Ոչ կարճատեւ պատերազմ

27Սեպ­տեմբեր առա­ւօտուն Հա­յաս­տա­նի ժա­մով 07.15-ին Ար­ցա­խի ամ­բողջ սահ­մա­նի տե­ւողու­թեամբ սկսաւ Ատրպէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու նա­խապատ­րաստո­ւած զի­նեալ յար­ձա­կու­մը։ Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ յա­ճախ կը խօ­սէր բա­նակ­ցութիւննե­րու անար­դիւնա­ւէտու­թեան մա­սին եւ կը սպառ­նար ըսե­լով թէ Ատրպէյ­ճան ի վի­ճակի է իր գրա­ւեալ հո­ղերը ու­ժի մի­ջոցաւ ետ վերցնե­լու։ Այս յայ­տա­րարու­թիւննե­րով հան­դերձ Ալիեւ նա­խայար­ձա­կու­մը վե­րագ­րեց Հա­յաս­տա­նին։ Նոյն լրա­տուու­թիւնը կրկնե­ցին եւ դեռ կը շա­րու­նա­կեն կրկնել Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը եւ ԶԼՄ-նե­րը։

Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեան մամ­լոյ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն բա­ցատ­րեց թէ պաշտպա­նու­թեան բա­նակը կը մարտնչի ոչ միայն Ատրպէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու, այլ նաեւ Թուրքիոյ դէմ։ Գաղտնիք չէ որ Թուրքիա Սու­րիայէն դէ­պի Ատրպէյ­ճան փո­խադ­րած է բազ­մա­հարիւր վարձկան զի­նեալ­ներ։ Միւս կող­մէն Յու­լիս ամ­սո­ւայ բա­խումնե­րէն ետք կազ­մա­կեր­պո­ւած Թուրքիա-Ատրպէյ­ճա­նական ռազ­մա­փոր­ձե­րէն ետք բազ­մա­թիւ թուրք սպա­ներ եւ թրքա­կան զի­նամ­թերք շա­րու­նա­կեցին մնալ հա­րեւան երկրի մէջ։ Սա­կայն այս իրո­ղու­թիւնն ալ հեր­քո­ւած է եր­կու «եղ­բայր» պե­տու­թիւննե­րու իշ­խա­նու­թիւննե­րուն կող­մէ։ Կռիւ­նե­րու սկսած առա­ջին օրո­ւայ երե­կոյեան ժա­մերուն հայ­կա­կան կող­մը յայ­տա­րարեց 16 զո­հեր, որոնցմէ եր­կուքը քա­ղաքա­ցիներ էին։ Յա­ջորդ օրը սկսաւ եւս 15 զո­հերով, որոց թի­ւը ժա­մերու ըն­թացքին հա­սաւ 58-ի։ Եր­­կուշաբ­­թի երե­­կոյեան անոնց վրայ աւել­­ցած էր 26 նոր անուններ եւս։ Իսկ հա­­կառա­­կոր­­դի կո­­րուստնե­­րը վեր­­ջին տո­­ւեալ­­նե­­­րով հա­­սած են 800-ի սահ­­մաննե­­րուն։ Նշենք որ Ատրպէյ­­ճան կը խու­­սա­­­փի իր կո­­րուստնե­­րու մա­­սին պաշ­­տօ­­­նական հա­­ղոր­­դում փո­­խան­­ցե­­­լէ։

Պա­­քուի օդա­­կայա­­նը փա­­կուած մի­­ջազ­­գա­­­յին թռիչքնե­­րու

Կայ նաեւ ու­­րիշ հե­­տաքրքրա­­կան երե­­ւոյթներ։ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ մի­­ջազ­­գա­­­յին թռիչքնե­­րու փա­­կուած է Պա­­քուի օդա­­կայա­­նը։ Մի­­նակ ար­­տօ­­­նուած է դէ­­պի Թուրքիա եղած չո­­ւերթնե­­րը։ Այս երե­­ւոյ­­թը սոց­­ցանցե­­րու մէջ կը մեկ­­նա­­­բանո­­ւի հա­­սարա­­կու­­թեան պա­­տերազ­­մի պատ­­ճա­­­ռաւ խու­­ճա­­­պի մատ­­նո­­­ւելով երկրէն հե­­ռանա­­լու վար­­կա­­­ծով։ Նշենք որ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ խան­­գա­­­րուած է նաեւ բո­­լոր ըն­­կե­­­րային սան­­ցե­­­րը բա­­ցի «Թո­­ւիթըր»է, որ իր կար­­գին կը շա­­հագոր­­ծո­­­ւի որ­­պէս քա­­րոզ­­չա­­­մեքե­­նա։ Թէ Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը եւ թէ Ատրպէյ­­ճան յայ­­տա­­­րարած են ար­­տա­­­կարգ ռե­­ժիմ եւ զի­­նակո­­չած իրենց պա­­հես­­տի ու­­ժե­­­րը։

Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ կը նկա­­տու դէ­­պի ճա­­կատ մեկ­­նե­­­լու պատ­­րաստ մեծ թի­­ւով կա­­մաւոր­­նե­­­րու ներ­­կա­­­յու­­թիւնը։ Նոյն երե­­ւոյ­­թը կը ձե­­ւաւո­­րու սփիւռքի մէջ ու բազ­­մա­­­թիւ մար­­դիկ կը դի­­մեն Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւննե­­րուն Ար­­ցախ մեկ­­նե­­­լու հա­­մար։

Զա­­նազան դէ­­տեր այս երե­­ւոյ­­թը կը բա­­ցատ­­րեն Թուրքիոյ այս խնդրին մէջ ու­­նե­­­ցած դե­­րակա­­տարու­­թեամբ։ Ար­­դա­­­րեւ ճա­­կատ մեկ­­նողնե­­րու մէջ կը տի­­րէ այն հա­­մոզու­­մը թէ սա կե­­նաց-մա­­հու պայ­­քար է եւ կա­­րելի չէ զի­­ջել հայ­­րե­­­նի երկրի պաշտպա­­նու­­թիւնը թշնա­­մու դի­­մաց։

Նոյ­­նիսկ հե­­ռուստաըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րը կը սփռեն տար­­բեր տա­­րիքի մարդկանց հան­­րա­­­շարժնե­­րով դէ­­պի Ար­­ցախ մեկ­­նումէն դրո­­ւագ­­ներ, ուր օրն ի բուն կը լրա­­նայ իր հեր­­թը սպա­­սող­­նե­­­րու թի­­ւը։ Միւս կող­­մէ բազ­­մա­­­թիւ մար­­դա­­­սիրա­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն ձեռ­­նարկած են օգ­­նութեան ար­­շա­­­ւի մը։ Այս մա­­սին պա­­տաս­­խա­­­նատու­­ներ կը զգու­­շացնեն ինքնա­­կոչ եւ ան­­կազմա­­կերպ աշ­­խա­­­տան­­քի հե­­տեւանքնե­­րը նշե­­լով։ Կա­­րեւո­­րագոյն զգու­­շա­­­ցու­­մը այն է թէ բա­­նակը յա­­գեցած է պա­­րէնի պա­­շարով եւ կա­­րիք չկայ սննդամ­­թե­­­րիք մա­­սին մտա­­հոգո­­ւելու։ Սփիւռքի զա­­նազան կեդ­­րոննե­­րու մէջ ալ արա­­գօրէն կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած է մար­­դա­­­սիրա­­կան բնոյ­­թի աշ­­խա­­­տու­­թիւններ գրե­­թէ բո­­լոր ցա­­մաքա­մասե­րու վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ