Նախ Հոգի, Ապա Հայրենիք

ԳԱՅԻԱՆԷ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆ

Նստած եմ գետ­նին, որով­հե­տեւ ոտ­քե­րուս ծան­րութիւ­նը կռնակս կը կքէ։ Կար­ծես կը քա­շէ վար եւ միայն կարծր յա­տակը կը փրկէ զիս հա­լելէ եւ ան­հե­տանա­լէ։ Ար­դէն շա­բաթ մը ան­ցաւ այն պա­հէն, երբ կարծր յա­տակը շար­ժե­ցաւ՝ իր հետ շար­ժե­լով ամ­բողջ կեան­քի մը յու­շեր, հա­ւատա­լիք­ներ եւ երազ­ներ։ Ես ֆի­զիքա­կան կամ նիւ­թա­կան վնաս մը չկրե­ցի։ Ապա­կի մը կոտ­րե­ցաւ, որ ար­դէն շա­տոնց պէտք է նո­րոգո­ւէր։ Ես այդ գի­շեր իմ տունս քնա­ցայ (կամ քնա­նալու պէս բան մը ըրի)։ Ես յա­ջորդ առ­տու սուրճ խմե­ցի։ Ես ո՛չ դե­ղորայ­քի պէտք ու­նիմ, ո՛չ ալ սնունդի։ Ես լի­բանան­ցի մըն եմ, որուն ոտ­քե­րուն տա­կի մինչ այդ փո­խաբե­րական իմաս­տով շար­ժող հո­ղը մէկ շա­բաթ առաջ մեծ վիհ մը գո­յացուց ծո­վուն եւ ժա­մանա­կին մէջ։

Մէկ շա­բաթ է որ ամ­բողջ եր­կիր մը ապուշցած է։ Մէկ շա­բաթ է որ ջու­րի կա­թիլ­ներ կուլ տա­լը կը ցաւցնէ։ Մէկ շա­բաթ է որ մեր հո­գինե­րը Պէյ­րութի նա­ւահան­գիստէն դէ­պի դժոխք բա­ցուած ան­դունդէն վար կը սա­հին։ Ձայն, հոտ, ցնցում, աղ­մուկ, պոռչտուք, աս­տի­ճան­նե­րէն բո­պիկ վար վա­զող­ներ, տժգոյն դէմ­քեր՝ մե­ծերու, պա­տանի­ներու, երե­խանե­րու։ Տան դու­ռը գո­ցելուն եւ վար վա­զելուն մի­ջեւ եղած այդ քա­նի մը երկվայրկեանին մէջ, ան­գամ մըն ալ տունդ չտես­նե­լու սար­սափ։ Մէկ շա­բաթ է որ թե­թեւ հով մը իսկ կը սար­սա­փեց­նէ, փո­ղոցէն շան մը հա­չոցը մա­հացու վտանգ կը թո­ւի։

Պէյ­րութը ոչ եւս է։ Խօս­քը դու­ռե­րու եւ պա­տու­հաննե­րու մա­սին չէ։ Խօս­քը այ­սօր ապուշցած գե­տին նստած լի­բանան­ցի­ներուն մա­սին է, որոնց բար­կութիւնն ու յու­սա­հատու­թիւնը իրա­րու հետ կը մրցին, որոնք բո­լորը տգեղ­ցան մէկ վայրկեանի մէջ, որոնց բո­լորին հո­գին մնաց նա­ւահան­գիստի այդ փո­սին խոր­քը։

Մէկ շա­բաթ է նաեւ որ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու տար­բեր հար­թակնե­րու վրայ տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ ապ­րող հա­յեր, իրենց տու­նե­րուն մաք­րութիւ­նը տա­կաւին նոր վեր­ջա­ցու­ցած, լի­բանա­նահա­յերուն խելք կը ծա­խեն, թէ ինչ պէտք է ընեն անոնք եւ ո՚ւր եր­թան։ Երբ մէ­կը վի­րաւո­րուի, նախ եւ առաջ ամե­նէն տե­սանե­լի վէր­քե­րը կը խնա­մեն, ապա կ՚անցնին ան­տե­սանե­լինե­րուն։ Մէկ շաբ­թո­ւան մէջ կոտ­րած ապա­կինե­րը հա­ւաքո­ւեցան, պա­տերէն թռած ըն­տա­նեկան նկար­ներն ալ վե­րադար­ձան իրենց տե­ղերը, բայց իրենց մար­միննե­րէն դուրս թռած հո­գինե­րը դեռ շատ եր­կար պի­տի թա­փառին առանց իրենց տէ­րերուն։

Շա­տերու նման ծնած եմ Լի­բանա­նի հայ­կա­կան թա­ղամա­սին մէջ՝ քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի ամե­նէն թէժ օրե­րուն։ Ման­կութիւնս առանձնա­պէս չի յատ­կանշո­ւիր ազատ, ան­մեղ եւ ան­հոգ յու­շե­րով։ Փոքր տա­րիքէս ու­րա­խու­թիւնը հա­մարած եմ շռայ­լութիւն, որով­հե­տեւ հա­յը ողջ ըլ­լա­լու հա­մար ար­դէն պէտք է շնոր­հա­կալ ըլ­լայ։ Այսպէս մեծ­ցանք. թա­ղի ըն­կերնե­րով ռումբի կտոր­ներ հա­ւաքե­լով, պա­տու­հաննե­րէն ռումբե­րուն կրակ­նե­րը որ­պէս պայ­թուցիկ դի­տելով, եւ միշտ գիտ­նա­լով որ ամե­նէն վա­տին պէտք է պատ­րաստ ըլ­լանք։ Տու­նե­րու դու­ռե­րուն ետեւ պա­հուած սնունդի սնտուկնե­րը բո­լորը կը յի­շեն։ «Մա­լինկ», «Սմեց» պա­նիր եւ աշ­խարհի ամե­նէն զզո­ւելի սնունդը, որ կա­րելի էր պա­հել թի­թեղեայ տու­փե­րու մէջ՝ միայն ողջ մնա­լու հա­մար։

Բո­լորս կը յի­շէնք «Ղար­պիյյէ»ի եւ «Շար­քի­յէ»ի պատ­մութիւննե­րը։ Հայրս կը խօ­սէր մեր տու­նէն տաս վայրկեան հե­ռու գտնո­ւող Պէյ­րութի մը մա­սին որ ես մին­չեւ 14 տա­րեկանս չտե­սայ։ Պուրճ, Ազա­րիյէ, Ռի­վոլի։ Ո՞վ չէ լսած այս անուննե­րը իր ծնող­նե­րէն, առանց հասկնա­լու անոնց ինչ ըլ­լա­լը։ Որո՞ւ ծնող­քը մին­չեւ հի­մա չ՚ըսեր. «Միւս կողմ շատ մի եր­թար...»։ Միւս կո՞ղմ։ Մատ­նո­ցի մը չափ Պէյ­րութը ինչքա՜ն կող­մեր ու­նի, որոնք ան­ծա­նօթ են շա­տերուն։ Մեր բո­լորիս ծննդա­վայր Պէյ­րութը ինչքա՜ն գաղտնիք­ներ ու­նի մեզ­մէ։

Լի­բանա­նէն խեր տես­նե­լը դիւ­րին բան չէ. պա­տերազմ, ան­կարգու­թիւն, անա­պահո­վու­թիւն, կեն­սո­լոր­տա­յին աղէտ­ներ, այ­լա­մեր­ժութիւն, կրօ­նական ծայ­րա­յեղու­թիւն եւ անի­րաւու­թիւննե­րու ան­վերջ շա­րան մը։ Բայց այս բո­լորը չեն խան­գա­րեր որ Լի­բանա­նը մեր տու­նը ըլ­լայ։

Հա­պա Հա­յաս­տա՞նը. չէ՞ որ ան մեր հայ­րե­նիքն է, զոր սի­րելը մենք մեր աչ­քե­րը բա­ցած պա­հէն կը սոր­վինք։ Չէ՞ որ ես Հա­յաս­տա­նի փո­ղոց­նե­րուն անուննե­րը աւե­լի լաւ գի­տէի առանց իսկ Հա­յաս­տան գա­ցած ըլ­լա­լու, երբ իմ ծննդա­վայ­րիս «միւս կող­մե­րը» ճանչնա­լու հա­մար տաս­նա­մեակ­ներ պէտք էին։ Չէ՞ որ ես շատ աւե­լի լաւ հա­յերէն գի­տեմ, քան արա­բերէն։ Չէ՞ որ 1988-ի երկրա­շար­ժին, երբ ես Լի­բանա­նի պա­տերազ­մի ծանր օրե­րը ապ­րող մա­նուկ մըն էի, զրկուեցայ իմ խեղճ Նոր տա­րուան նո­ւէրէս, որով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի երե­խանե­րը Նոր տա­րի պի­տի չու­նե­նային։ Չէ՞ որ ես երբ դպրոցս աւար­տե­ցի, առանց երկմտե­լու Հա­յաս­տան գա­ցի, որով­հե­տեւ ու­րիշ տար­բե­րակի մա­սին մտա­ծելն ան­գամ անի­մաստ էր։ Իսկ հի­մա ին­չո՞ւ կը բար­կա­նամ երբ մար­դոց ցա­ւերը տա­կաւին չսպիացած հայ­րե­նադար­ձութեան կո­չեր կը լսուին տար­բեր կող­մե­րէ։ Ին­չո՞ւ կը մտա­ծեմ որ աղէ­տէն փրկո­ւելու հա­մար մէկ տե­ղէն միւ­սը գա­ցողը միշտ ալ գաղ­թա­կան պի­տի կո­չուի եւ եր­բեք լիար­ժէք քա­ղաքա­ցի պի­տի չդառ­նայ։ Լի­բանա­նահա­յը այս մէ­կը ամե­նէն լաւ գիտ­ցողնե­րէն է եւ հի­մա իր ծննդա­վայ­րի ան­կումին ցա­ւը ապ­րե­լու փո­խարէն, ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ կ՚են­թարկո­ւի պա­խարա­կու­թեան, կ՚ամ­բաստա­նուի կար­ճա­տես ըլ­լա­լուն եւ իր կեան­քը իր իս­կա­կան հայ­րե­նիքէն դուրս փնտռե­լուն մեղ­քով։ Մար­դիկ կը խօ­սին ինքնու­թեան մա­սին եւ հայ­րե­նադար­ձութեան կո­չերով կ՚ար­հա­մար­հեն ճակ­տի քրտին­քով կա­ռու­ցո­ւած կեան­քեր։

Հայ­րե­նադար­ձութիւ­նը լաւ բան է, բայց ամէն մարդ ինք կ՚որոշէ իր հայ­րե­նիքին ուր ըլ­լա­լը, եթէ ան­պայման հայ­րե­նիք մը ու­նե­նալու պէտ­քը ու­նի։ Շատ մը լի­բանա­նահա­յերու հա­մար, որոնք «միւս կողմ»երը չեն գի­տեր, հայ­րե­նիք փո­խելը աւե­լի դիւ­րին է, քան անոնց, որոնք լաւ կը ճանչնան իրենց ծննդա­վայ­րը։ 18 տա­րեկա­նիս ին­ծի հա­մար ալ դիւ­րին էր Լի­բանա­նը ձգե­լը, որով­հե­տեւ չէի ճանչնար զայն։ Եօթը տա­րի Հա­յաս­տան ապ­րե­ցայ եւ ան իր լա­ւով ու վա­տով եղաւ իմ տունս։ Հա­յաս­տա­նի մէջ ես սո­րուե­ցայ մարդ ըլ­լալ եւ չսահ­մա­նափա­կուիլ իմ հայ ըլ­լա­լովս։ Հա­յաս­տա­նը ազա­տագ­րեց զիս շատ մը նեղ եւ քա­ռակու­սի սկզբունքնե­րէ։ Բայց եր­կար ճամ­բայ ան­ցայ։ Երի­տասարդ էի։ Մինչ այդ ապ­րած կեանքս մեծ բան մը չէր։ Մի­նակ էի, ազատ եւ ան­կախ։ Յե­տոյ վե­րադար­ձայ Լի­բանան, կեան­քի նոր փուլ մը սկսաւ։ Աշ­խա­տեցայ, ստեղ­ծա­գոր­ծե­ցի, որ­պէս մարդ հա­սու­նա­ցումս ապ­րե­ցայ հա­րիւ­րա­ւոր մար­դոց հետ աշ­խա­տելով։ Լա­ւը շատ էր, գէ­շը նոյնպէս, բայց կեանք էր, լիար­ժէք կեանք։ Ես Լի­բանա­նի տար­բեր կող­մե­րը ճանչցայ, տար­բեր փո­ղոց­նե­րը, տար­բեր մար­դի­կը եւ այդ տար­բե­րու­թիւննե­րուն մէջ գտայ ինքս ինձ։

Եր­կու օր առաջ Հա­յաս­տան եկայ։ Հի­մա այս տո­ղերը կը գրեմ Արա­րատեան դաշ­տի գիւ­ղե­րէն մէ­կուն խա­ղաղու­թեան մէջ։ Մատ­ներս շատ արագ կը սա­հին ստեղ­նա­շարին վրայ, սա­կայն հո­գիս չկայ։ Մնաց այդ փո­սին մէջ՝ ծննդա­վայ­րիս գե­րեզ­մա­նը։ Հի­մա ես ապա­հով եմ, աչքս կա­նաչով ու կա­պոյ­տով յա­գեցած, բայց միտքս Պէյ­րութի փո­շինե­րով ծած­կո­ւած։ Ես եկայ Հա­յաս­տան, բայց իմ կեանքս հետս չե­կաւ։ Ին­ծի սի­րելի շա­տեր հոն են։ Ես հի­մա հոս եմ։ Ես լաւ չեմ, ոչ մէկ Լի­բանան­ցի լաւ պի­տի ըլ­լայ եր­կար ժա­մանակ։

Պի­տի խնդրեմ որ ձգէք առող­ջա­նանք, պի­տի խնդրեմ որ մեր փո­խարէն որո­շումներ չկա­յաց­նէք, պի­տի խնդրեմ որ մեր ապ­րած կեան­քը չար­հա­մար­հէք, պի­տի խնդրեմ որ ձգէք ամէն մարդ նախ իր հո­գին գտնէ, յե­տոյ հայ­րե­նիքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ