Հրանդ Տինքի մրցանակը արժանի անուններուն

Համավարա­կի պայ­մաննե­րուն տակ կա­յա­ցաւ Հրանդ Տին­­քի մի­­ջազ­­գա­­­յին մրցա­­նակի տո­­ւու­­չութեան հան­­դէ­­­սը։ Այս տա­­րի 12-րդ ան­­գամ տրո­­ւող մրցան­­կի դափ­­նե­­­կիր­­նե­­­րը եղան Մոզն Հաս­­սան եւ Օսման Քա­­ւալա։ Մոզն Հաս­­սան Եգիպ­­տա­­­ցի մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան մըն է, որ կ՚աշ­­խա­­­տի յատ­­կա­­­պէս կի­­ներու իրա­­ւունքնե­­րը պաշտպա­­նելու ուղղու­­թեամբ։ Իր հիմ­­նած հաս­­րա­­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը գոր­­ծունէու­­թիւն կը ծա­­ւալէ բա­­ցի Եգիպ­­տո­­­սէ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի եւ Հիւ­­սի­­­սային Ափ­­րի­­­կէի շարք կը եր­­կիրնե­­րուն մէջ։ Հաս­­սան նա­­խորդ տա­­րինե­­րուն թի­­րախը եղաւ եգիպ­­տա­­­ցի յե­­տադի­­մական շրջա­­նակ­­նե­­­րուն, որոնք զինք կը մե­­ղադ­­րէին հին աւան­­դութիւննե­­րու եւ ազ­­գա­­­յին փառ­­քե­­­րու դէմ ել­­լե­­­լու պնդու­­մով։ Հաս­­սան այդ մե­­ղադ­­րանքնե­­րու բեր­­մամբ դա­­տուե­­ցաւ, գրա­­ւուե­­ցաւ իր սե­­փական եւ հիմ­­նած հաս­­տա­­­տու­­թեան բո­­լոր ու­­նե­­­ցուած­­քը։ Ձեռք դրո­­ւեցաւ նաեւ ան­­ցագրին եւ ար­­գի­­­լուե­­ցաւ երկրէ դուրս ել­­լե­­­լը։ Ան մրցա­­նակա­­տուու­­չութեան ըն­­թացքին յայտնեց թէ մեծ պա­­տիւ կը հա­­մարէ նա­­խապէս այս մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նի գտնո­­ւած հա­­մաշ­­խարհա­­յին գոր­­ծիչնե­­րու շար­­քին մաս­­նակցի­­լը։

Ինչպէս ծա­­նօթ է երկրորդ մրցա­­նակը կը շնոր­­հո­­­ւի Թուրքիոյ մէջ նման աշ­­խա­­­տու­­թիւնը ծա­­ւալող գոր­­ծի­­­չի մը կամ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան մը։ Այս տա­­րի մի­­ջազ­­գա­­­յին դա­­տակազ­­մը Հրանդ Տինք մրցա­­նակով պա­­տուեց 1050 օրե­­րէ ի վեր ան­­հիմն պնդումնե­­րով ազա­­տազրկո­­ւած հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ Օս­­ման Քա­­ւալան։

Քա­­ւալա միշտ հա­­ւատա­­ցած էր հա­­կադ­­րո­­­ւած ժո­­ղովուրդնե­­րու երկխօ­­սու­­թեան եւ բուռն աշ­­խա­­­տու­­թիւն ծա­­ւալած էր այդ երկխօ­­սու­­թիւնը կեան­­քի կո­­չելու հա­­մար։ Այդ ծի­­րէն ներս բազ­­մա­­­թիւ նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րու հե­­ղինա­­կը կամ ան­­մի­­­ջական հո­­վանա­­ւորը եղած էր։ Մա­­նաւանդ շատ կա­­րեւոր աշ­­խա­­­տու­­թիւն տա­­րած էր Հա­­յաս­­տան- Թուրքիա մշա­­կու­­թա­­­յին գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան եւ ակա­­դէմա­­կան կա­­պերու հաս­­տատման գոր­­ծին մէջ։

Նա­­խորդ տա­­րինե­­րուն քա­­ղաքի կա­­րեւոր դահ­­լիճնե­­րէն մէ­­կուն մէջ կա­­յացող մրցա­­նակա­­տու­­չութեան հան­­դէ­­­սը այս տա­­րի հա­­մավա­­րակի թե­­լադ­­րանքնե­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ կա­­յացաւ առ­­ցանց։

Հրանդ Տին­­քի ծննդեան օրո­­ւան այս իւ­­րա­­­յատուկ յի­­շատակ­­ման հա­­մար Ար­­թօ Թունչպո­­յաճըեան մշա­­կած էր երաժշտա­­կան ընտրա­­նի մը, որուն մէջ տեղ գտան Թուրքիայէն եւ Հա­­յաս­­տա­­­նէն զա­­նազան եր­­գիչներ կամ երաժշտա­­կան խումբեր։

Մրցա­­նակա­­բաշ­­խութեան հան­­դէ­­­սի աւան­­դա­­­կան բա­­ժին­­նե­­­րէն մէկն է «Լոյ­­սեր» խո­­րագ­­րին ներ­­քեւ անդրա­­դառ­­նալ սոյն տա­­րուայ կա­­րեւո­­րագոյն մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպա­­նու­­թեան առու­­մով կա­­յացող մի­­ջոցա­­ռումնե­­րուն։ Այսպէս նշո­­ւեցաւ Չի­­լիի ֆե­­մինիստ միաւո­­րում Լաս Թե­­սիսի պա­­րելով բո­­ղոքը։ Ին­­տո­­­նեզիոյ մէջ սե­­ռային հա­­ւասա­­րու­­թեան հա­­մար պայ­­քա­­­րող ռաք նո­­ւագա­­խումբ «Վոյս օֆ Պա­­սէփ­­րո­­­թը», Տի­­յար­­պէ­­­քիր Սուր թա­­ղամա­­սի փո­­ղոց­­նե­­­րուն հայ­­հո­­­յանք պա­­րու­­նա­­­կող գրա­­ռումնե­­րը որ­­մանկար­­նե­­­րով պա­­տող կին նկա­­րիչ­­ներ՝ Նե­­շէ Թոփ­­րաք, Սե­­րաբ Էր­­կին, Համ­­տի­­­յէ Աքըն եւ Շեր­­մին Փի­­ղաս­­թեհ, Գեր­­մա­­­նիոյ փո­­ղոց­­նե­­­րու ցե­­ղապաշտ գրա­­ռումնե­­րը սրբող 70–ամեայ Իմե­­լա Մեն­­սախ Շը­­րամ, Յու­­նաստա­­նի մէջ նկա­­րահա­­նած վի­­տէօ ժա­­պաւէ­­նով Թուրքիոյ մէջ հա­­մերգնե­­րը ար­­գե­­­լուած «Կրուպ Եորում»ին զօ­­րակ­­ցող «Սուբբորդ Արթ ուորքըս», Հոն­­կ Քոնկի մէջ խօս­­քի ազա­­տու­­թիւննե­­րը սահ­­մա­­­նափա­­կող օրէնքնե­­րուն դէմ դի­­մադ­­րողնե­­րը, Իս­­թանպու­­լի մէջ պա­­տուոյ եր­­թը ար­­գի­­­լուած միասե­­ռական­­նե­­­րը, ԱՄՆ-ի մէջ «Սեւ կեանքնե­­րը կա­­րեւոր են» բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րու մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը, Իս­­թանպու­­լի մէջ կի­­ներու ուղղեալ բռնու­­թիւննե­­րը կան­­խե­­­լու նպա­­տակով պատ­­րաստո­­ւած Իս­­թանպու­­լի հա­­մաձայ­­նա­­­գիրը պաշտպա­­նող­­նե­­­րը, Պէյ­­րութի պայ­­թումէն ետք դժո­­ւար պայ­­մաննե­­րու տակ օգ­­նութեան փու­­թա­­­ցող կա­­մաւոր­­նե­­­րը եւ հա­­մավա­­րակի պայ­­մաննե­­րուն տակ մար­­դա­­­սիրա­­կան դրդումնե­­րով կա­­մաւոր կեր­­պով դի­­մակ ար­­տադրող­­նե­­­րը այս տա­­րուայ լոյ­­սե­­­րը ըլ­­լա­­­լով ող­­ջոյնո­­ւեցան։

Շուրջ մէկ ժամ տե­­ւող մրցա­­նակա­­տուու­­չութիւ­­նը աւար­­տո­­­ւեցաւ Հրանդ Տին­­քի Հեն­­րի Նան­­սե­­­նի անո­­ւան մրցա­­նակը ստա­­նալու տե­­սահո­­լովա­կով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ