Ատելութիւնը սանձազերծ

Հա­յատեաց դրդումնե­րով կա­տարուած իբ­րեւ թէ Ատրպէյ­ճա­նի զօ­րակ­ցե­լու ցոյ­ցե­րը կը շա­րու­նա­կուին զա­նազան թա­ղերու մէջ։ Առա­ջին հեր­թին Գումգա­բուի մէջ կա­տարո­ւած այդ ինքնա­շարժնե­րով եր­թը որոշ մտա­հոգու­թիւն յա­ռաջա­ցու­ցած է նաեւ իշ­խա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րու մօտ։ Հա­յատեաց ելոյթնե­րով հանդէս եկող­նե­րը, իսկ մտահո­գու­թիւն յայտնած են կա­տարուածին դէմ, պնդե­լով որ կա­տարո­ւածը Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցի հա­յերու ուղղեալ ատե­լու­թիւն մըն է, որուն կա­րելի չէ ձայ­նակցիլ։ Զա­նազան շրջա­նակ­ներ եւ մա­մու­լի որոշ գրիչ­ներ դա­տապար­տած են այս տեսա­կի ելոյթնե­րը, այդ բո­լորը հա­մարե­լով խու­լի­կանու­թիւն։ Սա­կայն ի դէմ հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու այս տե­սակի բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը շա­րու­նա­կուած են տար­բեր թա­ղամա­սերու յատ­կա­պէս ալ հա­յաբ­նակ վայ­րե­րու մէջ։ Վեր­ջին ան­գամ կա­ռաշա­րը ան­ցաւ «Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­տան առ­ջե­ւէն, ուր զա­նազան­ներ իս­կոյն նկա­րահա­նեցին եւ տա­րածե­ցին սոս­ցանցե­րու մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ