Գաղթի ճամբան ուղղուած է դէպի Հայաստան

Միջին Արե­ւել­քի փո­թոր­կա­լից զար­գա­ցումնե­րը մեծ սպառ­նա­լիքի մը վե­րածո­ւած են հայ­կա­կան սփիւռքի Մի­ջին Արե­ւելեան կա­րեւո­րագոյն կեդ­րոննե­րուն հա­մար։ Ան­ցեալին մեծ մտա­հոգու­թեամբ ակա­նատես եղանք հա­լէպա­հայ գա­ղու­թին քայ­քայման երե­ւոյթնե­րուն։ Այս ան­գամ վտան­գո­ւած է լի­բանա­նահայ գա­ղու­թը, որ կ՚ապ­րի տա­րան­ջատման ծանր պայ­մաններ։ Դէ­պի արեւմտեան եր­կիրներ ար­տա­գաղ­թը թէեւ նոր երե­ւոյթ մը չէ, իսկ այժմ կ՚ապ­րինք ալ աւե­լի զան­գուածա­յին բնոյթ մը ստա­ցող գաղ­թի նոր հո­սանք մը։ Այստեղ միակ բա­րեբախ­տութիւ­նը այն է, թէ գաղ­թի հո­սան­քը զգա­լի մե­ծամաս­նութեամբ ուղղո­ւած է դէ­պի Հա­յաս­տան, որ ինքնին երաշ­խիք մըն է ապա­գայի իմաս­տով։ Սա­կայն ուղղու­թիւնը ինչ, որ ալ ըլ­լայ գաղթը զգա­լի կո­րուստ մըն է հա­յու­թեան հա­մար։ Այս առու­մով կը կա­րեւօ­րէնք լի­բանա­նահայ այժմու խնդիր­նե­րը վեր­լուծող բո­լոր գրու­թիւննե­րը եւ կը շա­րու­նա­կենք մեր լի­բանա­նահայ բա­րեկամ­նե­րու մատ­նո­ւած ճգնա­ժամը լու­սա­բանող գրու­թիւննե­րուն։ Ար­դա­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Շա­հէն Արա­բօղ­լո­ւեանի Լի­բանա­նի վեր­ջի զար­գա­ցումնե­րու մա­սին մեկ­նա­բանու­թիւննե­րը։

ա- Երկրին քա­ղաքա­կան վի­ճակը օրէ օր կը փո­խուի, անընդհատ։ Եր­կուշաբ­թի օր երես­փո­խանա­կան նիս­տը մե­ծամաս­նութեան ձայ­նով քո­ւէար­կեց նախ­կին Գեր­մա­նիոյ Լի­բանա­նի դես­պան Մուսթա­ֆա Ատիպ եւ զայն նշա­նակեց վար­չա­պետ։ Հա­զուա­դէպ երե­ւոյթ մըն էր, պար­զա­պէս որով­հե­տեւ թէ՛ Սիւննի եւ թէ՛ Շիիթ հա­մայնքնե­րու մե­ծագոյն ու­ժե­րը քո­ւէար­կե­ցին նոյն անձնա­ւորու­թեան։ Այս ժա­մանա­կամի­ջոցին ժա­մանեց Ֆրան­սա­յի նա­խագահ Էմա­նուէլ Մաք­րոն (պայ­թումէն ետք երկրորդ ան­գամ ըլ­լա­լով ար­դէն) եւ ընթրիք ու­նե­ցաւ բո­լոր լի­բանա­նեան կու­սակցու­թիւննե­րու պա­տաս­խա­նատու­նե­րուն հետ։ Ան ըսաւ որ նոր վար­չա­պետը պէտք է ան­պայման կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մէ եկող եր­կու շա­բաթ­նե­րուն ըն­թացքին եւ բա­րեփո­խումներ կա­տարէ եկող ամ­սուան մէջ, թէ ոչ Լի­բանան պի­տի չստա­նայ մի­ջազ­գա­յինօ­րէն նա­խապէս խոս­տա­ցուած եւ տրա­մադ­րո­ւելիք օգ­նութիւ­նը։

Պէյ­րութա­հայու­թեան իրա­վիճա­կը նաեւ ան­կա­յուն է, թէ՛ որով­հե­տեւ պայ­թումին կեդ­րո­նը շատ մօտ էր հա­յահոծ Պուրճ Հա­մու­տին, եւ թէ՛ որով­հե­տեւ լի­բանա­նահա­յու­թիւնը բա­ցառու­թիւն մը չէ երկրի տնտե­սական ծանր տագ­նա­պէն։ Շա­տեր, շատ շա­տեր, մտադ­րած են լքել եւ փո­խադ­րո­ւիլ ու­րիշ եր­կիր, որոնցմէ շատ մեծ թիւ մը որո­շած է Հա­յաս­տան փո­խադ­րո­ւիլ։ Այո, հասկնա­լի է որ ամ­բողջ գա­ղութ մը կը պար­պո­ւի հոս­կէ, Պէյ­րութէն, քա­ղաք մը որ յա­ճախ կո­չուած է «սփիւռքի սիր­տը» (թէեւ հա­մաձայն չեմ ատոր հետ), բայց լի­բանա­նահա­յը չենք կրնար մե­ղադ­րել։ Մեծ մայ­րե­րու եւ մեծ հայ­րե­րու լի­բանա­նահայ սե­րունդը ծնած է ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ազա­տած ծնող­քի մը, հա­մաշ­խարհա­յին երկրորդ պա­տերազ­մի ըն­թացքին, եւ յե­տոյ հա­զիւ կա­յուն վի­ճակ մը ստեղ­ծո­ւած է եւ սկսած են ամուսնա­նալ եւ զա­ւակ ու­նե­նալ՝ արիւ­նա­լի քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մը սկսած է Լի­բանան եւ տե­ւած է 15 եր­կար տա­րիներ, որ­մէ ետք շա­րու­նա­կուած է եւ դեռ կը շա­րու­նա­կուի դրա­ցի եր­կիրնե­րու հետ փա­խումներ, ահա­փեկ­չա­կան փոր­ձեր (եր­բեմն յա­ջող), անի­րաւու­թիւն, խտրու­թիւն, անե­րեւա­կայե­լի մե­ծահա­րուստնե­րու խաւ մը, պայ­թումներ, հրդիր­ներ, մին­չեւ նոյ­նիկ արիւ­նա­լի թարմ պա­տերազ­մը 2006-ի։ Ու­րեմն բո­լորս ալ ապ­րած ենք եւ փոր­ձա­ռու­թիւնը ու­նե­ցած ենք Լի­բանա­նի ան­կա­յուն վի­ճակին, եւ ալ հասկնա­լի է երբ որե­ւէ մէկ լի­բանա­նահայ ու­զէ ձգել եր­թալ, ուր ալ ըլ­լայ եր­կի­րը։ Կ՚ար­ժէ նշել որ միայն հա­յերը չեն լի­բանա­նի մէջ որոնք կը գաղ­թեն դուրս, բայց պար­զա­պէս լի­բանա­նահա­յերը ու­նին այն առա­ւելու­թիւնը, որ Հա­յաս­տա­նը թէ՛ վի­զայի եւ գոր­ծի խո­չըն­դոտներ չստեղ­ծեր, եւ թէ՚ ալ լե­զուն բո­լորիս ծա­նօթ է եւ մշա­կոյ­թը ոչ շատ հե­ռու։

բ- Հան­գիստ կրնամ ըսել որ Լի­բանա­նը, այ­սինքն կա­ռավա­րու­թիւնը աս պա­րագա­յին, չի դի­մագ­րա­ւեր այս դժո­ւարու­թիւննե­րը՝ ո՛չ տնտե­սական կող­մէ, ո՛չ պայ­թումին հե­տեւանքնե­րը, ոչ մէկ բան։ Պար­զա­պէս որով­հե­տեւ տնտե­սու­թիւնը ոտ­քի կանգնեց­նե­լու հա­մար պէտք է դրա­մական թա­փան­ցիկ մօ­տեցում ու­նե­նան, եւ գրե­թէ բո­լորը բտած են, ու­րեմն ան­կա­րելի է նիւ­թա­կան թա­փան­ցի­կու­թիւնը, որ կը նշա­նակէ նաեւ ան­կա­րելի է ար­տա­քին մի­ջազ­գա­յին օգ­նութիւ­նը։ Պայ­թումէն ետք կա­ռավա­րու­թիւնը չու­նէր ոչ մէկ ան­մի­ջական ծրա­գիր եւ գրե­թէ ժո­ղովուրդն էր որ հա­սաւ ինք իրեն օգ­նե­լու։ Մին­չեւ հի­մա իսկ գրե­թէ նոյնն է իր­ավի­ճակը։ Օգ­նող կա­ռավա­րու­թիւն չկայ, միայն կան օգ­նող կու­սակցու­թիւններ, միու­թիւններ ու կազ­մա­կեր­պութիւններ, որոնք գրե­թէ բո­լորը այս կամ այն ձե­ւով մաս կը կազ­մեն երես­փո­խանա­կան նիս­տին։

Չեմ կրնար ըսել եւ կամ գիտ­նալ Պէյ­րութա­հայու­թիւնը ինչ կա­րիք­ներ ու­նի, բայց կար­ծեմ բո­լորս կ՚ակըն­կա­լէինք սփիւռքին աջակ­ցութիւ­նը, մա­նաւանդ պայ­թումէն ետք։ Հա­յաս­տա­նէն եկած օգ­նութիւ­նը, քիչ մը գո­նէ անձնա­պէս ին­ծի հա­մար, հա­ճելի անա­կն­կալ մըն էր։ Այո յա­ճախ Հա­յաս­տա­նը օգ­նած է լի­բանա­նահա­յու­թիւնը երբ պէտք եղած է, բայց ոչ այս աշ­խուժու­թեամբ։ Ման­կութեանս ըն­թացքին յա­ճախ դրա­մահա­ւաք­նե­րու եւ թե­լեթոն­նե­րու եւ ռա­տիոթոն­նե­րու մաս­նակցած եմ եւ Հա­յաս­տա­նի պզտի-պզտիկ գու­մարներ տո­ւած եմ, ու­րեմն իմ հի­մա չա­փահաս ան­ձիս հա­մար դրա­կան հա­ճելի եւ անա­կն­կալ մըն էր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ