Լաւրով – Մնացականեան «Անընդունելի է Թուրքիոյ միջնորդութիւնը»

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Զոհ­րապ Մնա­ցակա­նեան Մոս­կո­ւայի մէջ Ռու­սիոյ դաշ­նութեան ԱրտԳործ. Նա­խարար Լաւ­րո­վի հետ մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն մը ու­նե­ցաւ։ Եր­կու նա­խարար­նե­րը մաս­նա­կից լրագ­րողնե­րուն տե­ղեկա­ցու­ցին թէ Ռու­սիա, ԱՄՆ եւ Ֆրան­սա ԵԱԽԿ-ի. հսկո­ղու­թեան տակ պէտք է շա­րու­նա­կեն լու­ծում գտնե­լու ջան­քե­րը։ Մնա­ցակա­նեան նշեց որ Ատրպէյ­ճա­նին աշ­խուժօրէն զօ­րակ­ցող Թուրքիա չի կրնար միջ­նորդի դեր ստանձնել։

Միւս կող­մէ Թուրքիոյ պաշտպա­նու­թեան նա­խարար Հու­լուսի Աքար իր ռուս պաշ­տօ­նակից Սեր­կէյ Շոյ­կուի հետ հե­ռախօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ, ուր պա­հան­ջեց որ Հա­յաս­տա­նի ու­ժե­րը լքեն իրենց կող­մէ գրա­ւուած Ատրպէյ­ճա­նական հո­ղերը եւ վերջ տան խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը թի­րախա­ւորող յար­ձա­կումնե­րուն։ Իսկ Շոյ­կու մտա­հոգու­թիւն յայտնեց Մի­ջին Արե­ւել­քէն Ղա­րաբա­ղեան մար­տե­րու մաս­նակցե­լու հա­մար ղրկո­ւած ահա­բեկիչ­նե­րու պատճառաւ։

Մինչ այդ Ար­ցա­քի պաշտպա­նու­թեան բա­նակը հա­ղոր­դեց եւս 17 զի­նուո­րի մա­հանա­լու գոյ­ժը։ Այսպէ­սով հայ­կա­կան կող­մի զո­հերու թի­ւը բարձրա­ցած է 542-ի։

12 Հոկ­տեմբե­րէն այս կողմ Ատրպէյ­ճա­նական յար­ձա­կումնե­րու հե­տեւան­քով զո­հուած են նաեւ 31 խա­ղաղ բնա­կիչ­ներ։ Ատրպէյ­ճան ալ կը հա­ղոր­դէ թէ դէ­պի Գան­ձակ (Կեն­ճէ) ուղղեալ յար­ձա­կումնե­րու հե­տեւան­քով ալ 19 քա­ղաքա­ցիներ զո­հուած են եւ մօտ 30 ան­ձեր վի­րաւո­րուած։

Լա­ւորով մամ­լոյ ժո­ղովի ըն­թացքին անդրա­դար­ձաւ նաեւ զի­նադա­դարի չգոր­ծադրո­ւելու խնդրին։ «Նախորդ Ուրբաթ գի­շերը եւ շա­բաթը այս շէն­քի մէջ մեր Ատրպէյ­ճանցի պաշ­տօ­նակի­ցին հետ ան­ցուցինք։ Նա­խագահ Փու­թի­նի զօ­րակ­ցութեամբ կա­րեւոր հա­մաձայ­նութիւն մը կնքե­ցինք։ Սա­կայն այս պա­հի դրու­թեամբ կը տես­նենք, թէ հա­մաձա­նու­թիւնը չկիրար­կո­ւիր եւ զի­նեալ բա­խումնե­րը կը շարունակուի»։ Մնա­ցակա­նեան բաժ­նեց Լա­ւոր­ւի մտա­հոգու­թիւնը յա­ւելե­լով, թէ զի­նադա­դարը չյար­գո­ղը Ատրպէյ­ճանն է։

Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ ալ թրքա­կան «Հա­պեր Կլո­պալ» հե­ռուստա­կայա­նէն ու­նե­ցած ելոյ­թին մէջ նշեց, որ ետ քա­շուե­լու նշան մը չեն տես­ներ։ «Մենք առա­ջին օրէն ի վեր կը փա­փաքինք նա­հատակ­նե­րու կամ գե­րի առ­նո­ւած զի­նուոր­նե­րու փո­խանա­կու­մը։ Հա­յաս­տանն էր, որ կը մեր­ժէր մեր այդ փա­փաքը։ Կը յու­սամ որ Հա­յաս­տան կի­րար­կէ զի­նադա­դարը։ Մեր բա­նակի այս գի­շերո­ւայ յաղ­թա­նակը զի­րենք պի­տի պար­տադրեն զի­նադա­դարի հնա­զան­դման»։

Եթէ Ալիեւի ակ­նարկա­ծը դէ­պի Հադ­րութ թա­փան­ցել ջա­նացող միաւո­րումներն են, Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նական իշ­խա­նու­թիւննե­րը յայտնե­ցին թէ հա­կարա­կոր­դի այդ բոր­ձը ի սպառ եղած է ի գին բազ­մա­թիւ Ատրպէյ­ճանցի զի­նուո­րի մահուան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ