Լարուածութիւնը կը շարունակուի Միջերկրականի մէջ

Մի­ջերկրա­կան ծո­վու արե­ւելեան հա­տուա­ծի մէջ վեր­ջերս սրուած իրա­վիճա­կը մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ խա­ղաղու­թեան որոշ նշան­ներ ցու­ցադրե­լու կող­քին երկրէ ներս կը շա­րու­նա­կուի Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թեան գրգռիչ ելոյթնե­րը։ Ինչպէս ծա­նօթ է նա­խորդ ուրբաթ Եւ­րո­մու­թեան ամ­պիոնէն հնչած էին Թուրքիոյ դէմ սպառ­նա­կան ելոյթներ։ ԵՄ կը զգու­շացնէ թէ Թուրքիոյ դէմ գոր­ծադրուելիք կան­խա­միջոց­նե­րը պատ­րաստ են։

Այս յայ­տա­րարու­թե­նէն ետք տա­րած­քաշրջա­նի մէջ բնա­կան կա­զի պա­շար­ներ որո­նող Օրուչ Ռէիս նա­ւը վե­րադար­ձած էր Ան­թա­լիոյ նա­ւահան­գի­սը։ Այս ետ­դարձը պա­տահած էր հա­կասու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով Թուրքիոյ նա­խապէս կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն հետ։

Պաշտպա­նու­թեան նա­խարար Հու­լուսի Աքար Օրուչ Ռէիսի տուն դար­ձը բա­ցատ­րեց ՆԱ­ԹՕ-ի հետ շա­րու­նա­կուող բա­նակ­ցութիւննե­րով։ Միւս կող­մէ Արտ. Գործ. Նա­խարար Մեւ­լուտ Չա­ւու­շօղլու կը ներ­կա­յաց­նէր բո­լորո­վին տար­բեր պատ­ճառ մը։ Չա­ւու­շօղլո­ւի հա­մաձայն Օրուչ Ռէիս Ան­թալյա եկած էր վե­րապատ­րաստո­ւելու եւ պա­շար­նե­րը լրաց­նե­լու հա­մար։

Կա­ռավա­րական շրջա­նակ­նե­րու այս հա­կասա­կան ելոյթնե­րէն ետք ընդդի­մադիր հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թիւնն ալ կա­տարո­ւածը նա­հանջ մը ըլ­լա­լով բնու­թագրեց։ Այդ հանգրո­ւանին կա­ռավա­րու­թիւնը վերստին սկսաւ սուր ելոյթներ ու­նե­նալ այս ան­գամ ալ օրա­կար­գի բե­րելով Լո­զանի դաշ­նա­գիրը։ Յայտնի է որ Մի­ջերկրա­կանի արե­ւելեան հա­տուա­ծի մէջ ջո­ւրերը տա­կաւ պի­տի տա­քանան մին­չեւ որ կա­ռավա­րու­թիւնը ապա­հովէ իր ան­ցեալի ժո­ղովրդականութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ