Թաղման ծախսերը կրճատելու միջոցներ

Օրթա­գիւ­ղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեցին նա­խապէս յայ­տա­րարած էր թէ նիւ­թա­կան աջակ­ցութիւն պի­տի պար­գե­ւէ բո­լոր այն երի­տասարդ զոյ­գե­րուն, որոնք կը տքնին հար­սա­նիքի ծանր բե­ռան տակ։ Թա­ղակա­նու­թիւնը խոս­տա­ցած էր հայ ամու­սիննե­րու պսա­կադ­րութեան եւ տուն կազ­մե­լու հետ առնչո­ւած զա­նազան ծախ­սե­րը հո­գալ։ Այժմ Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղակա­նու­թիւնը կը պատ­րաստո­ւի նոր ծա­ռայու­թեան մը, ստանձնե­լով նիւ­թա­պէս անա­պահով 30 ըն­տա­նիք­նե­րու յու­ղարկա­ւորու­թեան ու թաղ­ման ծախ­սե­րը։

Ար­դէն իսկ հա­մավար­կի կան­խարգել­ման մի­տու­մով բա­ւակա­նին կրճա­տուած են եկե­ղեցա­կան կար­գադրու­թիւննե­րը, որոնք ծանր բեռ մը կը հան­դի­սանա­յին սգա­ւոր­նե­րու ու­սե­րուն։

Թա­ղակա­նու­թիւնը այդ ծախ­սերն ալ յանձն կ՚առ­նէ եւ նաեւ կը պատ­րաստո­ւի սա­ռու­ցեալ դիարա­նով մը օժ­տել Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նատու­նը, քա­նի վեր­ջերս հետզհե­տէ աւե­լի մեծ թի­ւով թա­ղումներ կը կա­տարո­ւի գե­րեզ­մա­նատան մա­տու­ռէն։

Միւս կող­մէ Իս­թանպու­լի Քա­ղաքա­պետա­րանի մօտ հայ հա­մայնքի պաշ­տօ­նական ներ­կա­յացու­ցիչ Տէր Զա­քար Քհնյ. Քո­փարեանի նա­խաձեռ­նութեամբ Քա­ղաքա­պետա­րանը սար­քած է մե­ռելա­կառք մը, որ ցրի սպա­սար­կութիւն պի­տի բե­րէ հայ հա­մայնքի ննջե­ցեալ­նե­րուն։

Նա­խապէս թա­ղու­մի ծախ­սե­րուն մէջ կա­րեւոր գու­մար մը կազ­մող մե­ռելա­կառ­քի սպասարկութիւնը այսպէ­սով պի­տի ստանձնէ Իս­թանպու­լի Մայր Քա­ղաքա­պետա­րանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ