Հրթիռակոծուած է Ստեփանակերտի ծննատունը

Ատրպէյ­ճա­նական զի­նուած ու­ժե­րը Հոկ­տեմբե­րի 28-ին աւե­լի քան 15 ան­գամ հա­րուա­ծած են Ստե­փանա­կերտ եւ Շու­շիի տար­բեր հա­տուած­նե­րու ուղղու­թեամբ։ Սոյն յար­ձա­կումնե­րու ըն­թացքին դի­տաւո­րեալ թի­րախա­ւորո­ւած են Մօր եւ Ման­կան Առող­ջութեան կեդ­րո­նը ու բնա­կելի շէն­քեր։ Շու­շիի մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած է մէկ քա­ղաքա­ցիական զոհ եւ եր­կու վի­րաւոր։ Ստե­փանա­կերտ մարդկա­յին կո­րուստնե­րու մա­սին ստոյգ տե­ղեկու­թիւննե­րը կը բա­ցակա­յին այս պա­հուն։ Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նը կ՚ար­ձա­նագ­րէ թէ Ատրպէյ­ճա­նական զի­նուած ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն դի­տաւո­րեալ պա­տերազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րը քա­ղաքա­ցիական խա­ղաղ բնակ­չութեան դէմ։ «Այս նոր յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րը հե­տեւանքն են նա­խորդ յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու հան­դէպ Մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան թող­տո­ւու­թեան։ Հե­տեւա­բար այս յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու հա­մար պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն կը կռէ ինչպէս Ատրպէյ­ճանկ, այնպէս ալ մի­ջազ­գա­յին հան­րութիւ­նը» ըսուած է օմ­պուսմա­նի գրա­սենեակի հա­ղորդման մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ