Երեմիա Չելեպի Քէօմիւրճեանի Պոլիսը այսօր

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Ահ Կէօզել Իս­­թանպուլ»։ Այսպէս խո­­րագ­­րո­­­ւած էր Երե­­միա Չե­­լեպի Քէօմիւրճեանի ԺԷ դա­­րու Պո­­լիսը նկա­­րագ­­րող գիր­­քէն մեկ­­նե­­­լով պատ­­րաստո­­ւած գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան վա­­ւերագ­­րա­­­կանը։

Ֆիլ­­մի առա­­ջին ներ­­կա­­­յացու­­մը կա­­յացաւ Ան­­թա­­­լիոյ փա­­ռատօ­­նի օրե­­րուն։ Իսկ 11-12 Հոկ­­տեմբե­­րին ալ ներ­­կա­­­յացո­­ւեցաւ պոլ­­սեցի հան­­դի­­­սատե­­սին։ Զէյ­­նեփ Տա­­տաքի հե­­ղինա­­կած ֆիլ­­մը Քէօմիւրճեանի գիր­­քի հե­­տեւո­­ղակա­­նու­­թեամբ եօթը բա­­ժին­­նե­­­րու մէջ կը շրջի Պոլ­­սոյ թա­­ղերով։ Հա­­ւատա­­րիմ կը մնայ Քէօմիւրճեանի պատ­­մե­­­լաոճին, որ իր բնագ­­րին մէջ բո­­լոր այս պա­­տու­­մը ծա­­նօթագ­­րութիւն մը ըլ­­լա­­­լով կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ մի ոմն «վար­­դա­­­պետ»ի։ Ար­­դա­­­րեւ իւ­­րա­­­քան­­չիւր բա­­ժին կը սկսի «Եւ ահա այսպէս վար­­դա­­­պետ, Պո­­լիսը ճանչնա­­լու հա­­մար լա­­ւագոյն եղա­­նակն է զայն դի­­տել ծո­­վէն» կամ եր­­բեմն ալ «Սի­­րելի վար­­դա­­­պետ հի­­մա պէտք է ձիահե­­ծան շա­­րու­­նա­­­կենք մեր ու­­ղե­­­ւորու­­թիւնը»ի նման նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րով։

Այդ շրջա­­գայու­­թեան ոտ­­նա­­­հետ­­քով տե­­սախ­­ցի­­­կը կը շրջի Պոլ­­սոյ տե­­սարան­­նե­­­րով, յա­­ճախա­­կի կեր­­պով կանգ առ­­նե­­­լով պատ­­մա­­­կան շի­­նու­­թիւնե­­րու դի­­մաց։

Կեդ­­րո­­­նական վար­­ժա­­­րանի վաս­­տա­­­կաւոր տնօ­­րէն Հրանդ Տէր Անդրէասեանն էր, որ առա­­ջին ան­­գամ խմբագ­­րած ու թրքե­­րէն ըն­­թերցո­­ղին ծա­­նօթա­­ցու­­ցած էր Երե­­միա Չե­­լեպի Քէօմիւրճեանի այս ու­­շագրաւ պա­­տու­­մը։

Գիր­­քը նախ հրա­­տարա­­կուած էր Իս­­թանպու­­լի Հա­­մալ­­սա­­­րանի Պատ­­մութեան Բաժ­­նի մա­­տենա­­շարէն եւ ապա ու­­նե­­­ցած էր տար­­բեր հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րու կող­­մէ յա­­ջորդ տպագ­­րութիւններ։

«Ահ Կէօզել Իս­­թանպուլ» ֆիլ­­մի մէջ Զէյ­­նեփ Տա­­տաք մէջ­­բե­­­րումներ կ՚ընէ նաեւ Բագ­­րատ Էս­­դուգեանի կամ Մու­­րատ Չե­­լիք­­քա­­­նի մի­­ջոցաւ, որոնք լրա­­ցու­­ցիչ բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւն կը պար­­գե­­­ւեն 17-րդ դա­­րու այդ պա­­տու­­մէն մեր օրե­­րուն ցո­­լացող զա­­նազան տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րու մա­­սին։ Ֆիլ­­մը հիմ­­նա­­­կանին վա­­ւերագ­­րա­­­կան մը ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ ու­­նի գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան բնոյթ, ուր դե­­րասան Սեզ­­կի Մեն­­կի եւս բա­­ժին կը ստանձնէ պա­­տու­­մը այժմէակա­­նաց­­նե­­­լու առու­­մով։ Զէյ­­նեփ Տա­­տաք իր աշ­­խա­­­տու­­թիւնը նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար կը դի­­մէ անո­­ւանի լու­­սանկա­­րիչ Արա Կիւ­­լե­­­րի «Ես ան­­հե­­­տացող քա­­ղաքը կը լու­­սանկա­­րեմ» խօս­­քե­­­րով։ Իրաւ ալ ֆիլ­­մին մէջ շեշ­­տո­­­ւածը քա­­ղաքի մը եթէ ոչ ան­­հե­­­տացու­­մը, բայց զգլխե­­ցու­­ցիչ եղա­­նակով մը կեր­­պա­­­րանա­­փոխու­­թիւնն է։ Երե­­միա Քէօմիւրճեանի պատ­­մած Իս­­թանպու­­լը այ­­սօր կոր­­սո­­­ւած է 16 մի­­լիոն բնակ­­չութիւն ու­­նե­­­ցող, երկնա­­գեր­­նե­­­րով շրջա­­պատո­­ւած մեթ­­րո­­­փոլի մը մէջ։ Սա­­կայն միշտ կա­­րելի է այդ շի­­նու­­թիւննե­­րու կոյ­­տին մէջ ճեղք մը , բաց­­թո­­­ղում մը գտնել ու այդ ճեղ­­քէն իբ­­րեւ եր­­կու սի­­րահար­­ներ շիշ մը գի­­նիի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ թա­­փան­­ցել Երե­­միա Չե­­լեպի Քէօմիւրճեանի ապ­­րած ժա­­մանակ­­նե­­­րուն։

Ֆիլ­­մը սկսած էր Գումգա­­բըէն, շրջած էր Եէնի­­գաբը ապա Սկիւ­­տար, Փե­­րա, Ֆե­­ներ, Հաս­­գիւղ թա­­ղամա­­սերով եւ այդ բո­­լորին մէջ նշուած էր, որ ամէն մէ­­կուն մէջ կը բնա­­կի տար­­բեր ազ­­գութիւններ ու միայն մէկ թաղ նմաշ էր որ­­պէս թրքա­­կան, ուր նաեւ կա­­յին հա­­յեր, յոյ­­ներ, հրեաներ եւս։

Այս երե­­ւոյթն ալ ինքնին կը պար­­զէ քա­­ղաքի ազ­­գաբնակ­­չութին­­նե­­­րու առու­­մով ալ ար­­ձա­­­նագ­­րած ահ­­ռե­­­լի փո­­փոխու­թիւնը։

Զէյ­նեփ Տա­տաք իբ­րեւ ակա­դէմա­կան նաեւ յա­ջողած է որպէս դա­սանիւթ եր­կար տա­րիներ օգ­տո­ւելիք ֆիլմ մը հե­ղինա­կել։ Իր մեծ հա­մես­տութեան մէջ դա­սական գործ մըն է, որ կը մա­տու­ցո­ւի հա­մաշ­խարհա­յին արո­ւես­տին՞է, իր ­հետ փա­ռաբա­նելով նաեւ պատ­միչ Երե­միա Չե­լեպի Քէօմիւրճեանի վաստակը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ