Թրքական զէնքի մեծագոյն գնորդն է Ատրպէյճան

Թուրքիա զէն­քի վա­ճառ­քի շու­կա­յին մէջ ամե­նաշատ վա­ճառ­քը կա­տարեց Ատրպէյ­ճա­նին։ «Անա­տոլու Աժանս» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան «Թուրքիոյ Ար­տա­ծող­նե­րու Խոր­հուրդ»ի տո­ւեալ­նե­րով պատ­րաստոած տե­ղեկու­թեան հա­մաձայն Դեկ­տեմբեր ամ­սու ար­տա­ծու­մը կ՚ազ­մած է 16 մի­լիար 13 միլիոն ԱՄՆ տո­լար։ Ան կը գե­րազան­ցէ նա­խորդ տա­րուայ նոյն ամ­սուն հետ հա­մեմա­տելով 4,8 եւ Օգոս­տոս ամ­սու հետ հա­մեմա­տելով ալ 28,5 աճ։ Այս ամ­բողջի մէջ զի­նանիւ­թե­րը ան­ցեալ տա­րուայ նոյն շեր­տին հա­մաձայն 80 տո­կոսով, Օգոս­տոս ամ­սուն բաղ­դատմամբ ալ 58,7 տո­կոսով բարձրա­ցած եւ հա­սած է 281 մի­լիոն 582 հա­զար ԱՄՆ տո­լարի։

Զէն­քի շու­կան Սեպ­տեմբեր ամ­սու մէջ ամե­նամեծ ար­տա­ծախ­սը իրա­կանա­ցած է Ատրպէյ­ճա­նի հետ։ Այդ արեւ­տուրը կ՚ար­ժէ 77 մի­լիոն 167 հա­զար ԱՄՆ տո­լար։

Ար­ցա­խի պաշտպա­նու­թեան բա­նակի յայ­տա­րարու­թեամբ կը նշո­ւի,թէ սոյն տա­րուայ 27 Սեպ­տեմբե­րին սկսած Ատրպէյ­ճա­նական զի­նեալ յար­ձա­կու­մի ըն­թացքին օգ­տա­գոր­ծո­ւած են Թուրքիոյ ար­տադրու­թիւն բազ­մա­թիւ անօ­դաչու թռչող սար­քեր (ԱԹՍ)։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ