Ն. Ազնաւուրի նամակը Ֆրանսայի նախագահ Է. Մաքրոնին

Երբ պա­­տերազ­­մը կը շա­­րու­­նա­­­կուի ամ­­բողջ սաստկու­­թեամբ, ան­­դին զա­­նազան շրջա­­նակ­­նե­­­ր կը փոր­­ձեն բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու մի­­ջոցաւ լու­­ծում գտնել արիւ­­նա­­­հոսու­­թիւնը դադ­­րեցնե­­լու հա­­մար։ Այսպէս Ազ­­նա­­­ւուր Հիմ­­նադրա­­մի նա­­խագահ Նի­­քոլա Ազ­­նա­­­ւուր ալ նա­­մակով մը դի­­մած է ֆրան­­սա­­­յի նա­­խագահ Մաք­­րո­­­նին, որ­­պէսզի ան սան­­ձէ Թուրքիոյ ներգրա­­ւու­­մը ար­­դէն իսկ մտա­­հոգիչ փու­­լի մը հա­­սած կռիւ­­նե­­­րը կա­­սեց­­նե­­­լու հա­­մար։

«Յար­­գե­­­լի՝ պա­­րոն նա­­խագահ, սի­­րելի՝ բա­­րեկամ, հայ ժո­­ղովրդի հա­­ւատա­­րի՚մ աջա­­կից։ Վեր­­ջին օրե­­րը ցա­­ւով ու խոր ան­­հանգստու­­թեամբ լի էին ողջ հայ ազ­­գի հա­­մար։ Հայ ժո­­ղովուրդին դար­­ձեալ վտանգ կը սպառ­­նայ եւ ինչպէս 1915-ին, այ­­սօր ալ ստի­­պուած է պայ­­քար մղել իր գո­­յու­­թեան հա­­մար։ Հայ դիր­­քա­­­պահ­­նե­­­րը քա­­ջաբար կը պա­­հեն երկրի սահ­­մաննե­­րը, սա­­կայն մար­­տե­­­րը թէժ են, եւ զո­­հերը՝ բազ­­մա­­­թիւ։ Ես եւս մէկ ան­­գամ կը դի­­մեմ ձեզ՝ որ­­պէս մի մարդ եւ առաջ­­նորդ, որը չի վախ­­նար ճշմար­­տութիւ­­նը ըսել, եւ որուն հա­­մար մարդկա­­յին ար­­ժէքնե­­րը գե­­րակայ են։ Դուք այս ապա­­ցու­­ցած էք ձեր ղե­­կավար­­ման ողջ ըն­­թա­­­ցին։ Ձեր վեր­­ջին ելոյթնե­­րուն դուք եւս մէկ ան­­գամ յի­­շեցու­­ցիք հա­­յերուն եւ աշ­­խարհին, որ Հա­­յաս­­տա­­­նը մի­­նակ չէ այդ դա­­հիճ­­նե­­­րու դէմ յան­­դի­­­ման։ Դուք հա­­մար­­ձա­­­կօրէն դա­­տապար­­տե­­­ցիք Թուրքիոյ կեղ­­ծա­­­ւորու­­թիւնը ու ցի­­նիզ­­մը եւ անոր մեղ­­սակցու­­թիւնը Պա­­քուի յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րուն։ Այս հա­­կամար­­տութեան ըն­­թացքին սու­­րիացի ճի­­հադիստնե­­րու՝ վարձկան-ահա­­բեկիչ­­նե­­­րու ներգրա­­ւու­­մը եւս մէկ ան­­գամ ցոյց կու տայ այդ կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րու ան­­բա­­­րոյ ձե­­ռագի­­րը եւ կը գու­­ժէ ահա­­բեկ­­չա­­­կան սպառ­­նա­­­լիքի մա­­սին, որը Թուրքիոյ ձե­­ռամբ կը հաս­­նի Եւ­­րո­­­պայի եւ Ռու­­սաստա­­նի մա­­տոյցնե­­րուն։ Պա­­քուն կը թի­­րախա­­ւորէ խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­նե­­­րուն եւ լրագ­­րողնե­­րուն՝ օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով ար­­գե­­­լուած զի­­նամ­­թերք, խախ­­տե­­­լով մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքի բո­­լոր սկզբունքնե­­րը։ Ձեր եւ ֆրան­­սա­­­ցի ժո­­ղովրդի աջակ­­ցութիւ­­նը ան­­չափ կա­­րեւոր է մեզ հա­­մար։ Կը խնդրեմ ձեզ գոր­­ծուն քայ­­լե­­­րուն դի­­մել՝ յա­­նուն մեր ժո­­ղովուրդի փրկու­­թեան - ճա­­նաչե­­լով Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը որ­­պէս ինքնիշ­­խան պե­­տու­­թիւն, որը կը կա­­րողա­­նայ օգ­­տո­­­ւել մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքի դրոյթնե­­րէն, կը խնդրեմ տնտե­­սական պատ­­ժա­­­միջոց­­ներ կի­­րառել Ատրպէյ­­ճա­­­նի եւ Թուրքիոյ դէմ՝ անոնց գոր­­ծած յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րու հա­­մար, ինչպէս նաեւ ճնշում գոր­­ծադրել ՄԱԿ-ի վրայ՝ տա­­րածաշրջա­­նի մէջ խա­­ղաղու­­թիւն վե­­րահաս­­տա­­­տելու մե­­խանիզմներ գոր­­ծի դնե­­լու նպա­­տակով։ Ես կը հա­­ւատամ ձեզ ու ձեր սկզբունքայ­­նութեանը, լիայոյս եմ, որ մար­­դա­­­սիրա­­կան եւ ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան մեր ար­­ժեքնե­­րը յաղ­­թա­­­նակ կը տա­­նեն բռնա­­պետու­­թեան ու ոճ­­րա­­­գոր­­ծութեան դէմ, որոնց շար­­ժիչ ու­­ժը ագա­­հու­­թիւնն է եւ իշ­­խա­­­նու­­թեան ծա­­րաւը։ Հա­­յաս­­տա­­­նը քա­­ղաքակրթու­­թեան բեր­­դամրոցն է, որը պէտք է պաշտպա­­նել։

Նի­­քոլա Ազ­­նա­­­ւուր «Ազ­­նա­­­ւու­­ր» հիմ­­նադրա­­մի հա­­մահիմ­­նա­­­դիր, հո­­գաբար­­ձունե­­րու խորհրդի նա­­խագահ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ