Կ՚անտեսուի Սահմանադրական Ատեանի վճիռը

Արդէն բա­­ւակա­­նին վի­­ճելի դար­­ձած էր Թուրքիոյ ար­­դա­­­րադա­­տական հա­­մակար­­գը, որ վեր­­ջերս դար­­ձեալ զար­­մա­­­նալի որո­­շումնե­­րով օրա­­կար­­գի կու գայ։ Այդ անօ­­րինու­­թիւննե­­րու մէջ բնա­­կանա­­բար օրա­­կար­­գի առա­­ջին շար­­քե­­­րուն տեղ կը գտնեն քա­­ղաքա­­կան դէմ­­քե­­­րու դէմ օրէն­­քի զան­­ցա­­­ռումնե­­րը։ Ան­­ցեալին պե­­տու­­թեան գաղտնի տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը հրա­­պարա­­կելու մե­­ղադ­­րանքով դա­­տուած եւ պա­­տիժ ստա­­նալեն ետք ալ բան­­տարկո­­ւած Հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Էնիս Պեր­­պե­­­րօղ­­լու առար­­կած էր այդ որո­­շումնե­­րուն դէմ ու վեր­­ջա­­­պէս Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան ատեանը անօ­­րէն հա­­մարած էր Շրջա­­նային դա­­տարա­­նի վճի­­ռը։ Այս դէպ­­քի մէջ բնա­­կան ըն­­թացքը պէտք է ըլ­­լար դա­­տավա­­րու­­թեան վերսկսու­­մը եւ պատ­­գա­­­մաւո­­րի գրա­­ւուած իրա­­ւունքնե­­րուն վե­­րադար­­ձը։ Նոյ­­նիսկ կ՚ակնկա­­լուէր թէ Խորհրդա­­րանի նա­­խագա­­հը Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանի այս որո­­շու­­մէն ետք ինքնա­­բերա­­բար վերա­­հաս­­տա­­­տէր Էնիս Պեր­­պե­­­րօղ­­լո­­­ւի երես­­փո­­­խանու­­թիւնը Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան շար­­քե­­­րէ ներս։ Ի դէմ այս ակնկա­­լու­­թիւննե­­րու թէ Խորհրդա­­րանի նա­­խագա­­հը եւ թէ Շրջա­­նային դա­­տարա­­նը անդրդո­­ւելի մնա­­ցին իրենց որո­­շու­­նե­­­րուն մէջ։ Հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թեան նա­­խագահ Քե­­մալ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լու Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանի վճի­­ռին դէմ նման ան­­փոյթու­­թիւնը բա­­ցատ­­րեց «Այժմ աղն ալ նե­­խած է» ըսե­­լով։

Ինչպէս ծա­­նօթ է Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանը դա­­տական հա­­մակար­­գի ամե­­նաբարձր աս­­տի­­­ճանը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ, որուն վճիռ­­նե­­­րը ան­­վի­­­ճելի կը հա­­մարուէին մին­­չեւ վեր­­ջերս։ Իսկ ներ­­կա­­­յիս կա­­ռավա­­րական շրջա­­նակ­­նե­­­րը բա­­ցի անոր որո­­շումնե­­րուն չհնա­­զան­­դե­­­լէ նաեւ կը սպառ­­նան այդ կա­­ռոյ­­ցը առ­­հա­­­սարակ վե­­րաց­­նե­­­լով։ Այս ուղղու­­թեամբ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն ու­­նե­­­ցողը եղած էր Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Սիւ­­լէյման Սոյ­­լու, որուն իս­­կոյն յա­­ջոր­­դեց Ազ­­գա­­­յին Շար­­ժում կու­­սակցու­­թեան նա­­խագահ Տեւ­­լեթ Պահ­չե­լի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ