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­ւահան­գիստի շտե­մարան­նե­րուն մէջ, ուր կայ նաեւ զա­նազան պայ­թուցիկ սար­քեր, յատ­կա­պէս ռազ­մա­կան նիւ­թե­րու շտե­մարան­ներ։ Յա­ջորդ օրո­ւայ տո­ւեալ­նե­րու հա­մաձայն մա­հացող­նե­րու թի­ւը հա­րիւ­րէն աւե­լի է, իսկ վի­րաւո­րեալ­նե­րը աւե­լի քան 4 հա­զար։ Չի բա­ցառո­ւիր, որ զո­հերու թի­ւը ալ աւե­լի բարձրա­նայ մի քա­նի հա­րիւ­րի, քա­նի որ տա­կաւին կա­րելի չէ եղած աւե­րակի վե­րածո­ւած շի­նու­թիւննե­րու լիակա­տար խու­զարկու­մը։ Մինչ այդ հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րո­ւած­նե­րու մէջ ալ կան ծան­րա­պէս վի­րաւո­րուած­ներ։

Պայ­թումի պատ­ճա­ռի մա­սին զա­նազան կար­ծիքներ կամ վար­կածներ կը շրջա­գայէն։ Առա­ջին հեր­թին բո­լորին մտքին մէջ կար Իս­րա­յէլեան յար­ձա­կու­մի մը վար­կա­ծը, քա­նի որ այս եր­կի­րը տա­կաւին մքտ ան­ցեալին սպառ­նա­լիք­ներ տե­ղացու­ցած էր Լի­բանա­նի հաս­ցէին։

Վար­կած մըն է նաեւ պայ­թումին ելեկտրա­կան խան­գա­րու­մի մը հե­տեւան­քով տե­ղի ու­նե­նալը։ Սա­կայն շա­տեր դի­տելով կրկնա­կի պայ­թումնե­րը շատ ալ հա­ւանա­կան չեն գտներ այս վար­կա­ծը։ Միւս կող­մէ 7 Յու­լի­սին դա­տարա­նը վճիռ պի­տի ար­ձա­կէր նա­խագահ Հա­րիրիի սպա­նու­թեան նիւ­թին շուրջ։ Ոմանք վճռի նիստին եւ պայ­թումի մի­ջեւ ալ զու­գա­հեռ­ներ կը կազ­մեն։ Սակայն հետզհետէ աւելի համոզիչ կը թուի ամոնիում սուլֆաթով բեռնաւորուած եւ Պէյրութի նաւահանգիսը լքուած նաւու մը պայթած ըլլալու վարկածը։

Պայ­թումը որ­քան ալ տե­ղի ու­նե­ցած ըլ­լայ ծո­վափ­նեայ շրջա­նը, վնա­սուած են նաեւ հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րը։ Եկե­ղեցի, խմբագ­րա­տուն, դպրոց եւ ակումբ հայ­կա­կան զա­նազան շի­նու­թիւններ նիւ­թա­կան վնաս ապ­րած են պայ­թումի հե­տեւան­քով։

Զո­հերու կա­րեւոր մէկ մա­սը մա­հացած է իր տան մէջ։ Մեր ստա­ցած տե­ղեկու­թիւննե­րով ստու­գո­ւած է 6 հա­յերու մա­հացու­մը։ Իսկ վի­րաւո­րեալ­նե­րու մա­սին յստակ տե­ղեկու­թիւննե­րը ներ­կայ պա­հուն կը բա­ցակա­յին։

Վնա­սուած կա­ռոյցնե­րէն մէկն է նաեւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թեան մայ­րա­վան­քը եւ յա­րակից բա­ժին­նե­րը։ Արամ Ա. Կա­թողի­կոս այ­ցե­լեց եկե­ղեցին եւ ապա փո­ղոց ել­լե­լով շփո­ւեցաւ ժո­ղովուրդին հետ, անոնց փո­խան­ցե­լով իր հայ­րա­կան բա­րեմաղ­թանքնե­րը։

Լի­բանան ար­դէն վեր­ջին ամիս­նե­րուն մատ­նո­ւած էր քա­ղաքա­կան եւ տնտե­սական ճգնա­ժամի։ Պայ­թումը ալ աւե­լի մա­շեց­նող ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ հա­սարա­կու­թեան հո­գեբա­նու­թեան վրայ։

Երբ առա­ջին հեր­թին կը խօ­սինք զո­հերու եւ վի­րաւո­րեալ­նե­րու մա­սին, պէտք չէ մոռ­նալ որ նա­ւահան­գիստի այս կոր­ծա­նու­մով կրկնա­կիօրէն պի­տի տու­ժէ երկրի տնտե­սու­թիւնը։

Աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրներ պայ­թումին եւ մարդկա­յին զո­հերու հա­մար ցա­ւակ­ցա­կան պատ­գամներ փո­խան­ցե­ցին երկրի իշ­խա­նու­թեան եւ պատ­րաստա­կամու­թիւն յայտնե­ցին մար­դա­սիրա­կան օգ­նութեամբ գո­յացած աւե­րը թե­թեւաց­նե­լու հա­մար։

Այս առ­թիւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Աթոռն ալ ցա­ւակ­ցութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կա­թողի­կոսի ան­ձին մէջ բո­վան­դակ Լի­բանա­նահա­յու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը եւս խոս­տա­ցաւ մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւն, թէ հա­մայն Լի­բանա­նի եւ թէ լի­բանա­նահայ հա­մայնքին։

Վնա­սուած ազ­գա­յին կա­ռոյցնե­րու մէջ է Շաղ­զո­յեան կեդ­րո­նի շէն­քը, ուր կը գտնո­ւի ՀՅԴ կեդ­րո­նական վար­չութեան գրա­սենեակ­նե­րը, «Ազ­դակ» թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը, Վա­նայ Ձայն ռա­տիօ կա­յանը։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ