ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՍԱՀՄԱՆ


Սահ­ման քա­ջաց՝ զէնն իւ­րեանց

(Քա­ջերու սահ­մա­նը իրենց զէնքն է)

Մով­սէս Խո­րենա­ցի, 5-րդ դար

 

Օդա­նաւը հայ­րե­նի հո­ղի 10,000 մեթր բարձրու­թեան վրայ կը թռչի։ Պա­­տու­­հան կո­­չուած սահ­­մա­­­նէն վար կայ լիճ մը մեծ­­կակ, ձիւ­­նա­­­ծածկ գա­­գաթ­­ներ եւ հո­­րիզոն մը ան­­սահման։ Ապա կը մտա­­ծէք, թէ ո՛ւր է «սահ­­ման» կո­­չուած այն գի­­ծը, որ կը սահ­­մա­­­նափա­­կէ հայ ազ­­գը եւ անոր հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րը 29.8 քմ 2 տա­­րածու­­թեան մէջ։ Այս բարձրու­­թեան վրայ բա­­րեբախ­­տա­­­բար չկան սահ­­մաններ, կամ՝ գո­­նէ ան­­տե­­­սանե­­լի են անոնք։Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, հա­­զար բա­­ռով սահ­­մա­­­նուած զրոյց մը ու­­նե­­­նանք «սահ­­ման» բա­­ռի մա­­սին ու փոր­­ձէք չա­­փել անոր պատ­­մա­­­կան եւ լե­­զուա­­կան սահ­­մաննե­­րը։ Բայց, նախ կ՚առա­­ջար­­կեմ ան­­տե­­­սել ժա­­մանա­­կի եւ տե­­ղի սահ­­մաննե­­րը ու մտո­­վի ճա­­նապար­­հորդել հա­­յոց Ոս­­կե­­­դարը ու տես­­նել, թէ ինչպէս դրո­­ւեցան այս երկվան­­կի առա­­ջին սահ­­մաննե­­րը։

Ոս­­կե­­­դարուն հայ մա­­տենա­­գիր­­նե­­­րը պեր­­ճօ­­­րէն սահ­­մա­­­նեցին «սահ­­ման» բա­­ռը եւ անոր տո­­ւին բա­­ռացի, թէ՝ փո­­խաբե­­րական բազ­­մա­­­թիւ իմաստներ։ Այ­­նուհե­­տեւ, յա­­ջորդ սե­­րունդնե­­րուն մնաց անոր ըն­­դարձակ սահ­­մաննե­­րու մէջ ազա­­տօրէն ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծել. «Հո­­վե՜ր կ՚աց­­նին. / Ու ցո­­րեան­­ներս յու­­շիկ յու­­շիկ կ՚արթննան. / Իրենց խոր­­քէն կը հո­­սի դող մ՚ան­­սահման», Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժան, «Ու ան­­թա՜րթ, ան­­թա՜րթ նա­­յում էի ես / Ան­­սահման, ան­­ծիր երկնքի հե­­ռուն», Եղի­­շէ Չա­­րենց, «Հայ լե­­զու... / Ծա­­ռերուդ մէջ հո­­վանուտ կ՚եր­­թամ խին­­դով մ'ան­­սահման», Վա­­հան Թէ­­քէեան։ 19-րդ դա­­րու գե­­ղապաշտ գրա­­կանու­­թիւնը հա­­րուստ է նման տո­­ղիկ­­նե­­­րով։ Սա­­կայն, մենք մեր պատ­­մութեան սկսինք պատ­­մա­­­հայր Մով­­սէս Խո­­րենա­­ցիով։ «Պատ­­մութիւն հա­­յոց» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ ան առա­­ւել քան վաթ­­սուն ան­­գամ գոր­­ծա­­­ծեց «սահ­­ման» բա­­ռը։ Ներ­­կա­­­յանա­­լի են հե­­տեւեալ երեք ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը. «Սահ­­ման հայ­­րե­­­նեաց», «Սահ­­ման հա­­յոց» եւ «Սահ­­ման մե­­րոյ»։ Եթէ Խո­­րենա­­ցիի «Պատ­­մութիւն»ը գլուխ գոր­­ծոց է՝ գլուխ գոր­­ծոց է նաեւ անոր գրի­­չին պատ­­կա­­­նող հե­­տեւեալ դար­­ձո­­­ւած­­քը. «Սահ­­ման քա­­ջաց՝ զէնն իւ­­րեանց», այ­­սինքն, քա­­ջերու սահ­­մա­­­նը իրենց զէնքն է։ Պատ­­մա­­­հայ­­րը մե­­զի նաեւ բա­­ցատ­­րեց, թէ հա­­յերս ին­­չու «Ար­­մէններ» կո­­չուե­­ցանք ար­­տա­­­սահ­­մանցի­­ներու կող­­մէ. «Արա­­մայ բա­­զում գործք քա­­ջու­­թեան պատ­­մին մար­­տից նա­­հատա­­կու­­թեան, եւ ըն­­դարձա­­կել զսահ­­մանս Հա­­յոց յա­­մենայն կող­­մանց, յո­­րոյ անուն եւ զաշ­­խարհս մեր անո­­ւանեն ամե­­նայն ազգք, որ­­պէս Յոյնք՝ Ար­­մէն, իսկ Պար­­սիկք եւ Ասո­­րիք՝ Ար­­մէ­­­նիկք»։

5-րդ դա­­րէն այս կողմ երբ յա­­ճախ կը կծկո­­ւէին հա­­յոց սահ­­մաննե­­րը, ըն­­դարձա­­կուե­­ցաւ «սահ­­ման» բա­­ռի սահ­­մաննե­­րը։ Հա­­յոց լե­­զուն հարստա­­ցաւ նո­­րանոր բա­­ռերով... Սահ­­մա­­­նաբա­­ժան, սահ­­մա­­­նագիծ, սահ­­մա­­­նագ­­լուխ, սահ­­մա­­­նադիր, միասահ­­ման, սահ­­մա­­­նաքար, սահ­­մա­­­նել, սահ­­մա­­­նում... Գի­­րերու գիւ­­տին հե­­տեւե­­ցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի առա­­ջին սահ­­մա­­­նաբա­­ժանու­­մը Հռով­­մէական կայսրու­­թեան եւ Սա­­սանեան Պարսկաս­­տա­­­նի մի­­ջեւ... Սահ­­մա­­­նադ­­րութիւն, սահ­­մա­­­նազանց, սահ­­մա­­­նազա­­տել, սահ­­մա­­­նազօրք, սահ­­մա­­­նապահ... Երբ Սուրբ Գիր­­քի հա­­յերէն թարգմա­­նու­­թիւնը աւար­­տե­­­ցաւ, ան­­կում ու­­նե­­­ցաւ Ար­­շա­­­կու­­նի­­­ներու հսկա­­յական թա­­գաւո­­րու­­թիւնը եւ հա­­յը մնաց՝ «սահ­­մա­­­նազուրկ» (Հնա­­րեցի այս բա­­ռը եւ մաղ­­թե­­­ցի որ ան­­գամ մը եւս չգոր­­ծա­­­ծուի)... Սահ­­մա­­­նաթումբ, սահ­­մա­­­նախախտ, սահ­­մա­­­նածայր, օրի­­նասահ­­ման, սահ­­մա­­­նանիշ, սահ­­մա­­­նափոս... Չորս դար անց, երբ Բագ­­րա­­­տու­­նի­­­ներու գլխա­­ւորու­­թեամբ վե­­րականգնե­­ցաւ հա­­յոց թա­­գաւո­­րու­­թիւնը, հա­­յոց պե­­տական սահ­­մաննե­­րը ամ­­փո­­­փուե­­ցան Անի քա­­ղաքա­­մօր շուրջ... Սահ­­մա­­­նակալ, սահ­­մա­­­նական, սահ­­մա­­­նակից, սահ­­մա­­­նապետ, սահ­­մա­­­նավէճ... Երբ իր կեան­­քի սահ­­մա­­­նին հա­­սաւ բագ­­րա­­­տու­­նի­­­ներու իշ­­խա­­­նու­­թիւնը, «սահ­­ման հայ­­րե­­­նեաց»ը հրա­­ժեշտ տո­­ւաւ հայ­­րե­­­նի հո­­ղին ու ծո­­ւարե­­ցաւ Կի­­լիկիոյ սահ­­մաննե­­րէն ներս... Սահ­­մա­­­նակողմ, սահ­­մա­­­նագ­­ծել, սահ­­մա­­­նանիստ, սահ­­մա­­­նագ­­րել։ Ապա դար­­ձեալ... սահ­­մա­­­նազուրկ ազգ։ 19-րդ դա­­րու երկրորդ կէ­­սին, օտար­­նե­­­րու «չա­­փը, սահ­­մա­­­նը ան­­ցած» ոտնձգու­­թիւննե­­րուն վերջ տա­­լու հա­­մար հա­­յու սկսած պայ­­քա­­­րը 1918 թո­­ւակա­­նին ծնունդ տո­­ւաւ պա­­տուա­­բեր ար­­տա­­­յայ­­տութեան մը՝ «Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան մի­­ջազ­­գա­­­յին սահ­­մաններ»։

Մեր նախ­­նի­­­ները հնա­­գոյն ժա­­մանակ­­նե­­­րուն ար­­դէն «սահ­­ման» բա­­ռին տո­­ւեր էին «բո­­վան­­դա­­­կիչ բնու­­թիւն առար­­կա­­­յի» եւ «եզր տրա­­մաբա­­նու­­թեան» իմաստնե­­րը։ Իմաս­­տա­­­սէր Դա­­ւիթ Ան­­յաղթի յայտնի աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնն ալ, պա­­տահա­­կան չէ, որ կո­­չուած է «Սահ­­մանք իմաս­­տա­­­սիրու­­թեան»։ Նոյնպէս «սահ­­մա­­­նադիր» եւ «սահ­­մա­­­նադ­­րութիւն» բա­­ռերը, բա­­ցի իրենց բա­­ռացի իմաստնե­­րէն, ու­­նէին փո­­խաբե­­րական իմաստներ՝ «օրի­­նադիր, կար­­գա­­­դիր, օրէնսդրու­­թիւն», ինչպէս «Սուրբն Ներ­­սէս սահ­­մա­­­նադիրն եւ կար­­գա­­­ւորիչ» եւ «Քաղ­­կե­­­դոնա­­կան սահ­­մա­­­նադ­­րութիւն»։

Միջ­­նա­­­դարուն հայ բա­­նաս­­տեղծը փո­­խանակ երկրա­­յին սահ­­մաննե­­րով կաշ­­կանդո­­ւելու, սի­­րեց աչ­­քե­­­րը բարձրաց­­նել եր­­կինք ու տես­­նել ազա­­տու­­թիւն ներշնչող ան­­սահմա­­նու­­թիւնը. «Աս­­տո­­­ւած անեղ եւ ան­­ժա­­­մանակ, անսկիզբն... անուստ եւ տիպ ան­­սահման», Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լի, «Անեղն Աս­­տո­­­ւած ան­­ճա­­­ռական, / Ան­­հուն, ան­­հաս եւ ան­­սահման», Ներ­­սէս Անձնա­­պատ­­ցի։ «Սահ­­ման» բա­­ռի ու­­րա­­­խու­­թեան սահ­­ման չկար այն օրը, երբ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին այդ երկվան­­կով սահ­­մա­­­նեց Աս­­տուծոյ։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, մեր հո­­գեւոր գրա­­կանու­­թեան գե­­ղեց­­կա­­­գոյն նկա­­րագ­­րութիւններն են անոնք, ուստի, եղէք ան­­սահման նե­­րող, քան­­զի պէտք է որ մէջ­­բե­­­րեմ բո­­լորը. «Ան­­սահմա­­նելի բարձրու­­թիւն», «Ան­­սահմա­­նելի տե­­սիլ», «Սահ­­ման բա­­նաւոր», «Ան­­փո­­­խադ­­րե­­­լի սահ­­ման», «Անկշիռ սահ­­ման», «Տէ­­րու­­թիւն ան­­սահմա­­նելի», «Սահ­­ման ան­­հե­­­տազօ­­տելի», «Սահ­­ման փրկու­­թեան», «Աս­­տո­­­ւած ան­­սահման», «Լու­­սա­­­սահ­­ման ան­­դաստա­­նի», «Ան­­սահման զօ­­րու­­թիւն», «Ան­­սահման փա­­ռաւո­­րու­­թիւն», «Ան­­սահման անուն եւ ան­­բո­­­վան­­դա­­­կելի զօ­­րու­­թիւն», «Ճա­­ռագայթ ան­­հաս, ծա­­գումն ան­­սահման»։

Նոր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն, «սահ­­ման» բա­­ռը, շնոր­­հիւ Յա­­կոբ Պա­­րոնեանի ծի­­ծաղա­­շարժ իրա­­պաշ­­տութեան, վե­­րադար­­ձաւ եր­­կիր, ճշգրտօ­­րէն՝ Պոլ­­սոյ Ղա­­լաթիա թա­­ղամա­­սը։ Ահա այդ կար­­կա­­­ռուն թա­­ղի նկա­­րագ­­րութիւ­­նը՝ Պա­­րոնեանի գրի­­չով սահ­­մա­­­նուած. «Ղա­­լաթիոյ սահ­­մանն է – հա­­րաւէն քսա­­կահատ­­ներ, արե­­ւել­­քէն գի­­նուոր­­ներ, հիւ­­սի­­­սէն ոճ­­րա­­­գործներ եւ արեւ­­մուտքէն եր­­գիչ աղ­­ջիկներ։ Դրա­­մի կող­­մէն սահ­­ման չու­­նի. մո­­լու­­թիւննե­­րու մա­­սին ան­­սահման է»։ Ապա եկան քնա­­րեր­­գակ բա­­նաս­­տեղծներ։ Անոնք մեր երկվան­­կը փո­­խադ­­րե­­­ցին նոր սահ­­մաններ։ Ահա Վա­­հան Տէ­­րեանը եւ անոր մե­­լամաղ­­ձոտ «սահ­­ման»ը. «Մի՛ թող­­նիր ինձ միայ­­նակ / Ան­­սահման այս կսկի­­ծում», «Մե­­նակու­­թեան մէջ, գի­­շերում ան­­քուն... / Եւ իջ­­նում է մի ան­­սահման թա­­խիծ»։ Հա­­մօ Սա­­հեանը նկա­­րագ­­րեց իր բնու­­թիւնը. «Չեմ ճա­­նաչել հուն ու սահ­­ման, / Ծով լի­­նելս չեմ զգա­­ցել»։ Ռու­­բէն Հախ­­վերդեանը հայ­­կա­­­կան եր­­գա­­­րուես­­տի դա­­սական սահ­­մաննե­­րէն դուրս ելաւ ու յօ­­րինեց ժա­­մանա­­կակից մե­­ղեդի­­ներ սի­­րային եւ քա­­ղաքա­­կան. «Դու մե­­նակ ես ու ազատ, չու­­նես սահ­­մաններ, / Ես ու­­նեմ հար­­բած կի­­թառ եւ ու­­նեմ եր­­գեր», «Իմ յոգ­­նա՛ծ ճամ­­փորդ, ո՞ւր ես դու գնում... / Ո՞ւր է քեզ տա­­նում ճամ­­փան ան­­սահման», «Ես մօ­­տեցել եմ սահ­­մա­­­նին վտան­­գա­­­ւոր, / Երբ ինձ սի­­րում են մար­­դիկ լուրջ ու կա­­րեւոր»։ Ո՞ր ան­­տե­­­սանե­­լի ձեռ­­քը բա­­նաս­­տեղծ նշա­­նակեր է այդ անուննե­­րը։ Պա­­տաս­­խա­­­նը 1921 թո­­ւակա­­նին գրեց Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանը, թէ Ան­­սահմա­­նելին կը դնէ իր ձեռ­­քը ընտրեալի վրայ ու զայն կը սահ­­մա­­­նէ՝ բա­­նաս­­տեղծ. «Իմ կնունքին եր­­կինքը. ժամ, արե­­ւը. ջահ սրբա­­զան, / Ծիածա­­նը նա­­րօտ եղաւ, ամէն­­քի սէրն. աւա­­զան. / Սա­­րը եղաւ կնքա­­հայրս, ցո­­ղը. միւ­­ռոն կեն­­սա­­­ւէտ, / Ու կնքո­­ղը Նա ինքն եղաւ, որ սահ­­մա­­­նեց ինձ պոէտ»։

1988 թո­­ւակա­­նին, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, զօ­­րակոչ էր երկրի մէջ ու հայ­­րե­­­նի սահ­­մաննե­­րէն ներս տեղ չկար քնա­­րեր­­գութեան։ Կրակ էր «սահ­­մա­­­նի ողջ եր­­կայնքով» ու զօ­­րակոչ էր ամե­­նու­­րէք։ Այդ պայ­­մաննե­­րը հար­­կադրե­­ցին, որ Ալեք­­սանդր Ղու­­մա­­­շեանը գրի առ­­նէ «Մար­­տա­­­կոչ 88» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը. «Սահ­­մաններդ սեղմւում են հետզհե­­տէ,- / Տէր իմ Աս­­տո­­­ւած, այս նա­­հան­­ջը ուր է տա­­նում», «Նեղ են սահ­­մաններդ, երազ­­ներդ՝ ան­­դէմ»։ Իսկ երբ ծնաւ ան­­կախ Հա­­յաս­­տա­­­նը իր նո­­րածին սահ­­մաննե­­րով, Յով­­հաննէս Գրի­­գորեանը հիաս­­թա­­­փու­­թիւն ապ­­րե­­­ցաւ.

«Չորս քայլ վեր… սահ­­ման է։

Չորս քայլ վար… սահ­­ման։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, «սահ­­ման» բա­­ռը կը շա­­րու­­նա­­­կէ ցոյց տալ փշա­­լարի նմա­­նող իր դէմ­­քը, բնու­­թագրե­­լով՝ մեր յա­­րաբե­­րու­­թիւնը սահ­­մա­­­նի այն կող­­մի հետ։ Հայ­­կա­­­կան մա­­մու­­լը եւ մեր առօ­­րեայ զրոյցնե­­րը ողո­­ղուած կը մնան նոյնքան խո­­ժոռա­­դէմ ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով. «Սահ­­մա­­­նային վէճ», «Սահ­­մա­­­նային բա­­խում», «Սահ­­մա­­­նի ողջ լայնքում...», «Սահ­­մա­­­նամերձ գիւղ, կամ՝ հա­­մայնք», «Փակ սահ­­ման»։ Այդ վի­­ճակէն դուրս գա­­լու հա­­մար կ՚առա­­ջար­­կեմ նոր բառ՝ «սահ­­մա­­­նաշարժ», որ գի­­շեր մը, յան­­կարծ պա­­տահէր ու ամէն ինչ վե­­րադառ­­նար իր նախ­­կին տե­­ղը։ Մին­­չեւ որ ան պա­­տահի, 10000 մէթր բարձրու­­թեան վրայ, -երբ նշմա­­րելի է Շի­­րակի եւ Ու­­տի­­­քի Սահ­­մա­­­նախաչ տե­­ղանքնե­­րը, Բռնա­­կոթի Սահ­­մա­­­նասար տե­­ղան­­քը, Վա­­յոց Ձո­­րի Սահ­­մա­­­նասար լե­­ռը-, մենք մեր յոյ­­սը դնենք բա­­նաս­­տեղծնե­­րուն, որոնց երե­­ւակա­­յու­­թիւնը սահ­­ման չու­­նի. «Թռչուննե­­րը ։ Սահ­­մաննե­­րի վրայ փշա­­լարեր չկան / Թռչուննե­­րի հա­­մար», Ալեք­­սանդր Ղու­­մա­­­շեան, «Լի­­նէ՜ր, այնպէս լի­­նէր, որ չլի­­նէր սահ­­ման», Վա­­հագն Դաւ­­թեան։ Ան­­սահման եր­­ջանկու­­թիւն բո­­լորիդ՝ մինչ յա­­ջորդ հան­դիպում։