Հարցումներու Աշխարհ

ՆԱՐՕՏ ՔԸՅՄԱԶ

Մարդիկ դա­­րեր շա­­րու­­նակ հար­­ցումներ կը հարցնեն։ Մար­­դոց խօ­­սակ­­ցութիւննե­­րուն մեծ մա­­սը կը շա­­րու­­նա­­­կուի հար­­ցումնե­­րու վրա­­յէն։ Հար­­ցումներն են որ մե­­զի զար­­գա­­­նալու, յա­­ռաջա­­նալու դռնե­­րը կը բա­­նան։ Քա­­նի հար­­ցում կը հարցնենք այնքան նոր գի­­տելիք­­ներ սոր­­վե­­­լու, աւե­­լի ման­­րա­­­մասն եւ քննա­­դատա­­կան խոր­­հե­­­լու կը սկսինք։ Հար­­կաւ միշտ նոյն հար­­ցումնե­­րը չէ որ կը հար­­ցո­­­ւի։ Օրի­­նակ՝ գրա­­կանու­­թեան աշ­­խարհը ընդհան­­րա­­­պէս կը գոր­­ծա­­­ծէ «ո՞վ», «ե՞րբ», «ինչպէ՞ս», «որո՞ւ հետ», «ո՞ւր»ի նման հարցման բա­­ռերը։ Այս հար­­ցումնե­­րով է որ գրա­­կան ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւն մը աւե­­լի լաւ կրնանք հասկնալ եւ կամ տար­­բեր գա­­ղափար­­նե­­­րու հետ դէմ դի­­մաց գա­­լով տար­­բեր մտա­­ծելա­­կեր­­պեր կրնանք ըմբռնել։ Օրա­­կան լու­­րե­­­րուն հե­­տեւած ատեն ալ նման հար­­ցումնե­­րուն հետ դէմ դի­­մաց կու գանք։ Գի­­տու­­թեան աշ­­խարն ալ ու­­նի իրեն յա­­տուկ հարցման բա­­ռեր։ Ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու կամ գի­­տական փոր­­ձե­­­րու ըն­­թացքին աւե­­լի շատ կը գոր­­ծա­­­ծեն «Քա­նի՞աս­տի­ճան», «Քա­նի՞ վայրկեան»ի նման հարցման բա­ռեր որ­պէսզի սկսին աւե­լի ման­րա­մասն խոր­հե­լու, աշ­խա­տելու հարցման պա­տաս­խա­նը գտնե­լու եւ ու­սումնա­սիրու­թիւնը շա­րու­նա­կելու հա­մար։ Իսկ եթէ խոր­հիմ հայ աշ­խարհը մտքիս մէջ կը պատ­կե­րաց­նեմ եր­կու հարցման բա­ռեր «ո՞ւր» եւ «ե՞րբ»։ Եթէ հարցնէք թէ ին­չո՞ւ այս եր­կու հարցման բա­ռերը կու գան միտքդ, ահա­ւասիկ պա­տաս­խա­նը։ Մենք դա­րեր շա­րու­նակ հար­ցուցած բայց չենք կրցած գտնել հե­տեւեալ հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նը՝ «Ո՞ւր էիր Աս­տո­ւած» եւ «Ե՞րբ պի­տի վեր­ջա­նայ մեր չար­չա­րանքնե­րը», «Ե՞րբ պի­տի վեր­ջա­նայ մե­զի հան­դէպ ցոյց տրո­ւած ատե­լու­թեան վար­մունքնե­րը, բար­կութիւ­նը»։

«Ո՞ւր էիր Աս­տո­ւած» հար­ցումը մեր ազ­գին ապ­րած եւ դեռ ու­սե­րուն վրայ կրած սեւ օրե­րէն սկսեալ կը հար­ցո­ւի։ Կամ պատ­մութիւ­նը ինք կը կրկնէ կամ ալ մենք գո­հացու­ցիչ պա­տաս­խան մը չենք կրցած գտնել։ Այս հար­ցումը այնքան խո­րունկ տեղ մը կը գրա­ւէ մեր սիր­տե­րուն մէջ որ այս հարցման շուրջ բա­նաս­տեղծու­թիւններ գրո­ւած, եր­գեր եղա­նակա­ւորո­ւած են։ Ինչպէս գրած է Ար­թիւր Մես­չեան՝

«Ո՞ւր էիր Աս­տո­ւած երբ խեն­թա­ցաւ լքո­ւած մի ողջ ժո­ղովուրդ,

Ո՞ւր էիր Աս­տո­ւած երբ աղեր­սանքը մեր մա­րեց ան­հա­ղորդ

Ո՞ւր էիր Աս­տո­ւած երբ աւե­րում էին չքնաղ մի եր­կիր

Ո՞ւր էիր Աս­տո­ւած երբ խեն­թա­ցած ցա­ւից աղա­չում էինք ամէն»

Իսկ երկրորդ հար­ցումը «երբ»ն ալ նման «ուր» հար­ցումին տա­րիներ շա­րու­նակ հար­ցուցած բայց պա­տաս­խան մը չենք կրցած գտնել։ «Ե՞րբ պի­տի վեր­ջա­նայ պա­տերազ­մը», «Ե՞րբ Հա­յը խա­ղաղ, հան­գիստ շունչ մը պի­տի առ­նէ ատե­լու­թե­նէ, սպառ­նա­լիք­նե­րէ հե­ռու», «Ե՞րբ պի­տի կա­րենանք ապ­րիլ հաշ­տօ­րէն», «Ե՞րբ մարդկու­թիւնը պի­տի սոր­վի թէ 21-րդ դա­րուն պա­տերազ­մը լու­ծում մը չի կրնար գտնել հար­ցե­րուն»։

Ես ալ քա­նի ան­գամներ տար­բեր տար­բեր դէպ­քե­րու հե­տեւան­քով հար­ցուցի այս հար­ցումնե­րը բայց դժբախ­տա­բար պա­տաս­խան մը չկրցայ գտնել։ Այս օրե­րուն ալ նո­րէն օրա­կար­գի նիւ­թե­րու, դի­տած եւ կար­դա­ցած լու­րե­րուս պատ­ճա­ռաւ մտքիս մէջ ալ աւե­լի տեղ գրա­ւելու սկսաւ այս հար­ցումնե­րը։ Տե­սած­ներս, լսած­ներս այնքան ազ­դե­ցու­ցիչ են որ ատեն ատեն կը կար­ծեմ թէ պի­տի խեղ­դո­ւիմ։ Յե­տոյ պահ մը կու գայ կ՚ու­զեմ բո­լորին ինքզինքս, իմ ժո­ղովուրդս պատ­մել բայց այս պա­հը կարճ կը տե­ւէ որով­հե­տեւ դժբախ­տա­բար գի­տեմ թէ որ­քան ալ պատ­մեմ, պատ­մե­լու ջա­նամ դի­մացինս ինչպէս որ տես­նալ կ՚ու­զէ այդպէս տես­նե­լու եւ վա­րուե­լու պի­տի շա­րու­նա­կէ։ Յե­տոյ կը հրաժարիմ եւ այսպէս կը շա­րու­նա­կէ այս անել շրջա­գիծը եւ նո­րէն մտքիս մէ­ջը կը լե­նայ «երբ» հարցման բա­ռով սկսող զա­նազան հար­ցումնե­ր։

Յու­սամ բախ­տը կ՚ու­նե­նանք այս հար­ցումին վերջնա­կան պա­տաս­խա­նը գտնե­լու։ Քա­նի չգտնենք այդքան պի­տի խեղ­դո­ւինք այդ ան­պա­տաս­խան հար­ցումնե­րու ծան­րութեան տակ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ