Ինը դրացի ունինք, ամենքին հետ ալ կռուոտ ենք

ՔԷՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ

«Խաղաղու­թիւն երկրի, խա­ղաղու­թիւն աշ­խարհի» բնա­բանը վա­ղուց

լքե­ցինք։ Այն զօ­րավա­րը որ այս սկզբունքը որ­դեգրած էր, կամ վախ­կոտ էր կամ ալ պա­տերազ­մին օգուտնե­րը չէր գի­տեր։

Ժա­մանա­կը փո­խուե­ցաւ, այ­լեւս մեր դրա­ցինե­րը միշտ սխալ են, եւ մենք ճիշդ։ Անոնք հա­կառակ ուղղու­թեամբ կ՚եր­թան եւ մենք ու­ղիղ։ Մենք մե­զի չենք հարցներ թէ ար­դեօք մե՞նք ենք որ «հա­կառակ կող­մէն մտած ենք մայ­րուղի»։

Մեր ամէն դրա­ցիին կը մի­ջամ­տենք, ամէն դրա­ցիի խելք կու տանք։ Ամէն դրա­ցիի կը քար­կո­ծենք։ Դրա­ցինե­րը իրա­րու դէմ կը քրքրենք։ Անոնց իրա­րու մի­ջեւ ու­նե­ցած կռիւ­նե­րուն դի­մաց կամ կը ծի­ծաղինք կամ «Օխ ըլ­լան» կ՚ըսենք։ Մեր նա­խահայ­րե­րը ըսեր են «մի խնդար դրա­ցիիդ վրայ, գլխուդ կու գայ»։ Մենք կը խօ­սինք մեր դրա­ցիին տու­նը մտնել, մեր դրօ­շը տնկել եւ տու­նը գլխուն վրայ քան­դե­լու մա­սին։

Քա­նի շա­րու­նա­կենք դրա­ցինե­րու հետ կռո­ւիլ, մեր բա­րօրու­թիւնը չ՚աւել­նար, կը պակ­սի։ Քա­նի կը կռո­ւինք մեր դրա­ցինե­րու հետ մենք մեզ ան­հանգիստ եւ առան­ձին կը զգանք։ «Թուրքը թուրքէն ու­րիշ բա­րեկամ չ՚ու­նի» կ՚ըսենք։ Ազգ մը իր­մէ ու­րիշ բա­րեկամ չ՚ու­նե­նա՞ր, մարդս իր­մէ զատ բա­րեկամ չ՚ու­նե­նա՞ր։

Մեր դրա­ցի եւ եղ­բայր Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ սո­վետա­կան շրջա­նէ մնա­ցած ան­հա­մաձայ­նութիւննե­րը հրահ­րե­ցինք։ Կրօ­նական եւ ցե­ղային խտրու­թիւններն ալ քրքրե­ցինք։ Խնդի­րը թուրք-հայ, քրիս­տո­նեայ-մահ­մե­տական պա­տերազ­մի վե­րածե­ցինք։ Հի­մայ մեր դրա­ցինե­րը կը պա­տերազ­մին՝, մենք կը ծա­փահա­րենք։ Մեռ­նողնե­րուն, այ­րած-աւե­րուած տե­ղերուն թի­ւը կը մրցեց­նենք։ Ֆութպո­լի հան­դի­պում չէ ասի­կա պա­տերազմ է։ Նե­տուա­ծը կօլ չէ ռումբ է։

Մեռ­նողնե­րուն ցա­ւը զիս ալ կ՚այ­րէ։ Դա­նակի վէր­քը կը սպիանայ լե­զուի վէր­քը ոչ։ Մեր դրա­ցինե­րուն մե­զի դէմ ու­նե­ցած վստա­հու­թիւնը կ՚ոչնչաց­նենք։ Վար­ձա­կալ չենք, ամէն դրա­ցի մե­զի նման տա­նու­տէր է։ Այ­սօ­րուան աւեր­նե­րուն վնա­սը մեր զա­ւակ­նե­րը պի­տի կրեն։

Քա­նի կ՚առանձնա­նանք այնքան անվստահ կը դառ­նանք եւ ան­վերջ կը զի­նուինք։ Զէն­քի տրա­մադ­րո­ւած դրա­մը գործ կամ հաց չ՚ար­տադրեր։ Մեր պարտքե­րը կը բար­դո­ւին, մեր երի­տասարդնե­րը ան­գործ եւ ան­յոյս կը մնան։

Սխա­լիլը ազատ է, բայց սխա­լը քննա­դատե­լը յան­ցանք։ Մեր զա­ւակ­նե­րը դէ­պի պա­տերազմ եւ մահ ղրկե­լը ազատ է, բայց պա­տերազ­մի դէմ ըլ­լալ եւ խա­ղաղու­թիւն ու­զե­լը յան­ցանք։ Մեր դրա­ցինե­րուն վրայ յար­ձա­կիլ,

հայ­հո­յել, վար­կա­բեկե­լը ազատ՝, մեր դրա­ցինե­րուն հետ խա­ղաղօ­րէն, բա­րեկա­մաբար ապ­րիլ ու­զե­լը յան­ցանք։

«Ապ­տի Իփէք­չի Թուրք Բա­րեկա­մու­թեան եւ Խա­ղաղու­թեան» մրցա­նակա­կիր գրող մը ըլ­լա­լով, եր­կիրս, ժո­ղովուրդս, դրա­ցիներս սի­րելով կը ցան­կամ որ մեր դրա­ցի եւ եղ­բայր Ատրպէյ­ճան-Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ պա­տերազ­մը դադ­րի, Թուրքիա այս պա­տերազ­մին մի­ջամուխ ըլ­լա­լէ ետ կե­նայ։ Կը խնդրեմ որ այս եր­կու երկրի մի­ջեւ եղած ան­հա­մաձայ­նութիւ­նը բա­նակ­ցութեամբ լու­ծո­ւի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ