Պատերազմը հետզհետէ աւելի կործանիչ

10Հոկ­­տեմբե­­րի առա­­ւօտեան առա­­ջին ժա­­մերուն ՌԴ Ար­­տա­­­գին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Սեր­­կէյ Լաւ­­րով իր հայ եւ ատրպէյ­­ճանցի պաշ­­տօ­­­նակից­­նե­­­րուն հետ կա­­տարած եր­­կար քննար­­կումնե­­րէ ետք յայ­­տա­­­րարած էր մար­­դա­­­սիրա­­րական բնոյ­­թով զի­­նադա­­դարի մը հռչա­­կու­­մը։ Պայ­­մա­­­նաւո­­րուա­­ծու­­թեան հա­­մաձայն զի­­նադա­­դարի ըն­­թացքին կող­­մե­­­րը ռազ­­մա­­­դաշ­­տին ին­­կած զի­­նուոր­­նե­­­րու մար­­միննե­­րը պի­­տի կրնա­­յին փո­­խադ­­րել եւ պի­­տի կա­­յանար գե­­րինե­­րու փո­­խանա­­կում։ Սա­­կայն զի­­նադա­­դարը գրե­­թէ եր­­բեք չգոր­­ծադրո­­ւեցաւ փո­­խադարձ հրթի­­ռակո­­ծումնե­­րու հե­­տեւան­­քով։

Այս մա­­սին կող­­մե­­­րը իրար մե­­ղադ­­րե­­­ցին զի­­նադա­­դարը ոտ­­նա­­­կոխե­­լու նիւ­­թով։ Այդ օրէն ի վեր թէժ կռիւ­­ներ կը շա­­րու­­նա­­­կուին Ղա­­րաբա­­ղի ամ­­բողջ սահ­­մա­­­նագ­­ծին վրայ։ Ատրպէյ­­ճան այս պա­­հուն նոր ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն մը կը մշա­­կէ, ըստ որու եր­­կա­­­րատեւ հրթի­­ռակո­­ծումնե­­րէ ետք լաւ մար­­զո­­­ւած խումբեր կը փոր­­ձեն թա­­փան­­ցել շփման գծէն ներս։ Սա­­կայն հայ­­կա­­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը կը յայտնեն թէ ընդհան­­րա­­­պէս ապար­­դիւն կըմ­­նան այդ փոր­­ձե­­­րը եւ թշնա­­մին ետ կը շպրտո­­ւի ահռե­­­լի թի­­ւով զո­­հեր թո­­ղելով իր ետին։ Ինչպէս ծա­­նօթ է Ատրպէյ­­ճան եր­­բեք չի յայ­­տա­­­րարեր սպան­­նո­­­ւած զի­­նուոր­­նե­­­րու թի­­ւը։ Այդ թի­­ւի մա­­սին Ար­­ցա­­­խի պաշտպա­­նու­­թեան բա­­նակը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ աւե­­լի քան 5 հա­­զար ատրպէյ­­ճանցի զի­­նուրնե­­րու մա­­հանա­­լը։

Ան­­դին Պաշտպա­­նու­­թեան բա­­նակը կը հրա­­պարա­­կէ նաեւ թշնա­­միի կորսնցու­­ցած ռազ­­մա­­­կան սար­­քե­­­րու մա­­սին ալ բա­­ւակա­­նին տե­­ղեկու­­թիւն։ Ըստ որու ոչնչա­­ցուած են աւե­­լի քան 180 անօ­­դաչու թռչող սարք։ Նաեւ մեծ թի­­ւով ՍՈՒ25 կոր­­ծա­­­նիչ ինքնա­­թիռ­­ներ, ու­­ղա­­­թիռ­­ներ եւ հրա­­սայ­­լեր։ Այս բո­­լորի փո­­խարէն հայ­­կա­­­կան կող­­մը պաշ­­տօ­­­նապէս յայ­­տա­­­րարե­­լով հան­­դերձ նա­­հատա­­կուած զի­­նուոր­­նե­­­րու թի­­ւը պաշ­­տօ­­­նական տե­­ղեկու­­թիւն չի փո­­խան­­ցեր իր կորսնցու­­ցած զէն­­քե­­­րու մա­­սին։ 14 Հոկ­­տեմբե­­րի դրու­­թեամբ Պա­­շիպա­­նու­­թեան Բա­­նակը հրա­­պարա­­կեց նա­­հատա­­կուած եւս 17 զի­­նուոր­­նե­­­րու լու­­րը։

Թրքա­­կան մա­­մու­­լի մէջ հետզհե­­տէ կը խօ­­սուի ռազ­­մա­­­դաշ­­տի վրայ Ատրպէյ­­ճա­­­նական յար­­ձա­­­կումնե­­րուն ապար­­դիւն մնա­­լուն մա­­սին։ Թուրքիացի դէ­­տեր բաղ­­դա­­­տելով եր­­կու եր­­կիրնե­­րու մարդկա­­յին եւ զէն­­քի հա­­շիւ­­նե­­­րը կը յայտնեն թէ Ատրպէյ­­ճան կը գե­­րազան­­ցէ Ար­­ցա­­­խի Պաշտպա­­նու­­թեան բա­­նակը, բայց չի յա­­ջողիր հա­­մապա­­տաս­­խան ար­­դիւնք քա­­ղելու։ Այս երե­­ւոյ­­թը կը բա­­ցատ­­րուի յար­­ձա­­­կող կող­­մի պաշտպա­­նու­­թիւն ցու­­ցադրող­­նե­­­րու նկատ­­մամբ շատ աւե­­լի վտան­­գո­­­ւած ըլ­­լա­­­լու երե­­ւոյ­­թով։ Նոյ­­նիսկ կարգ մը դի­­տորդներ կը փա­­ռաբա­­նէն հայ­­կա­­­կան խրա­­մատ­­նե­­­րու ամ­­րութիւ­­նը։ «Դժո­­ւար է ամողջ սահ­­մա­­­նագ­­ծի եր­­կայնքով կա­­ռու­­ցո­­­ւած հայ­­կա­­­կան խրա­­մատ­­նե­­­րէն դէ­­պի ներս թա­­փան­­ցել» կ՚ըսեն վեր­­լուծա­­բան­­նե­­­րը։ Ի դէմ այս հաս­­տա­­­տումնե­­րուն Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Նա­­խագահ Արա­­յիկ Յա­­րու­­թիւննեան չի բա­­ցառեր կարգ մը դիր­­քե­­­րու մէջ թշնա­­միի յա­­ռաջ­­խա­­­ղացու­­մը։ 14 Հոկ­­տեմբե­­րի իր ելոյ­­թին մէջ Արա­­յիկ Յա­­րու­­թիւնեան շեշ­­տեց պա­­տերազ­­մի օր­­հա­­­սական ըլ­­լա­­­լու երե­­ւոյ­­թը եւ յայտնեց թէ Թուրքիոյ մաս­­նակցու­­թեամբ խնդի­­րը գե­­րազան­­ցած է Ար­­ցա­­­խի պաշտպա­­նու­­թեան սահ­­մա­­­նու­­մը եւ ուղղո­­ւած է ամ­­բողջ հա­­յու­­թեան։ «Սպառ­­նա­­­լիքը թի­­րախա­­ւորած է Ար­­ցա­­­խը։ Եթէ այդ ճա­­կատի մէջ յա­­ջողին պի­­տի վտան­­գո­­­ւի նաեւ Հա­­յաս­­տա­­­նը եւ ապա ամ­­բողջ հա­­րաւա­­յին Կով­­կա­­­սը» ըսած է Արա­­յիկ Յա­­րու­­թիւնեան։

Ար­­ցա­­­խի նա­­խագա­­հը շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­լով հան­­դերձ սփիւռքի նիւ­­թա­­­կան օժան­­դա­­­կու­­թեան հա­­մար, նշեց որ սա ան­­բա­­­ւարար է եւ կա­­րիքը ու­­նին ֆի­­զիքա­­կան մաս­­նակցու­­թեան։

Նոյնպէս ՀՀ Վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան ալ Չո­­րեք­­շաբթի ցե­­րեկո­­ւան ժա­­մերուն կա­­տարած ելոյ­­թով նշեց պա­­տերազ­­մի սար­­սա­­­փելի պատ­­կերնե­­րը եւ խո­­նար­­հե­­­ցաւ նա­­հատա­­կուած զի­­նուոր­­նե­­­րու յի­­շատա­­կին, սգակ­­ցե­­­ցաւ անոնց ծնող­­նե­­­րուն։

Միւս կող­­մէ քա­­ղաք­­նե­­­րու խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­ներն ալ կո­­րուստներ կ՚ու­­նե­­­նան հրթի­­ձակո­­ծու­­թիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով։ Ատրպէյ­­ճան ընդհան­­րա­­­պէս ահա­­զանգ կը հնչեց­­նէ Գան­­ձակ (Կեն­­ճէ) եւ Տէր­­տէ­­­րի ռմբա­­կոծումնե­­րու մա­­սին։ Իսկ Ար­­ցա­­­խի Պաշտպա­­նու­­թեան Բա­­նակը կը յայտնէ թէ դէ­­պի Գան­­ձակ ռմբա­­կոծումնե­­րը կը նպա­­տակադ­­րեն այդ քա­­ղաքի զի­­նուո­­րական օդա­­կայա­­նը ան­­գործու­­նակ դարձնե­­լու։ ԱԹՍ եւ ՍՈՒ25-ներ ընդհան­­րա­­­պէս կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծեն Գան­­ձա­­­կի զի­­նու­­րա­­­կան օդա­­կայա­­նը։

Հայ­­կա­­­կան կողմն ալ կը նշէ Ստե­­փանա­­կեր­­տի, Հադ­­րութի եւ Մար­­տունիի ուղղեալ հրթի­ռակոծումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ