Այս անգամ աւերուողը Զմիւռնիան է

Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցինե­րու հա­մար երկրա­շար­ժը անակնկալ մը չէ եր­բեք, քա­նի որ Թուրքիա կը գտնո­ւի ստո­րերկրեայ շար­ժուն խա­ւերու վե­րեւ։ Ար­դա­րեւ վեր­ջին երկրա­շար­ժը տե­ղի ու­նե­ցաւ Եգէական ծո­վու յա­տակը, որ­մէ լրջօ­րէն ազ­դո­ւեցաւ Զմիւռնիոյ կարգ մը թա­ղամա­սերը։ Փուլ եկան բարձրա­յարկ շէն­քեր, որոնց փլա­տակ­նե­րուն տակ զո­հուե­ցան 114 քա­ղաքա­ցիներ։ Մաս­նա­գէտ­նե­րու հաս­տա­տու­մով շէն­քե­րու փլուզման գլխա­ւոր ազ­դակն էր նախ անո­րակ շի­նանիւ­թը եւ ապա մուտքի յար­կե­րը խա­նու­թի վե­րածե­լու հա­մար կարգ մը սիւ­նե­րուն վե­րացու­մը։ Պոր­նո­վա եւ Պայ­րաքլը թա­ղերու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած աւե­րը պատ­ճառ եղաւ նաեւ հրաշ­քի հա­մազօր երե­ւոյթնե­րու յայտնու­թեան։ Երկրա­շար­ժին յա­ջոր­դող հին­գե­րորդ օրն իսկ կեն­դա­նի կեան­քեր փրկո­ւեցան շնոր­հիւ գեր­մարդկա­յին ջան­քով աշ­խա­տող փրկա­րար ջո­կատ­նե­րու։ Երկրա­շար­ժը եթէ ըն­կե­րային գետ­նի վրայ պար­զեց զօ­րակ­ցութեան խիստ տպա­ւորիչ երե­ւոյթներ, քա­ղաքա­կան դաշ­տի վրայ ալ ան­գամ մը եւս օրա­կար­գի բե­րաւ իշ­խա­նու­թիւննե­րու ան­փութու­թիւնը։ Պար­զո­ւեցաւ որ այդ շի­նու­թիւննե­րը օգ­տուած են կա­լուած­նե­րու ան­կարգու­թիւնը նե­րելու հա­մար տրա­մադ­րո­ւած առիթ­նե­րէն։ Ընդդի­մու­թիւնը ան­գամ մը եւս կը յի­շեց­նէ 1999-ի Մար­մա­րայի աղէ­տէն ետք հաս­տա­տուած երկրա­շար­ժի տուրքի որ եղա­նակ­նե­րով գոր­ծա­ծուե­լուն մա­սին։ Վար­կածնե­րու հա­մաձայն այդ տուրքով գան­ձո­ւած գու­մա­րը կը հաշ­ւո­ւի։ 37 եւ 64 մի­լիառի մի­ջեւ։ Ան­ցեալին այս ուղղու­թեամբ կա­տարո­ւած հար­ցումնե­րուն Նա­խագահ Էր­տո­ղան պա­տաս­խա­նած էր. «Ուր որ պէտք է հոն գոր­ծա­ծուած է, ես ժա­մանակ չու­նիմ այս հար­ցումնե­րը պա­տաս­խա­նելու հա­մար» ըսե­լով։ Սա­կայն ընդդի­մադիր­նե­րը կը յա­մառին նոյն հար­ցումով եւ կը պա­հան­ջեն, թէ այս գու­մա­րը տրա­մադ­րո­ւի խար­խուլ շէն­քե­րու վե­րակա­ռուցման համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ