Մեղադրանք փաստերէ զուրկ ամբաստանագրով

Հան­րա­ծանօթ հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի կի­­նը Այ­­շէ Պու­ղ­րա, փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը՝ Քէօք­­սալ Պայ­­րաքթար, Թոլ­­կա Տե­­նիզ Այ­­թէօրէ եւ Իլ­­քան Քո­­յունճու առ­­ցանց մամ­­լոյ ժո­­ղովով մը մեկ­­նա­­­բանե­­ցին Քա­­ւալա­­յի դէմ պատ­­րաստո­­ւած ամ­­բաստա­­նագի­­րը։

Փաս­­տա­­­բան Այ­­թէօրէ նշեց որ Քա­­ւալա­­յի նա­­խապէս դա­­տուած եւ ան­­պարտ հռչա­­կուած «Կէ­­զի»ի դէպ­­քե­­­րը կրկին ան­­գամ տե­­ղադ­­րո­­­ւած են դա­­տախա­­զու­­թեան պատ­­րաստած ամ­­բաստա­­նագ­­րին մէջ։ «Մե­­ղադ­­րե­­­լու հա­­մար իրա­­ւացի կաս­­կածներ չկան։ Են­­թարկու­­թիւննե­­րու վրայ հիմ­­նո­­­ւած պնդումնե­­րով մե­­ղադ­­րանք ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու ժա­­մանակ ստի­­պուած էք փաս­­տա­­­ցի տո­­ւեալ­­ներ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու, մա­­նաւանդ երբ մե­­ղադ­­րանքը կը հաս­­նի ազ­­գա­­­յին դա­­ւաճա­­նու­­թեան նման ծանր պնդու­­մի մը» ըսաւ Թոլ­­կա Տե­­նիզ Այ­­թէօրէ։ Ան նաեւ յա­­ւելեց, թէ այդ թղթած­­րարնե­­րը նա­­խապէս պատ­­րաստող­­նե­­­րը այժմ Ֆե­­թուլլա­­հի կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­­դամակցե­­լու պատճառաւ փա­­խուստի դի­­մած ան­­ձեր են։

Իրա­­ւաբան Քէօք­­սալ Պայ­­րաքթար ալ նշեց, որ իր պաշտպա­­նեալը նոյն մե­­ղաչ­­ծանքով երկրորդ ան­­գամ կը դա­­տուի։ «Այս երե­­ւոյ­­թը ամ­­բողջո­­վին կը հա­­կասէ իրա­­ւագի­­տու­­թեան հիմ­­նա­­­կան կա­­նոնի մը ըստ որու անձ մը արար­­քի բեր­­մամբ միայն մէկ ան­­գամ կրնայ դա­­տուի»։

Պայ­­րաքթար նշեց որ ԵՄԻԱ եւ Եւ­­րո Խոր­­հուրդա­­րանի նա­­խարա­­րած խոր­­հուրդի յանձնա­­խումբը կոչ ըրած էր Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի իս­­կոյն ազատ ար­­ձակման հա­­մար։ Ան եւս ամ­­բաստա­­նագի­­րը քննա­­դատեց փաս­­տե­­­րէ զուրկ ըլ­­լա­­­լու պատ­­ճա­­­ռաւ։

Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի կի­­նը փրոֆ. Այ­­շէ Պուղ­­րա եւս խօսք առաւ եւ իր խօս­­քը ուղղեց Խորհրդա­­րանի պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րուն։ «Այս պա­­հուն որ­­պէս քա­­ղաքա­­ցի ոչ միայն մա­­մու­­լի եւ հա­­սարա­­կու­­թեան զգայ­­նութեան, այլ նաեւ Թուրքիոյ Խորհրդա­­րանի մէջ մեզ ներ­­կա­­­յաց­­նող պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րուն խօսք ուղղե­­լու կա­­րիքը կը զգամ։ Ոչ գթու­­թիւն, այլ ար­­դա­­­րու­­թիւն կը պա­­հան­­ջեմ։ Ամու­­սինս երեք տա­­րի է բանտ է եւ հետզհե­­տէ սկսած է մտա­­հոգո­­ւիլ խոր­­հե­­­լով թէ ան իր մայ­­րը ան­­գամ մըն ալ պի­­տի չկա­­րենայ տես­­նել։ Կը կար­­ծեմ թէ մեր այս վի­­ճակը բո­­լոր երես­­փո­­­խան­­նե­­­րուն, քա­­ղաքա­­կանու­­թեամբ զբա­­ղող­­նե­­­րուն եւ յատ­­կա­­­պէս ալ որ կու­­սակցու­­թե­­­նէն ալ ըլ­­լան կին պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րուն հե­­տաքրքրու­­թեան ար­­ժա­­­նի ըլ­­լա­­­լու է։ Այս պա­­հուն կը դժո­­ւարա­­նամ ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւելու, կը դժո­­ւարա­­նամ որով­­հե­­­տեւ կը տես­­նեմ, թէ երբ մենք իրա­­ւագի­­տական հա­­մաշ­­խարհա­­յին չա­­փանիշ­­նե­­­րէն կը ճա­­րենք, մեր դի­­մաց այ­­լեւս ստե­­լու իսկ կա­­րիք չզգա­­ցող հա­­մակարգ մը կայ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ