«Մեր ոգին անկոտրուն է, մեր կամքը անսասան»

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 27 Հոկտեմբերին ուղերձով դիմեց ժողովուրդին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք որոշ յապաւումովով ու դասական ուղղագրութեամբ։

«Սիրելի ժո­­ղովուրդ,

Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան հպարտ քա­­ղաքա­­ցիներ,

Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան հպարտ քա­­ղաքա­­ցիներ, սփիւռքի հպարտ հա­­յու­­թիւն.

Եղ­­բայրներ , քոյ­­րեր.

Ար­­դէն մէկ ամիս է, ինչ թուրք-ատրպէյ­­ճան ահա­­բեկ­­չա­­­կան ու­­ժե­­­րը պա­­տերազմ մղած են Ար­­ցա­­­խի հա­­յու­­թեան դէմ։

Ար­­ցա­­­խի բա­­նակի, քա­­ղաքա­­ցիական բնակ­­չութեան վրայ այս ըն­­թացքին թա­­փած են հա­­զարա­­ւոր ար­­կեր, հրթիռ­­ներ, բաց թող­­նո­­­ւած են հա­­զարա­­ւոր անօ­­դաչու թռչող սար­­քեր։

Հա­­կառա­­կոր­­դը յար­­ձա­­­կուած է տան­­կե­­­րով, ինքնա­­թիռ­­նե­­­րով, ուղղա­­թիռ­­նե­­­րով, ատրպէյ­­ճանցի­­ներով, ահա­­բեկիչ­­նե­­­րով, վարձկան­­նե­­­րով, թուրք ու փա­­քիս­­տանցի յա­­տուկ ջո­­կատա­­յին­­նե­­­րով։

Մէկ ամիս առաջ՝ անոնք Ար­­ցա­­­խը արագ նո­­ւաճե­­լու, Ար­­ցա­­­խը կոր­­ծա­­­նելու, ծնկի բե­­րելու խնդիր դրած էին իրենց առաջ։

Բայց այ­­սօր Ար­­ցա­­­խը թէ­­կուզ վի­­րաւոր, սա­­կայն, կան­­գուն է եւ այս ամէ­­նը առա­­ջին հեր­­թին մեր հե­­րոսա­­կան բա­­նակի, մեր հե­­րոսա­­կան ժո­­ղովուրդի, մեր հե­­րոսա­­կան մար­­դու շնոր­­հիւ։

Այս դա­­ժան, բայց հե­­րոսա­­կան ըն­­թացքը մեզ վստա­­հու­­թիւն կու տայ. Ար­­ցա­­­խը կան­­գուն է մնա­­լու, որով­­հե­­­տեւ մեր ոգին ան­­կոտրուն է, մեր կամ­­քը ան­­սա­­­սան։

Պա­­տերազ­­մը մտած է մի փուլ, երբ անոր շա­­րու­­նա­­­կու­­թեան ամէն վայրկեանը տե­­ղապ­­տոյտի մէջ գցած է ամէն ան­­գամ հրա­­դադա­­րը ուխտադ­­րուժ կեր­­պով խախ­­տող հա­­կառա­­կոր­­դին, փլու­­զե­­­լով անոր ու­­նե­­­ցած երա­­զանքնե­­րը։

Ատրպէյ­­ճա­­­նի ռազ­­մա­­­քաղա­­քական ղե­­կավա­­րու­­թիւնը այնքան յաղ­­թա­­­կան լու­­րե­­­րով սնած է սե­­փական հան­­րութեանը, որ անոնք ար­­դէն եր­­կար ժա­­մանակ ամէն օր, ամէն րո­­պէ, ամէն վայրկեան կը սպա­­սեն Ար­­ցա­­­խի անկման, իրենց վերջնա­­կան եւ անշրջե­­լի յաղ­­թա­­­նակի մա­­սին լու­­րին։

Ատրպէյ­­ճա­­­նի հան­­րութիւ­­նը, սա­­կայն, այդ լու­­րը չի ստա­­նալու եւ այս լու­­րի ան­­վերջ սպա­­սումն է, որ քան­­դե­­­լու է Ար­­ցա­­­խը նո­­ւաճե­­լու ատրպէյ­­ճա­­­նական ծրա­­գիր­­նե­­­րը։

Ար­­ցա­­­խի ժո­­ղովուրդը, հայ ժո­­ղովուրդը, ամ­­բողջ հա­­յու­­թիւնը կը կռո­­ւի անմնա­­ցորդ, ամէն ծա­­ռի, ամէն քա­­րի, ամէն սան­­թի­­­մեթ­­րի եւ ամէն մի­­լիմեթ­­րի հա­­մար եւ անհրա­­ժեշտ պա­­հին ճշգրիտ հաս­­ցո­­­ւած հա­­կահա­­րուա­­ծը հա­­կառա­­կոր­­դի հա­­մար կոր­­ծա­­­նարար փլուզման էֆեկտ կ՚ու­­նե­­­նայ։

Հէնց այս պա­­հը հա­­սունցո­­ւած է Ար­­ցա­­­խի պաշտպա­­նու­­թեան բա­­նակի խնդի­­րը եւ մենք պէտք է ամէն ին­­չով աջակ­­ցենք, թեւ ու թի­­կունք ըլ­­լա­­­լը Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեանը, Պաշտպա­­նու­­թեան բա­­նակին։

Մեր հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րը ան­­սահմա­­նափակ չեն, բայց Ար­­ցա­­­խի պաշտպա­­նու­­թեան բա­­նակը ու­­նի բա­­ւարար չա­­փով զէնք եւ նե­­րուժ՝ իր առաջ դրո­­ւած խնդիր­­նե­­­րը լու­­ծե­­­լու հա­­մար։ Այո, մենք աշ­­խարհի էջ ու­­նինք բազ­­մա­­­թիւ թշնա­­միներ, բայց ու­­նենք նաեւ բա­­րեկամ­­ներ, որոնք դժո­­ւար պա­­հին կը կանգնին, կանգնած են եւ կը կանգնեն մեր կող­­քին։ Շնոր­­հա­­­կալ հայ ժո­­ղովուրդը այդ վե­­րաբեր­­մունքը եր­­բեք չի մոռ­­նար։ Եր­­բեք չի մոռ­­նար։

Եւ առա­­ւելեւս այս են­­թա­­­գետ­­նին մեզ կը մնայ ամ­­րացնել մեր կամ­­քը, մէկ­­տե­­­ղել մեր կամ­­քը, սնել մեր վճռա­­կանու­­թիւնը ու նո­­ւիրու­­մը, առար­­կա­­­յաց­­նել մեր որո­­շու­­մը՝ պաշտպա­­նելու մեր ժո­­ղովրդի, Ար­­ցա­­­խի հա­­յու­­թեան ինքնո­­րոշ­­ման իրա­­ւունքը։

Այս պա­­տերազ­­մը մեզ­­մէ իւ­­րա­­­քան­­չիւրի հա­­մար պի­­տի դառ­­նայ բա­­ցար­­ձակ ու ան­­փո­­­խարի­­նելի առաջ­­նա­­­հեր­­թութիւն ու մենք կը յաղ­­թենք։

Այս պա­­տերազ­­մի ըն­­թացքին էապէս փո­­խուած է ղա­­րաբա­­ղեան հա­­կամար­­տութեան ըն­­կա­­­լու­­մը աշ­­խարհի մէջ։ Մի­­ջազ­­գա­­­յին գլխա­­ւոր դե­­րակա­­տար­­նե­­­րը այժմ կ՚ըն­­դունին, բաց կը յայ­­տա­­­րարեն, որ Ատրպէյ­­ճան ու Թուրքիան են ակ­­րե­­­սիֆ կող­­մը։ Ահա­­բեկիչ­­նե­­­րի եւ վարձկան­­նե­­­րու՝ Ատրպէյ­­ճա­­­նի կող­­մէն կռո­­ւիլը ար­­դէն հաս­­տա­­­տուած փաստ է աշ­­խարհին։

Սա հնա­­րաւոր դար­­ձած է, այդ թի­­ւին, մեր ճիշդ դի­­ւանա­­գիտա­­կան աշ­­խա­­­տան­­քի, հրա­­պարա­­կային կա­­ռու­­ցո­­­ղական շեշ­­տադրումնե­­րու ար­­դիւնքին։ Անոնք ի ցոյց կը դնեն, որ Ատրպէյ­­ճա­­­նը ինչպէս առաջ, այնպէս ալ հի­­մա, պատ­­րաստ չէ փոխ­­զի­­­ջումնե­­րու, իսկ այս փաս­­տը մի­­ջազ­­գայնօ­­րէն կը լե­­գիտի­­մաց­­նէ մին­­չեւ վերջ պայ­­քա­­­րելու, յաղ­­թա­­­նակ­­ներ կեր­­տե­­­լու եւ յաղ­­թա­­­նակ­­նե­­­րը վա­­յելե­­լու հայ ժո­­ղովրդի իրա­­ւունքը։

Եկէք պայ­­մա­­­նաւո­­րուենք, որ մենք չենք վախ­­նար ոչին­­չէն։ Թոյլ չենք տար ներ­­քին եւ ար­­տա­­­քին որե­­ւէ ու­­ժի կաս­­կած սեր­­մա­­­նել ազատ եւ եր­­ջա­­­նիկ մեր ապա­­գայի նկատ­­մամբ։ Մենք չենք վհա­­տուե­­լու նոյնիսկ մեր սխալ­­նե­­­րէն, վրի­­պումնե­­րէն, ան­­յա­­­ջողու­­թիւննե­­րէն։

Այս ամէ­­նը չի փո­­խեր վե­­րը շա­­րադ­­րուած մեր ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը, որով­­հե­­­տեւ՝

Մենք պար­­տո­­­ւել ենք, պար­­տո­­­ւել ենք քա­­նիցս,

Եւ տե­­սել քմծի­­ծաղը ստի,

Բայց մեր կամ­­քը ամուր է քա­­րէն ալ,

Մեր ոգին յանձնո­­ւիլ չգի­­տեր։

Եւ ու­­րեմն՝ դուն յաղ­­թող ես հայ ժո­ղովուրդ։ Գնա՛ եւ վերցրու քու յաղ­­թա­­­նակը, կանգնէ եւ կեր­­տէ քու յաղ­­թա­­­նակը։ Եւ վստահ եղիր, քու ընտրած կա­­ռավա­­րու­­թիւնը ոչ մի րո­­պէ ոչ մի վայրկեան չի շե­­ղուել եւ չի շե­­ղուե­­լու այս յաղ­­թա­­­նակի ճա­­նապար­­հը քեզ ցոյց կու տայ իր գործէն ու պար­­տա­­­կանու­­թե­­­նէն։

Եւ ու­­րեմն,

Կեց­­ցէ՜ Ազա­­տու­­թիւնը,

Կեց­­ցէ՜ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը,

Կեց­­ցէ՜ Ար­­ցա­­­խի հան­­րա­­­պետու­­թիւնը,

Կեց­­ցէ՜ հա­­յոց բա­­նակը

Եւ կեց­­ցէե՜ն մեր երա­­խանե­­րը, որ ապ­­րե­­­լու են ազատ եւ եր­­ջա­­­նիկ Հա­­յաս­­տան, ազատ եւ եր­­ջա­­­նիկ Ար­­ցախ։ Շնոր­­հա­­­կալ եմ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ