Առաջին անգամ է որ կը վախենամ

Տարիներ է որ կը բնակիմ Թուրքիա եւ ապրած տեղը տունս համարած եմ։ Սարսափելի է ապրած երկրիս մարդկանց սահմանին ինկող տղոց, փողոցներու վրայ սպաննուած քաղաքացիներուն, խորտակուած կեանքերուն հանդէպ անփութութիւնը, նոյնիսկ ուրախանալը տեսնել։ Հայու համար երբեք ապահով վայր մը չեղող այս երկրի մէջ առաջին անգամ է որ կը վախենամ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԲԱԼԵԱՆ

27 Սեպտեմբերի առաւօտեան կրկին անգամ հնչեց պատերազմի փողը Արցախի երկնքին տակ։ Վերջերս սովորական դարձած էր տարածքաշրջանի մէջ զինադադարի խախտումները։ Սակայն սոցցանցերու հպանցիկ ակնարկով մը իսկ պարզուեցաւ որ այս անգամ դէպքը տարբեր է։ Այս անգամ եղածը կարելի չէ բնութագրել «բախում» բառով: 2020 թուին, մանաւանդ ալ համավարակի պայմաններուն մէջ պատերազմ էր բռնկած։ Ան այժմ կը շարունակուի համաշխարհային հասարակութեան, խաղաղութեան պահպանման երաշխաւոր միջազգային կառոյցներու լռութեան կամ ալ սնամէջ յայտարարութիւններով, ի գին ամէն օր աւելի ծանր տուժող ժողովուրդներու տառապանքին։ 
Տարիներէ ի վեր այս խնդրին կաշխատին անկողմնակալ (որքան որ կարելի է) մերցենալ։ Մեծացած եմ առանց ոխ կամ թշնամութին սնուցելու, եւ առանց այդ զգացումներու առկայութեան, դժուար է խնդրին մօտենալ։ Կ՚ուզեմ պարզել միտքս։

Բնակչութեան փոխանակում՝ միայն ապրողը գիտէ
Իմ ընտանիքը Խորհրդային Հայաստան ներգաղթելու ստիպուած է Ատրպյճանի Շամխոր կամ Շամքիր շրջանէն 1988 թուին։ Աւելի ճիշդ փոխանակուած են գիւղերը։ Այս երեւոյթին իմաստի միայն ապրողներն են որ գիտեն, ես ալ չեմ գիտէր, չեմ հասկնար։ Խորհելով ընտանիքիս, մեր հարեւաններուն մասին, վստահ եմ թէ այդ փոխանակումը երկկողմ տառապանք մը եղած է որ կը տեւէ մինչեւ օրս։ Տունը, կեանքը, հարեւանները, գրադարանը, կարճ խօսքող մարդուս ինքնութիւնը ձեաւորող ամէն ինչը ետին թողելով փախչիլ, ապա փլուզման պահուն իր ետին փլատակ մը թողած Խորհրդային աշխարհի տարբեր մէկ անկիւնը վերսկսիլ նոր կեանք մը կերտելու։ Եւ այս բանը ընել պատերազմի ընդմէջ, հանքած, լռած ազգայնականութեան ձիւնակոյտի նման ծաւալած պահուն։ Յանկարծ ամէն ինչ փոխուած ու սահմանի հանդիպակած կողմը մնացած հարեւաններդ թշնամիի վերածուած են։

Հօրս անձնագիրը
Ինչո՞ւ կը պատմեմ այս բոլորը։ Պատմելու համար, թէ կեանքը հատուած այդքան շատ մարդկանց մէջ մեծանալու տարիներոս թոյզն իսկ չեմ տեսած ոխ, ատելութիւն եւ թշնամութիւն։ Անոնք ինծի չեն սովորեցուած ըսելու համար։ Անկախ հանրապետութեան շրջանին ծնած ըլլալով, կը զարմանայի հօրս անձնագրին մէջ իբրեւ ծծդավայր «Ատրպէյճանի Խորհրդայյին հանրապետութիւն» նշումը տեսնելով։ Ինծի այնքան հեռու թուացող, սահմանը անցնիլս իսկ արգիլուած տեղ մը ծներ է ու մեծացել հայրս։ Մեծ մայրս յաճախ կը պատմէր մեր տան եկող ատրպէյճանցի բարեկամներուն մասին։ Իրենց բարեկամութեան ու վստահութեան որքան բարձր ըլլալը, տան որքան ընդարձակ ըլլալը իրմէ լսած եմ։ «Երբ խնդիրները բարդացան մեծ հայրդ զգուշացնողն ալ ատրպէյճանցի բարեկամն է: «Գնա՛» ըսած էր։ Դպրոցի, յուշարձանի, աղբիւրի, սարերու  մասին կը :խօսուէր մեր տան մէջ։ Այդ մշուշոտ պատկերացումները ուրուականի վերածուած են հիմա։ «Երանի մի օր կարենամ երթալ ու Շամխորեցի հարեւանիս հետ թէյ մը խմեմ» կ՚երազէր: Պապս չէր կրցած յարմարուիլ այս պատահածներուն եւ հազիւ քանի մը տարի անց թողած էր մեզ մեր հոգերով ու գտած յաւիտենական խաղաղութիւնը։ Երանի իրմէ լսած ըլլայի Պաքուի համալսարանական տարիներու ապրումները։ Պատերազմի տարիներուն, երբ կը շարունակուէին կռիւները «Ատրպէյճանցիների գերեզմանը քանդելու համար այդ տրակտորը նախ պէտք է զիս էզմէ» ըսող պապէս սովորելու շատ բան կ՚ունենայի։ Ինչ որ է, եթէ վերադառնանք գիւղին, ատրպէյճանցիներու գերեզմանը դեր կանգուն է, կը պահէ անցեալի յիշողութիւնը։ Վայր մը՝ ուր անցած են մանկութեանս բոլոր ամառները։ Վստահ եմ թէ սահմանի հանդիպակաց կողմը բնակողներն ալ այստեղ մնացած իրենց տուները, դպրոցը եւ անցեալի ապրումները ցմահ պիտի յիշեն։ Ինչ ըսես որ պայմանները ահա այսքան յստակ են։ Թողենք իրար այցելել, իրարու հետ թէյ խմել, համարեա ամէն ամիս կեանքի ծաղիկ շրջանը ապրող երիտասարդնեդրու մահուան բօթը կը լսուի։ Կարծես բնական երեւոյթ է մահը Արցախի մէջ։ Կարծես աշխարհ վաղուց վարժ է այդ մահերուն եւ ուրիշ ճանապարհի մը երթալու նպատակ ալ չունին։ Կարծես իրարու այդքան նմանող սովորութիւններ ունեցող մարդիկ ընդմիշտ «թշնամի» եղած ըլլային։

Թուրքիան տուն կը համարեմ
Վերեւ նշածներէս ետք, Արցախեան պատերազմի հետ սոցցանցերէն ինծի հասնող ազգայնականութեան կամ ցեղապաշտութեան մեղադրանքները աւելի վիրաւորական էին, քան ստորին հայհոյանքները։ Համակեցութիւնը, բարեկամութիւնը քարոզող մարդկանց «մէկ ազգ երկու պետութիւն» կարգախօսէ դուրս, դժուար է պատկերացնել թէ ճանաչեն ատրպէյճանցի ժողովուրդը, կապ մը ունենայ անոր հետ։ Տարիներ է որ կը բնակիմ Թուրքիա եւ ապրած տեղը տունս համարած եմ։ Սարսափելի է ապրած երկրիս մարդկանց սահմանին ինկող տղոց, փողոցներու վրայ սպաննուած քաղաքացիներուն, խորտակուած կեանքերուն հանդէպ անփութութիւնը, նոյնիսկ ուրախանալը տեսնել։ Հայու համար երբեք ապահով վայր մը չեղող այս երկրի մէջ առաջին անգամ է որ կը վախենամ։ Սիրածս, ամէն օր բարեւած դրացիս, մեր փողոցի նպարավաճարը, ջուր բերող տղան արդեօք ի՞նչ կը խորհին ինձ բարեւելու ատէն։ Օրն ի բուն հեռուստացոյցէն սփռուող թշնամութիւնը որքան իւրացուցած են։ Տակաւին մօտ անցեալին հարեւան երկիրներու հետ խնդիրները լուծել ուխտած երկիրը յանկարծ թշնամի դարձաւ Հայաստանին։ Մոռացուեցաւ հարեւանութիւնը եւ ընդմիշտ կողք կողքի ապրելու հարկադրանքը: Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւնները պաշտօնական յայտարարութիւններով ահազանգ կը հնչեցնէ Թուրքիոյ պատերազմին մասնակցութեան նիւթով։ Երբ համաշխարհային հասարակութիւնը միջամտելու կոչեր կ՚ընէ, Թուրքիա կը խօսի խնդիրի ի հիմանէ լուծելու մասին։ Կը վախենամ, ճարահատ կը զգամ։ Պատահմամբ սահմանին տարբեր կողմերը բնակող մարդկանց համար, տարածքաշրջանի ժողովուրդին համար, ընտանիքիս համար կը վախենամ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ