Հայ ռազմագերիներու հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքի դէպքերը

Արցա­խի Հան­րա­պետու­թեան Մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նի աշ­խա­տակազ­մը պատ­րաստած է երկրորդ փակ զե­կոյ­ցը ատրպէյ­ճա­նական զի­նուած ու­ժե­րու կող­մէ հայ ռազ­մա­գերի­ներու եւ դիակ­նե­րու հան­դէպ ան­մարդկա­յին վե­րաբեր­մունքի դէպ­քե­րու վե­րաբե­րեալ եւ ու­ղարկած է բազ­մա­թիւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյցնե­րու։

Երկրորդ զե­կոյ­ցին զե­տեղո­ւած են Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւննե­րու Մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րու աշ­խա­տակազ­մե­րու կող­մէ Հոկ­տեմբե­րի 16-25-ին ար­ձա­նագ­րոած փաս­տե­րը հայ ռազ­մա­գերի­ներու եւ դիակ­նե­րու նկատ­մամբ ատրպէյ­ճա­նական զի­նուած ու­ժե­րու կող­մէ կա­տարո­ւած տար­բեր բնոյ­թի իրա­ւախախ­տումնե­րու վե­րաբե­րեալ։ Փաս­տե­րու վեր­լուծու­թիւնը ցոյց կու տայ, որ ատրպէյ­ճա­նական զի­նուած ու­ժե­րու մօտ տա­րածո­ւած ու խրա­խու­սո­ւող վար­քա­գիծ է հայ զին­ծա­ռայող­նե­րու մար­միննե­րու ու ռազ­մա­գերի­ներու նկատ­մամբ ան­մարդկա­յին վե­րաբեր­մունքը եւ անոր դրսե­ւորումնե­րու հրա­պարա­կայ­նա­ցու­մը։ Այդ վար­քա­գիծը մե­ծապէս կը սե­րի ատրպէյ­ճա­նում եր­կար տա­րիներ պե­տական մա­կար­դա­կով վա­րուող հա­յատեացու­թեան քա­ղաքա­կանու­թե­նէն։

Հա­շուի առ­նե­լով, որ այդպի­սի դէպ­քե­րու մա­սին վկա­յող ապա­ցոյցնե­րը աւե­լի քան բա­ւարար են, որոնց մի մա­սը հրա­պարա­կուած է նաեւ մի­ջազ­գա­յին հե­ղինա­կաւոր լրա­տուա­միջոց­նե­րու ու կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կող­մէ, ինչպէս նաեւ այդ կոպ­տա­գոյն իրա­ւախախ­տումնե­րու շա­րու­նա­կական ու հա­մակար­գա­յին բնոյ­թը՝ Մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպանն կ՚ընդգծէ մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան պար­տա­ւորու­թիւնը պատ­շա­ճօրէն ար­ձա­գան­գե­լու նման դէպ­քե­րուն եւ իր ու­նե­ցած գործնա­կան լծակ­նե­րով կան­խարգե­լելու հե­տագայ հնա­րաւոր ոճ­րա­գոր­ծութիւնները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ