Վարդագոյն Պատմութիւններու Կարօտ

ՆԱՐՕՏ ՔԸՅՄԱԶ

Ման­կու­թե­­­նէս ի վեր յա­­տուկ սէր մը ու­­նիմ գրե­­լու եւ կար­­դա­­­լու հան­­դէպ։ Մա­­նաւանդ ալ մայ­­րե­­­նի լե­­զուով։ Իմ մէջ այս յա­­տուկ սէ­­րին հաս­­տա­­­տուի­­լը կը պար­­տիմ երեք ան­­ձե­­­րուն։ Առա­­ջին կար­­գին կու գայ լո­­ւահո­­գի հայրս որ միշտ կ՚ու­­զէր լաւ Քրիս­­տո­­­նեայ եւ հա­­յասէր անձ մը ըլ­­լամ, տէր կանգնիմ իմ մայ­­րե­­­նիիս, մշա­­կոյ­­թիս եւ փո­­խան­­ցեմ սե­­րունդէ սե­­րունդ։ Երկրորդ կար­­գին կու գայ մայրս։ Ին­­քը հա­­յերէն գրել ու կար­­դալ չէր գի­­տեր, միայն օրա­­կան խօ­­սակ­­ցութեան ատեն գոր­­ծա­­­ծուե­­լիք տա­­սը, տաս­­նը­­­հինգ բառ գի­­տէր։ Երբ ես ման­­կա­­­պար­­տէզ յա­­ճախե­­լու սկսայ ինք ալ սկսաւ եկե­­ղեցիի եր­­թի­­­քին տակ կա­­յացող հա­­յերէն լե­­զուի դա­­սըն­­թացքնե­­րուն։ Մենք մայր ու աղ­­ջիկ միասին ճանչցանք տա­­ռերը, միասին սկսանք վան­­կա­­­տել եւ յե­­տոյ ալ կար­­դալ։ Մայրս իր քա­­ջալե­­րու­­թեամբ է որ ին­­ծի սոր­­վե­­­ցուց մայ­­րե­­­նիին, մայ­­րե­­­նիով կար­­դալն ու գրե­­լուն կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։ Իսկ եր­­րորդ կար­­գին կու գայ Տի­­կին Մա­­րի Տե­­ղիր­­մենճեանը։ Այդ ժա­­մանակ դրա­­ցի էինք իրա­­րու։ Տա­­րիներ շա­­րու­­նակ ես երբ օգ­­նութեան պէտք ու­­նե­­­ցայ ին­­քը միշտ պատ­­րաստ եղաւ ին­­ծի օգ­­նե­­­լու։ Մօր գուրգու­­րանքով միշտ օգ­­նեց, միշտ ճամ­­բայ ցոյց տո­ւաւ եւ եղաւ տի­­պար մը։ Շատ բան կը պար­­տիմ իրեն։

Ինչպէս յայտնած էի որ շատ կը սի­­րեմ գիր­­քե­­­րը, գիր­­քե­­­րու աշ­­խարհ՝ գրա­­կանու­­թիւնը ան­­պայման։ Եթէ գտնեմ առի­­թը կ՚եր­­թամ գիր­­քի գի­­նեձօ­­ներուն, խօ­­սակ­­ցութիւննե­­րուն, ստո­­րագ­­րութեան արա­­րողու­­թիւննե­­րուն։ 2012-ի Մարտ ամ­­սո­­­ւան տե­­ղի ու­­նե­­­ցած էր Բագ­­րատ Էս­­դուքեանի «Հայ Հի­­քայե­­լէր»՝ խո­­րագ­­րեալ գիր­­քի գի­­նեձօ­­նը։ Ես ալ սի­­րով մաս­­նակցած էի։ Շատ հա­­ճելի խօ­­սակ­­ցութիւն մը տե­­ղի ու­­նե­­­ցած էր գիր­­քի եւ հայ գրա­­կանու­­թեան մա­­սին։ Խօ­­սակ­­ցութեան աւար­­տին ալ Պրն. Բագ­­րա­­­տը մա­­կագ­­րած էր գիր­­քե­­­րը։ Ին­­ծի հա­­մար շատ մեծ հա­­ճոյքնե­­րէն մէկն ալ գրա­­դարա­­նիս մէջ մա­­կագ­­րո­­­ւած գիր­­քեր ու­­նե­­­նալն է։ Պրն. Բագ­­րա­­­տը մէկ, եր­­կու նա­­խադա­­սու­­թիւն գրած եւ մա­­կագ­­րած էր գիրքս։ Շատ հոգ կ՚ընէի թէ ի՞նչ գրած էր։ Գիր­­քը ձեռքս առած եւ շու­­տով սկսած էի կար­­դա­­­լու։ Գրած նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րը հե­­տեւեալն էին՝ «Նա­­րօտը մեր յոյսն է, մեր ապա­­գան, մեր երի­­տասարդ կեր­­պա­­­րը։ Կաս­­կած չու­­նիմ որ ան ալ պի­­տի գրէ իր հէ­­քեաթ­­նե­­­րը՝ թող անոր պատ­­մածնե­­րը վառ վար­­դա­­­գոյն ըլ­­լայ, մե­­զի մոխ­­րա­­­գոյ­­նը վի­­ճակած էր»։ Շատ ու­­րա­­­խացած եւ հպար­­տա­­­ցած էի գրած­­նե­­­րով։ Իրեն մա­­սին գրած­­նե­­­րը դժբախ­­տա­­­բար ճիշդ էին։ Իր հե­­քեաթ­­նե­­­րու նիւ­­թերն էին՝ պա­­տերազմ, աղ­­քա­­­տու­­թիւն, հա­­յոց սեւ պատ­­մութիւն եւայլն։ Մեր պատ­­մութեան սեւ ամ­­պե­­­րը մեր գրա­­կանու­­թեան վրայ եր­­կար ատեն­­նե­­­րէ ի վեր կը շա­­րու­­նա­­­կէին իրենց գո­­յու­­թիւնը։ Ինք փա­­փաքած էր որ իմ գրած­­ներս վառ վար­­դա­­­գոյն ըլ­­լա­­­յին։

Ատեն ատեն գրե­­ցի ես ալ կամ գրել փոր­­ձե­­­ցի։ Կարգ մը գրած­­ներս վառ վար­­դա­­­գոյն ոճ մը ու­­նե­­­ցան, իսկ կարգ մը գրած­­ներս ալ սեփ­­սեւ։ Պրն. Բագ­­րա­­­տին գրած­­նե­­­րը միտքս եկան որով­­հե­­­տեւ քա­­նի օրէ ի վեր օրա­­կար­­գի լու­­րե­­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ մէջս սեւ ամ­­պե­­­րով լե­­ցուն է։ Կ՚ու­­զեմ շուտ մը կոր­­սո­­­ւին այդ ամ­­պե­­­րը եւ արեւ ծա­­գի, թէ իմ մէջ, թէ ազ­­գիս վրայ, թէ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ թէ բո­­լոր աշ­­խարհի վրայ։ Պրն. Բագ­­րա­­­տին ըսա­­ծին պէս ալ մենք, մեր պատ­­մութիւ­­նը պէտք է լե­­նայ ոչ թէ տխուր այլ եր­­ջա­­­նիկ պատ­­մութիւննե­­րով, քա­­նի որ դա­­րերէ ի վեր միշտ կը լսենք, կը կար­­դանք ու կը գրենք ազ­­գի սեւ պատ­­մութեան եւ ճա­­կատագ­­րի մա­­սին։ Այս դա­­րու բո­­լոր մարդկու­­թիւնը պէտք չէ այ­­լեւս խոր­­հի պա­­տերազ­­մի մա­­սին եւ ոյժ ու ժա­­մանակ վատ­­նէ։ Յու­­սամ կարճ ժա­­մանա­­կէ կը լու­­ծո­­­ւին հար­­ցե­­­րը եւ մենք մեր ապա­­գայ սե­­րունդնե­­րուն կրնանք փո­­խան­­ցել վար­­դա­­­գոյն պատ­­մութիւններ՝ խա­­ղաղու­­թեամբ, եր­­ջանկու­­թեամբ, եղ­­բայրա­­սիրու­­թեամբ լի, պա­­տերազմնե­­րէ, անի­­րաւու­­թիւննե­­րէ, տան­­ջանքնե­րէ հե­ռու։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ