ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՄԱՆԵԱԿ

«Կէս գի­շերո­ւան բու­րումնա­հեղց վար­դե­րով..., պի­տի հիւ­սեմ մա­նեակ մը նուրբ»։ Նուրբ են Մի­սաք Մե­ծարեն­ցի իղ­ձերն ու գրա­կան պատ­կերնե­րը։ Նոյնքան նուրբ են անոր ընտրած բա­ռերը, ինչպէս «մա­նեակ» գո­յակա­նը։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, այ­սօր զրու­ցենք «մա­նեակ» բա­ռի մա­սին ու տես­նենք, թէ ան ինչպէ՛ս Բիւ­զանդիոն. բլուրնե­րէն դուրս եկաւ ու զար­դա­րեց հա­յոց մայ­րե­նիի սպի­տակա­թոյր պա­րանո­ցը։

Հին է «մա­նեակ» բա­ռը հայ­կա­կան գրա­կան լե­զուի մէջ, ու մեր լե­զու­ն այն հպար­տութեամբ կը կրէ Ոս­կե­դարէն ի վեր, սա­կայն, աւե­լի հին է բա­նահիւ­սութեան մէջ գրա­ւած տե­ղը։ Ահա անոր հէ­քիաթա­յին նա­խապատ­մութիւ­նը... Արա Գե­ղեցի­կին խե­լակո­րոյս սի­րահա­րած Շա­միրա­մը երբ կը պատ­րաստո­ւէր հան­դի­պիլ թա­գաւո­րին, կա­պեց վար­դա­գոյն մար­գա­րիտ­նե­րու եօթը շար­քէ բաղ­կա­ցած մա­նեակը։ -Ըստ հին հա­ւատ­քի, մա­նեակ­նե­րը ու­նէին կա­խար­դա­կան ոյժ։- Շա­միրա­մը երբ նկա­տեց, թէ Արան մա­հացեր է մար­տի դաշ­տի վրայ, Վա­նայ լի­ճի մօտ վի­զէն հա­նեց իր մո­գական մա­նեակը ու նե­տեց ջու­րե­րու մէջ։ Այդ ժա­մանակ­նե­րէն տա­րածո­ւեցաւ «Ու­լունք Շա­միրա­մայ ի ծով» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Յի­շենք նաեւ, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ թան­կարժէք մա­նեակ­ներ պատ­րաստող կեդ­րոններ էին Վա­նը, Կա­րինը, Արծկէն եւ Մու­շը։

Շա­միրա­մի եօթ­նա­շար մա­նեակի չափ առաս­պե­լական պատ­մութիւն ու­նի նաեւ «մա­նեակ» բա­ռը։ Ան նո­ւէրն է քա­ղաք­նե­րու թա­գու­հի Բիւ­զանդիոնին, որ ամէն օր իրիկ­նա­մու­տին կը սի­րէր պճնո­ւիլ Պոս­ֆո­րի ու Ոս­կեղջիւ­րի ոս­կե­փայլ ջու­րե­րու մա­նեակով։ Ան կու գայ «մա­նիակիս» (ոս­կի վզնոց) բա­ռէն։ Չու­նի բազ­մանդամ ըն­տա­նիք, հա­զիւ քա­նի մը բարդ բառ. մա­նեկա­ձեւ, մա­նեկա­ւոր, քա­ռամա­նեակ, օղա­մանեակ։ Հայն ալ սի­րեց իր եր­կի­րը եւ յու­շարձան­նե­րը մա­նեակով զար­դա­րուած տես­նել։ Այդ միտ­քով է գրո­ւած Ղե­ւոնդ Ալի­շանի «Սի­սական» գիր­քը, ուր կը նկա­րագ­րո­ւի Սե­ւանայ լի­ճը ու զայն եզե­րող դա­լարազ­գեստ լեռ­նե­րը։ Հա­կառակ անոր, որ գրա­բար է բնա­գիրը, բայց դեռ ժա­մանա­կակից ըն­թերցո­ղի հա­մար պատ­կե­րալից է ու սի­րելի. «Ի հա­լել ձեանց՝ դա­լարազ­գեստ լի­նին..., իբ­րեւ կա­նաչա­գեղ մա­նեակ մի մե­ծաբո­լոր պա­տելով զկա­պու­տակ ծո­վակաւն»։ Եւ ահա Նո­րավան­քի Ս. Կա­րապետ եկե­ղեցին, ըստ ճամ­բորդա­կան յու­շագրու­թեան մը. «Չորս որմնա­սիւ­նե­րի վրայ բո­լորում են կի­սաբո­լոր կա­մար­ներ, կրե­լով մի մա­նեակ, որի վրայ եր­բեմն բարձրա­ցել է ու­թանկիւ­նի, մօտ 3,5 մետր տրա­մագիծ ու­նե­ցող գմբէ­թը»։

Ար­քա­յավա­յել է մա­նեակը եւ «մա­նեակ» բա­ռը։ Փաս­տը այն է, թէ վի­պագիր, քննա­դատ եւ բժիշկ Քաջ­բե­րու­նին (Գաբ­րիէլ Տէր-Յով­հաննի­սեան) այսպէս կը նկա­րագ­րէ Սիւ­նի­քի իշ­խան Տար­սա­յիճ Օր­բե­լեանին նո­ւիրո­ւած յու­շա­քարի փո­րագիր պատ­կե­րը. «Զննո­ղի աջ կող­մից նստած այր մար­դը հա­գած է եր­կայն շո­րեր եւ փե­շերի տա­կից երե­ւում են ոտե­րի միայն թա­թերը. նո­րա բաց գլու­խը շրջա­պատած է լու­սե­ղէն ճա­ռագայթնե­րով եւ մա­նեակը զար­դա­րում է նրա պա­րանո­ցը»։

Պճնա­սէր է «մա­նեակ» բա­ռը։ Փա՞ստը անոր... Կար­դա­ցէք Աս­տո­ւածա­շունչը։ Պի­տի տես­նէք, թէ հոն ու­թը ան­գամ գոր­ծա­ծուեր է «մա­նեակ ոս­կի» ար­տա­յայ­տութիւ­նը, ինչպէս Առա­կաց գիր­քի մէջ. «Պսակ շնոր­հաց ըն­կալցի գլուխն եւ մա­նեակ ոս­կի պա­րանոցն»։ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին «Տաղ քաղցրիկ» ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մէջ բա­ռին տո­ւաւ ինքնա­տիպ շունչ. «Աչք իւր աղաւ­նոյ, թեւ լայն կար­միր մա­նեակ ոսկւոյ»։ Նա­րեկա­ցին մե­զի աւան­դեց նաեւ հե­­տեւեալ տո­­ղիկը. «Ո՛վ քա­­ռեակ մա­­նեկաւ նշու­­լա­­­փայլ մա­­քուր ու­­լանցն յեռ­­մամբ»։ 1357 թո­­ւակա­­նին Ստե­­փանոս անուն գրիչ մը, իր յի­­շատա­­կարա­­նի մէջ կը բա­­ցատ­­րէ, թէ գրչու­­թեան մեծ արո­­ւես­­տը, ըստ նոյն հե­­ղինա­­կի՝ «մեր ազ­­գիս հպար­­տութիւ­­նը», ան­­հա­­­սու մար­­դու ձեռ­­քը կը դառ­­նայ իշու վի­­զէն կա­­խուած մա­­նեակ. «Զի որ­­պէս մար­­գա­­­րիտ ի քիթս խո­­զի եւ մա­­նեակ ոս­­կի ի պա­­րանոց իշոյ, այնպէս է սա ի ձեռն անի­­մաստ եւ ան­­միտ առնն»։

Ըստ Հայ­­կա­­­զեան նոր բառ­­գիրքի՝ «Բո­­լորա­­ձեւ զարդ ար­­կեալ զպա­­րանո­­ցաւն որ­­պէս օղ կամ անուր կամ շղթայ ոս­­կի» է մա­­նեակը։ Բա­­ռը ու­­նի եր­­կու շատ հա­­զուա­­գիւտ իմաստ եւս։ Առա­­ջինը «նա­­ւահան­­գիստ» է, հա­­ւանա­­բար մա­­նեակի նմա­­նու­­թեամբ։ Իսկ երկրորդ գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը մնա­­ցեր է 19-րդ դա­­րու հան­­րա­­­գիտա­­րան­­նե­­­րու մէջ. «Մա­­նեակ Երե­­ւակի» ար­­տա­­­յայ­­տութիւնն է ան, ուր բա­­ռը կը նշա­­նակէ «լու­­սե­­­ղէն գօ­­տի»։ Փայլ ու պեր­­ճանք կը սի­­րէ «մա­­նեակ» բա­­ռը, հե­­տեւա­­բար, ին­­չո՞ւ զար­­մա­­­նալ, երբ հայ­­կա­­­կան ար­­ձա­­­կի մէջ հան­­դի­­­պինք սրտագ­­րաւ պատ­­կերնե­­րու. «Ադա­­ման­­դա­­­զարդ մա­­նեակ», «Ադա­­ման­­դեայ մա­­նեակ»։ Իսկ Յա­­կոբ Օշա­­կանի գրի­­չին կը պար­­տինք «Ցան­­կագրգիռ մա­­նեակ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը։

Դուք չկար­­ծէք, թէ մա­­կեակը ոս­­կի կամ ար­­ծաթ է ու անոր վրայ ադա­­մանդներ են միայն։ Հայր Ղե­­ւոնդ Ալի­­շանը «Յու­­շիկք հայ­­րե­­­նեաց հա­­յոց» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ նկա­­րագ­­րեց իշ­­խան Վա­­հան Գողթնա­­ցիի նա­­հատա­­կու­­թիւնը՝ կու­­րա­­­ցած դահ­­ճա­­­պետի մը ձեռ­­քով, ան­­հա­­­ւատ խա­­լիֆա­­յի հրա­­մանով։ Սրտաճմլիկ այդ պատ­­մութեան մէջ մա­­նեակ էր հայ­­րե­­­նանո­­ւէր երի­­տասար­­դի արիւ­­նը. «Դահ­­ճա­­­պետն..., ծայ­­րէ ի ծայր սու­­րը փայ­­լեցնե­­լով եւ դարձնե­­լով՝ իջուց քսեց սա­­հեցուց ծոծ­­րա­­­կին վրայ..., եւ ահա ծա­­րուած եր­­կա­­­թոյն շրթունքն կարմրցեր էին իր քա­­նի մը կա­­թիլ արեամբն, եւ ու­­րիշ կա­­թիլ­­ներ այլ վզին վրայ մա­­նեակ մը կու ձե­­ւաց­­նէին»։ Սու­­գի այդ պատ­­կե­­­րը մնաց հա­­յու յի­­շողու­­թեան մէջ, ապա դար­­ձաւ «Ատա­­նայի ող­­բըէ եր­­գի խօսք. «Ալ մի տար լոյսդ, պայ­­ծառ արե­­գակ / Լոյ­­սիդ շուրջ կա­­պէ դու սու­­գի մա­­նեակ»։ Գա­­րեգին Սրո­­ւանձտեան­­ցը «Շու­­շան Շա­­ւար­­շա­­­նայ» գիր­­քի մէջ խնդրեց, որ հայ կոյ­­սեր վառ պա­­հեն Վար­­դա­­­նի եւ անոր նա­­հատա­­կու­­թեան յի­­շատա­­կը. «Իրենց կու­­սա­­­կան ճակ­­տին պսակ, իրենց գե­­ղեցիկ պա­­րանո­­ցին մա­­նեակ՝ թող փո­­խանակ շու­­շա­­­նի՝ Հա­­յոց քա­­ջաց փշրո­­ւած ոս­­կորներ հիւ­­սեն»։ Իսկ Խրի­­մեան Հայ­­րի­­­կը «Մար­­գա­­­րիտ ար­­քա­­­յու­­թեան երկնից» եր­­կը հայ ըն­­թերցո­­ղին նո­­ւիրեց «իբ­­րեւ փոք­­րիկ մա­­նեակ», ու թե­­լադ­­րեց. «այս մա­­նեակ ձեր պա­­րանո­­ցէն կա­­խէք»։

Բայց, լաւ օրե­­րուն, երբ հարսնիք էր հայ­­կա­­­կան լեռ­­­նե­­­­­­­րու վրայ, «մա­­­նեակ» բա­­­ռը զար­­­դա­­­­­­­րեց հա­­­յու­­­հիի պա­­­րանո­­­ցը։ Ազ­­­գագրա­­­գէտ Լա­­­լաեան­­­ցը նկա­­­րագ­­­րեց հայ­­­կա­­­­­­­կան հար­­­սա­­­­­­­նեկան աւան­­­դութիւն մը. «Դա­­­րալա­­­գեազի գաղ­­­թած հայ գիւ­­­ղե­­­­­­­րում, Սէս, Կո­­­րադիզ, Խաչ­­­քար եւ այլն, տղա­­­յի հայ­­­րը իւր քա­­­ւորով եւ բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րով գնում են աղջկայ հօր տու­­­նը՝ տա­­­նելով ոս­­­կի կամ մա­­­նեակ»։ Այ­­­նուհե­­­տեւ, հայ­­­կա­­­­­­­կան եր­­­գի ու տա­­­ղի մէջ մա­­­նեակը դար­­­ձաւ սի­­­րոյ նշան։ Ահա միջ­­­նա­­­­­­­դարեան երգ մը, ուր մա­­­նեակը եւ գե­­­ղեց­­­կուհին նոյ­­­նա­­­­­­­ցեր են. «Ո՛վ գեղ­­­ցիկ եւ նա­­­զելի / Եւ ոս­­­կէ­­­­­­­հատ յոյժ ցան­­­կա­­­­­­­լի, / Իմ գե­­­ղեցիկ, քաղցր աղաւ­­­նի, / Թեւ­­­լան կար­­­միր, մա­­­նեակ ոս­­­կի»։ Յով­­­սէփ Ճա­­­նիկեանի «Հնու­­­թիւնք Ակ­­­նայ» գիր­­­քի մէջ հնչեց Ակն քա­­­ղաքի հնա­­­գոյն եր­­­գե­­­­­­­րէն մէ­­­կը. «Աղ­­­ջիկ, քու անունտ է Շու­­­շան, / Եկո՛ւր եր­­­թանք ի ս. Նշան, / Մաննկես տամ քեզ ի նշան, / Աղո­­­ւոր, նա­­­նօ՜յ, նա­­­նօ՜յ, նա­­­նօ՜յ»։ Խո­­­րէն արք. Գալ­­­ֆա­­­­­­­յեանը իր քրոջ նո­­­ւիրած «Վար­­­դէ­­­­­­­նիքէ ժո­­­ղոուա­­­ծուի «Քոյր իմ» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ ըսաւ. «Զփունջ վար­­­դիցդ յե­­­ռեալ ի փունջ՝ / Եւ հիւ­­­սե­­­­­­­ցի յո­­­լոր մա­­­նեակ, / Եւ առա­­­քեմ քեզ ի պսակ / Վար­­­դունս՝ ուր դեռ բու­­­րէ քո շունչ»։ Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը այդ բա­­­ռը յար­­­մար գտաւ ցան­­­կագրգիռ հարճ Նա­­­զենի­­­կը նկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար. «Վի­­­զէն վար մին­­­չեւ ծայրն ստինքնե­­­րուն սե­­­ւապ­­­տուկ / Կը բո­­­լորո­­­ւի վառ մա­­­նեակ մը լոյ­­­սե­­­­­­­րով յե­­­ղեղուկ»։ Նի­­­կողոս Սա­­­րաֆեանն ալ գոր­­­ծա­­­­­­­ծեց Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նի այդ գրա­­­կան պատ­­­կե­­­­­­­րը, երբ «Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթ» քեր­­­թո­­­­­­­ւածի մէջ նկա­­­րագ­­­րեց պա­­­րու­­­հի մը. «Մա­­­նեակն իր սաթ կ՚ալե­­­կոծո­­­ւէր տաք ծո­­­ցին վրայ»։ Եղիա Տէր­­­միրճի­­­պաշեանը եւ Մկրտիչ Պէ­­­շիկ­­­թաշլեանը ստեղ­­­ծե­­­­­­­ցին գրա­­­կան գե­­­ղեց­­­կուհի­­­ներ, որոնց պա­­­րանո­­­ցը մա­­­նեակով դար­­­ձեր էր թիւ­­­դիչ. «Հահ­­­կա­­­­­­­ձեւ պա­­­րանոցն, ուր մար­­­գարտա­­­յեռ մա­­­նեակ մը կը գա­­­լարի, ռնգնա­­­վար կը գգո­­­ւեն ար­­­ձա­­­­­­­նատիպ մար­­­մինն», «Մին­­­չեւ ան­­­ցեալ, ե՛կ, ո՜ կու­­­սիկ, շու­­­շա­­­­­­­նափայլ քո զու­­­լա­­­­­­­նէդ / Կա­­­խեմ մա­­­նեակ զտաղս իմ զայս՝ ըն­­­դե­­­­­­­լու­­­զեալ յայն մի ար­­­տօսր»։ Քնա­­­րական այդ հիացումնե­­­րու ամե­­­նէն նուրբը գրեց Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցը։ Տղան շիկ­­­նած, ծա­­­ղիկ­­­նե­­­­­­­րու մա­­­նեակ մը փա­­­փաքե­­­ցաւ նո­­­ւիրել իր սի­­­րածին, հիւ­­­սեց «Իղ­­­ձեր» քեր­­­թո­­­­­­ւածը.

Կէս գի­­շերո­­ւան բու­­րումնա­­հեղց վար­­դե­­­րով,

Որոնք գի­­նով ցօղ ու շա­­ղի կը սպա­­սեն,

Պի­­տի հիւ­­սեմ մա­­նեակ մը նուրբ,

Շուրջն սպի­­տակ պա­­րանո­­ցիդ։

Հայ­­կա­­­կան գրատ­­պութեան մէջ լոկ երէք ան­­գամ գիր­­քի խո­­րագիր դար­­ձաւ «մա­­նեակ» բա­­ռը. «Մար­­գարտէ մա­­նեակ», Թիֆ­­լիզ, 1903, «Թա­­գուհւոյն մա­­նեակը», Կ. Պո­­լիս, 1887, «Յո­­պոպ թռչու­­նին ոս­­կիէ մա­­նեակը», Պուքրէշ, 1935։ Այդ երեք գիր­­քերն ալ օտար գրա­­կանու­­թեան թարգմա­­նու­­թիւններ են, ինչպէս օտա­­րամուտ է «մա­­նեակ» բա­­ռը։ Նոյնքան հա­­զուա­­դէպ է անոր գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը հայ­­կա­­­կան մա­­մու­­լի մէջ. «Սուրբ Թա­­դէի ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւննե­­րու 60-րդ օղա­­կը հա­­ւատ­­քի ամուր մա­­նեակը ամ­­րա­­­ցուց հա­­մայն հա­­յու­­թեան վի­­զին»։

Այժմ մէջ­­բե­­­րենք եր­­կու մե­­ղեդի, որոնք կը պա­­րու­­րեն հայ­­կա­­­կան եր­­գա­­­րուես­­տը, որ­­պէս ըն­­տիր մա­­նեակ։ «Մտնենք Սա­­սուն» եր­­գը հայ­­րե­­­նի աշ­­խարհի գո­­վասանքն է.

Հա­­յոց սա­­րեր շող է պա­­տել,

Դաշ­­տե­­­րը կա­­նաչ մա­­նեակ...

Անցնինք Սա­­սուն մտնինք Վան...

Դաշ­­տե­­­րը կա­­նաչ մա­­նեակ։

Իսկ «Պաշ­­տե­­­լի մա­­նեակ»ը, սի­­րերգ է՝ նո­­ւիրո­­ւած ան­­ծա­­­նօթ գե­­ղեց­­կուհիի մը.

«Գար­­նան մէկ օր ելայ Մեղ­­րի գե­­տափը,

Տե­­սայ մի չքնաղ կոյս, ախ կո­­րաւ ան­­յոյս,

Սիրտս տա­­րաւ իւր հետ՝ ինձ թո­­ղեց մե­­նակ,

Որ­­տեղ գտնեմ ես նրան պաշ­­տե­­­լի մա­նեակ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ