Խեղդամահ ենք ատելութենէ

ՏԵԼԱԼ ՏԻՆՔ

Տարիներ առաջ էր ծա­նօթա­ցած էի Հա­­յաս­­տա­­­նի Սփիւռքի Նա­­խարա­­րին հետ։ «Հայ ըլ­­լա­­­լու հա­­մար պար­­ծանք կը զգա՞ս» հար­­ցուցած էր։ «Ո՛չ» պա­­տաս­­խա­­­նեցի, «Մար­­դուս ծնած ցե­­ղով, ազ­­գութիւ­­նով պար­­ծե­­­նալը անի­­մաստ կը թո­­ւի։ Ես ման­­կութե­­նէս այս կողմ թուրք ըլ­­լա­­­լուն հա­­մար պար­­ծանք զգա­­ցող մարդկանց հետ կ՚ապ­­րիմ եւ գի­­տեմ թէ ինչ ահ­­ռե­­­լի հի­­ւան­­դութիւն մըն է»։ Զգա­­ցի որ պա­­տաս­­խանս շատ ալ հա­­ճելի չէր թո­­ւացած։

1990-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն Ղա­­րաբա­­ղեան պա­­տերազ­­մի բռնկած օրերն էին։ Մեր դպրո­­ցի պա­­տերուն գրա­­ռումներ եղած էր, ռումբի սպառ­­նա­­­լիք մըն ալ վրան։ Դա­­սըն­­կերնե­­րուս ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րով կա­­տարո­­ւած հե­­ռախօ­­սազ­­րոյցնե­­րը, տան մէջ­­ տի­­­րող փսփսուքնե­­րը եւ մտա­­վախու­­թիւնը դրոշ­­մո­­­ւած են մտքիս մէջ։ Դպրո­­ցը ապա­­հով չէր եւ մեզ չէին ուղղար­­կած։

Քա­­նի մը տա­­րի անց Ղա­­րաբա­­ղի մէջ դար­­ձեալ դէպ­­քեր պա­­տահե­­ցան ու ես այդ տա­­րինե­­րուն երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րանի աշա­­կերտն էի։ Տունդար­­ձի ճամ­­բուն վրայ գնաց­­քին վա­­կոնին մէջ հա­­յերը «սատ­­կեցնե­­լուն» բա­­րիք ըլ­­լա­­­լը տե­­ղեկաց­­նող գրու­­թիւն մը կար։ Երբ հա­­յեացքս շե­­ղեցի այդ գրու­­թե­­­նէն նոյն տո­­ղերը կար­­դա­­­ցող մէ­­կու մը հետ աչք աչ­­քի եկանք։ Այդ պա­­հուն վախ­­ցայ որ դպրո­­ցի հա­­մազ­­գեստէս պի­­տի հասկնան թէ հայ եմ։ Այդ վախ ու սար­­սա­­­փով տուն գա­­ցած էի։

Հի­­մա դար­­ձեալ ղա­­րաբա­­ղի մէջ կռիւ կայ։ Աղջկանս հետ խա­­ղալիք մը գնե­­լու հա­­մար խա­­նութ մը մտած ենք։ Հե­­ռուստա­­ցոյ­­ցը լու­­րե­­­րու թո­­ղարկման պա­­հուն կը գո­­ռայ. «Հա­­յեր՜ըըը», «Ցե­­ղակից­­ներնուս կող­­քին ենք» կը պո­­ռայ խօս­­նա­­­կը։ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ ՓՔՔ-ական­­նե­­­րու հա­­մագոր­­ծակցու­­թե­­­նէն կը ճա­­ռէ։ Մա­­նուկնե­­րու խա­­ղալիկ­­նե­­­րուն մէջ այս բո­­լորը լսել… յա­­ճախորդնե­­րը մա­­նուկներ եղած խա­­նու­­թի մը մէջ…։ Դժո­­ւարաւ դուրս ելայ։

Աս­­տուծոյ սի­­րուն ի՞նչ է սա ցե­­ղակի­­ցի խնդի­­րը։ Դուք չէիք որ Թուրքիոյ հան­­րա­­­պետու­­թեան սահ­­մաննե­­րուն մէջ բնա­­կող­­նե­­­րուն բո­­լոր հա­­ւասար կը կո­­չէիք։ Մենք հա­­յերս ալ այդ ամ­­բողջին մէջ չէի՞նք։ Ատրպէյ­­ճանցի­­ները իմ ցե­­ղակի՞ցն են։ Յան­­կարծ ամէն մարդ թուրք դար­­ձան։ Հայրս «Եթէ ձեր բնու­­թագրե­­լով ես թուրք եմ, ու­­րեմն դուք ալ քիչ մը հայ էք» կ՚ըսէր։ Քիչ մը հայ, քիչ մը յոյն՞ քիչ մը քիւրտ, քիչ մը հրեայ ըլ­­լա­­­լով է՞ որ Թուրքիոյ Արտ. Գործ. Նա­­խարա­­րը, Պաշտպա­­նու­­թեան Նա­­խարա­­րը, Հան­­րա­­­պետու­­թեան Նա­­խագա­­հը, քա­­ղաքա­­պետ­­նե­­­րը հին ու նոր կու­­սակցու­­թիւննե­­րը միաձայ­­նութեամբ ցե­­ղակի­­ցի մա­­սին յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ կ՚ընեն։ Մի­­թէ ձեր ըրա­­ծը ան­­ջա­­­տողա­­կանու­­թիւն չէ՞։

Շուրջ բո­­լորիս հա­­յերը տա­­սը օրէ ի վեր հա­­յատեաց ելոյթներ կը լսեն։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ խեղ­­դա­­­մահ կ՚ըլ­­լանք։ Կա­­մաց կա­­մաց, օր ըստ օրէ, ժամ առ ժամ կը խեղ­­դո­­­ւինք։ Ձեր ատե­­լու­­թե­­­նէն կը խեղ­­դո­­­ւինք։ Եթէ դի­­մակ­­նե­­­րուն արան­­քէն մի քիչ թթո­­ւածին կը շնչէինք ան ալ թու­­նա­­­ւորե­­ցիք։ Մեր բո­­լոր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը շրջա­­պատո­­ւած են ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րով։ Ինչպէս ալ գի­­տէք որ պէտք է պաշտպա­­նէք։ Տե­­սաք որ գոր­­ծը կրնայ ձեռք փո­­խել։ Աշ­­խարհին խա­­յտառակ չըլ­­լա­­­լու հա­­մար կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րու կը դի­­մէք։ «Մեր հա­­յերը անոնց նման չեն։ Մենք մե­­րին­­նե­­­րուն չենք ակ­­նարկեր»։ Իրա՞ւ ըսիք։ Հա­­պա անոնք ինչպէ՞ս մար­­դիկ են որ։ Անոնց ալ մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը այդ ձեր փա­­ռաբա­­նած հպա­­տակ­­ներդ չէին։ Նե­­րողու­­թիւն անոնք թու­­րի աւել­­ցուկներ էին չէ՞։ Այդ թու­­րի աւել­­ցուկնե­­րուն, մշե­­ցի, սե­­բաս­­տա­­­ցի, մա­­րաշ­­ցի տա­­տիկ­­նե­­­րուն մե­­ծագոյն մտա­­հոգու­­թիւնը իրենց թո­­ռան ռազ­­մա­­­ճակա­­տէն վե­­րադար­­ձին հետ կա­­պուած է։ Փո­­խանակ հին մղձա­­ւանջնե­­րը վե­­րար­­տադրե­­լու թէ ցե­­ղակից­­ներնուդ եւ թէ հին հպա­­տակ­­ներնուդ բա­­րեկա­­մու­­թեան պատ­­գամներ չէ՞իք կրնար տալ։

Ես ահ­­ռե­­­լի մղձա­­ւանջնե­­րով կը տա­­ռապիմ։ Կեան­­քը կը պար­­գե­­­ւէ կ՚երե­­ւի։ Բայց այս շա­­բաթո­­ւանը գե­­րազան­­ցեց բո­­լորը։ Զգու­­շացնեմ՝ բռնու­­թիւն կը պա­­րու­­նա­­­կէ։ Շէն­­քի մը առ­­ջեւ բազ­­մութիւն։ Կար­­ծես յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան արա­­րողու­­թիւն մըն է։ Հօրս բա­­րեկամ­­նե­­­րը դրան առ­­ջեւ են։ Անոնց մէ­­ջէն անցնիլ կը ջա­­նամ։ Կը նա­­յիմ դէմ­­քե­­­րուն, չի կրնար ըլ­­լալ, հայրս շա­­տոնց մե­­ռաւ։ Բո­­լորին աչ­­քե­­­րուն առ­­ջեւ սպա­­նուե­­ցաւ։ Յե­­տոյ յան­­կարծ հօրս դա­­գաղը կը տես­­նեմ բազ­­մութեան ձեռ­­քը։ Ապա դիակը հա­­նեցին դա­­գաղէն ու գլխա­­տեցին։ Ահ­­ռե­­­լի արիւն հոսեցաւ։ Բայց հայրս վա­­ղուց սպան­­նած էին։ Ի՞նչպէս կրնար արիւ­­նիլ։ Հօրս գլու­­խը ձողի մը անցնե­­լով սկսան շրջիլ։ Ազա­­նի ձայ­­նով արթնցայ՝ շնչաս­­պառ։ Պահ մը մտա­­ծեցի ար­­դեօք աղօ­­թեմ։ Իմ ու անոնց Աս­­տո­­­ւածը կը լսէ ձայնս։ Կրնա՞յ վերջ տալ այս ատե­­լու­­թեան։

Հա­­յաս­­տանցի­­ներու հա­­մար շատ կը վախ­­նամ։ Ար­­դեօք անոնց հա­­մար ալ վախ­­նալս խոս­­տո­­­վանե­­լէ վախ­­նա­­­լու եմ։ Ազ­­գա­­­կան­­ներ ու­­նիմ այնտեղ։ Սի­­րածս մար­­դիկ։ Ինչպէ՞ս հա­­ւատաց­­նեմ ձե­­զի, որ բա­­րի մար­­դիկ են։ Ես ատրպէյ­­ճանցի­­ներուն վատ կամ գէշ ըլ­­լա­­­լը չեմ մտա­­ծած։ Հա­­պա դուք ին­­չո՞ւ իմին­­ներս այսպէս կ՚ատէք։

Հօրս մա­­հէն ետք ցա­­ւակ­­ցութեան հա­­մար շա­­բաթ­­ներ շա­­րու­­նակ այ­­ցե­­­լու­­ներ ու­­նե­­­ցանք։ Հա­­մալ­­սա­­­րանէն մտե­­րիմ մէկ ըն­­կե­­­րըս բա­­ւակա­­նին ուշ այ­­ցե­­­լեց։ Ապա բա­­ցատ­­րեց. «Տե­­լալ չհա­­մար­­ձա­­­կեցայ մօտդ գա­­լու։ Վախ­­ցայ որ հայրդ թուրքե­­րը սպան­­նե­­­ցին ըսե­­լով ան­­գամ մըն ալ թուրք ըն­­կեր մը, զիս տես­­նել չես ու­­զեր»։ Խո­­շոր բա­­ցի թեւերս ու ամուր սեղ­­մե­­­ցի զինք կրծքիս։ «Ես առանց թուրք ըն­­կե­­­րոջս չեմ կրնար ապ­­րիլ» ըսի։ «Հապա դուք առանց հայ ըն­­կե­­­րոջ պի­­տի կրնա՞ք ապ­­րիլ»։

Ճիշդ է չեմ պար­­ծե­­­նար հայ ծնե­­լով։ Ըստ ինձ ոչ ոք պատ­­կա­­­նած ցե­­ղով պէտք չէ պար­­ծե­­­նայ։ Բայց ես ժո­­ղովուրդիս ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեամբ, արո­­ւես­­տով, գի­­տու­­թիւնով, խո­­հանո­­ցով, ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեամբ, քար­­տա­­­շու­­թեամբ, ար­­հեստա­­ւորու­­թեամբ պար­­ծանք կը զգամ։ Կ՚ու­­զեմ որ յա­­րատեւ ըլ­­լայ անոր մշա­­կոյ­­թը։ Ար­­տադրէ ու հա­­մաշ­­խարհա­­յին քա­­ղաքակրթու­­թեան նպաս­­տէ։ Ափ­­սոս որ մարդկու­­թիւնը ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թեան սահ­­մա­­­նու­­մէն դուրս մշա­­կոյ­­թը յա­­րատեւ դարձնե­­լու եղա­­նակը դեռ չէ յայտնա­­բերած։ Պա­­տերազ­­մի ըն­­թացքը ծա­­ւալե­­լու եւ Ղա­­րաբա­­ղի հար­­ցը գե­­րազան­­ցե­­­լու յատ­­կութիւն ու­­նի։ Ազատ ու ան­­կախ Հա­­յաս­­տան մը կը ցան­­կամ։ Նաեւ կը ցան­­կամ ազատ ու ան­­կախ Ատրպէյ­­ճան մը։ Այդ եր­­կուքը միասին ցան­­կա­­­նալը դժո­­ւար չէ ին­­ծի հա­­մար։ Բայց այդ ցան­­կութիւ­­նը Թուրքիոյ հա­­մար շատ դժո­­ւար է։ Ինչ մեծ հիաս­­թա­­­փու­­թիւն։ Մինչդեռ փո­­խանակ թրքա­­պաշտ կամ օս­­մանցի ըլ­­լա­­­լու ձգտե­­լու բա­­նար եր­­կու թե­­ւերը դէ­­պի եր­­կու հա­­րեւան­­նե­­­րուն եւ գո­­չէր՝ «Եկէք լու­­ծենք սա խնդի­­րը» ըսե­­լով, ո՞վ կը կորսնցնէր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ